Նախընտրական արշաւը ծեծով

(ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ԵՒ ԲԱԶՄԱՍԵՐ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ)

Հայրենի մամլոյ միջոցներէն շատեր ընդվզումով անդրադարձան շաբաթավերջին տեղի ունեցած պատահարի մը, ուր Ազգային Ժողովի (ԱԺ) պատգամաւոր մը ծեծի ենթարկած է քաղաքացիի մը։ Ծեծին պատճառը՞։ Քաղաքացին որոշած է Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր քուէն տալ այլ կուսակցութեան մը։

Ընդվզումէն անդին, պատահարը մտահոգիչ է եւ դատապարտելի։ Ընտրապայքարի նախօրէին թեկնածու մը ծրագրուած եւ դիտաւորեալ կերպով կը խոշտանգէ քաղաքացի մը, որ որոշած է իրեն ի նպաստ չքուէարկել։ Այս բիրտ արարքը քրէական է՝ ըստ երկրի օրէնքին եւ միաժամանակ մեղանչում՝ ընտրական օրէնքին դէմ։

Ծեծը սարքող պատգամաւոր-թեկնածուին անունն է Բազմասեր Առաքելեան։ Ան Աժի պատգամաւոր է՝ ընտրուած Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան (ԲՀԿ) ցանկով։ Ապա լքելով ԲՀԿ-ն ան միացած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան (ՀՀԿ)։ Ներկայիս, ան ՀՀԿ ռեյտինգային ընտրակարգով Արագածոտնի մարզի համար առաջադրուած թեկնածու է։

Պատահարին մանրամասնութիւնները պարզ են։ Պատգամաւոր-թեկնածու Առաքելեան տեղեկացած է, որ իր համագիւղացիներէն մէկը որոշած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն քուէարկել Հ. Յ. Դաշնակցութեան օգտին։ Այս իմանալով, ան Փարպի գիւղի մէջ գտնուող իր տունը հրաւիրած է համագիւղացին։ Ապա, իր «մարդոց» գործօն մասնակցութեամբ դաժան ծեծի ենթարկած է համագիւղացիին, որ այժմ փոխադրուած է հիւանդանոց։

Համագիւղացիին թիկունք կանգնող կազմակերպութեան համար շատ հեշտ է Առաքելեանի ու այլ գազանանման մարդոց նմանօրինակ ոճով դասը տալը։ Սակայն, մենք պէտք է կերտենք օրէնքի երկիր եւ իրաւական պետութիւն։ Առաքելեանի պէս գազանաբարոյ մարդոց դասը պէտք է տալ օրէնքով։

Սեդօ Պոյաճեան

Ըստ օրինի, Առաքելեան իր արարքով կը մեղանչէ օրինական երեք բնագաւառներու դէմ։

Առաջին, Առաքելեան ԱԺի պատգամաւոր է։ Իր արարքը կը խախտէ ԱԺի բազմաթիւ օրէնքներ եւ կանոններ։ Առ այդ, ԱԺի համապատասխան յանձնաժողովը պէտք է անյապաղ ձեռնարկէ համապատասխան քննութեան եւ դիմէ պարտ ու պատշաճ կարգապահական տնօրինումներու՝ ընդդէմ պատգամաւոր Առաքելեանին։

Երկրորդ, իբրեւ պատգամաւոր եւ քաղաքացի, Առաքելեան գործած է քրէական արարք՝ ընդդէմ երկրի օրէնքին։ Իշխանութեան համապատասխան մարմինները հարկադրուած են կատարելու անհրաժեշտ հետաքննոըթիւնը, հաստատելու արարքին վերաբերող փաստերը, եւ կատարեն անհրաժեշտ դատական յարուցումը Առաքելեանին նկատմամբ։ Վճռելէ ետք Առաքելեանի յանցագործութիւնը, դատարանը պէտք է սահմանէ համապատասխան պատիժը՝ ըստ օրէնքի տրամադրութեանց։

Երրորդը, եւ ամենէն կարեւորն ու անմիջապէս գործադրելին, կը վերաբերի երկրի ընտրական օրէնքի խախտումին։ Իբրեւ թեկնածու յառաջիկայ ընտրութիւններու, Առաքելեան, որեւէ այլ թեկնածուի նման, պարտաւոր է յարգելու եւ գործադրելու ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ ենթարկուելու անոր տրամադրութիւններուն։

Մայիս 2016ին որդեգրուած ընտրական օրէնքի Յօդուած 1ը, բացատրելով ընտրութիւններու հիմունքները, յստակօրէն կը տրամադրէ.- «ընտրութիւններն անցկացւում են ընդհանուր, հաւասար, ազատ և ուղղակի ընտրական իրաւունքի հիման վրայ` գաղտնի քուէարկութեամբ:» Առաքելեանի արարքի պարագային խնդրոյ առարկայ կը դառնայ «ազատ» ընտրութիւն կայացնելու սկզբունքը։

Իսկ Յօդուած 4ը, սահմանելով ազատ ընտրական իրաւունքը, բառացիօրէն կը հաստատէ.-«Ընտրութիւններն անցկացւում են ընտրական իրաւունքի իրականացման՝ ազատութեան և կամաւորութեան սկզբունքների հիման վրայ: Ոչ ոք իրաւունք չունի պարտադրելու ընտրողին քուէարկելու որևէ թեկնածուի (կուսակցութեան) օգտին կամ դէմ, ինչպէս նաև հարկադրելու ընտրողին մասնակցելու կամ չմասնակցելու ընտրութիւններին:»

Քաղաքացիին ծեծի ենթարկելը իր ընտրական կողմնորոշումին համար կոպիտ բռնաբարումն իսկ է օրէնքով ամրագրուած իր ընտրական իրաւունքին։ Առաքելեանի կողմէ քաղաքացիի մը նկատմամբ կիրարկուած բռնամիջոցը անյարիր է օրէնքով սահմանուած եւ քաղաքացիին օրէնքով շնորհուած «ազատութեան եւ կամաւորութեան սկզբունքներ»ին։ Ըստ այս օրէնքին, Առաքելեան «իրաւունք չունի պարտադրելու ընտրողին» քուէարկելու որեւէ թեկնածուի կամ կուսակցութեան օգտին կամ դէմ։

Ընտրական օրէնքի Յօդուած 19ն կը ճշդէ նախընտրական քարոզչութեան հիմնական սկզբունքները։ Այս յօդուածին 8րդ կէտը, որ ի զօրու պէտք է ըլլայ Առաքելեանի պարագային, կը տրամադրէ.- «Եթէ առկայ է նախընտրական քարոզչութեան սահմանուած կարգի այնպիսի խախտում, որը կրում է շարունակական բնոյթ, եւ թոյլ տրուած խախտումը կարող է էական ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ, կամ թոյլ տրուած խախտման հետևանքները հնարաւոր չէ վերացնել, ապա թեկնածուին, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակը գրանցած ընտրական յանձնաժողովը դիմում է դատարան` թեկնածուի, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակի գրանցումն ուժը կորցրած ճանաչելու համար: Դատարանը թեկնածուի, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակի գրանցումն ուժը կորցրած կարող է ճանաչել, եթէ հանգում է այն եզրակացութեան, որ խախտումը կատարուել կամ ուղղորդուել է թեկնածուի կամ ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան կողմից:»

Ծանրակշիռ հանգամանք ունի 8րդ կէտի պահանջը։ Քաղաքացիին իր ընտրական դիրքորոշման համար ծեծի ենթարկելը լուրջ խախտում է։ Ծեծը այս պարագային կը կատարուի, որպէսզի օրինակ ստանան Արագածոտնի մնացեալ համագիւղացիները եւ նման ծեծի սպառնալիքէն վախնալով փոփոխութեան ենթարկեն իրենց ընտրական կողմնորոշումը՝ ի նպաստ Առաքելեանին։ Նման արարք եւ սպառնալիք ըստ էութեան ու գործնապէս ունին «շարունակական բնոյթ» եւ անխուսափելիօրէն «կարող է էական ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ։»

Առաքելեանի արարքը կը խախտէ ընտրական օրէնքի Յօդուած 1ը, Յօդուած 4, եւ Յօդուած 19ի 8րդ կէտը։ Այս պայմաններու տակ, ընտրական յանձնաժողովի պարտաւորութիւնն է Առաքելեանի հարցով դիմել դատարան, որպէսզի անոր գրանցումի ճանաչման ուժը չեղեալ համարուի։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել