Անիծեցինք, Յետո՞յ…

Պատկեր մէկ։

Քանի մը տարի առաջ, Հայաստան տուած այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, այցելեցի Սարի Թաղ բնակող ընկերներէս մէկուն։ Հրաւիրուած էի։ Գիշերը, երբ արդէն պանդոկ պիտի վերադառնայի, տանտէրը հեռաձայնով թաքսի մը կանչեց։ Ուրբաթ կէս գիշեր էր։ Վարորդին հետ ճամբայ ելանք դէպի պանդոկ։ Աչքէս չվրիպեցան վարորդին աննախանձելի արտաքինը՝ «հագուկապը», ինչպէս նաեւ հինցած ֊ մաշած ինքնաշարժը։ Երկուքս ալ լուռ ու անխօս էինք։ Զարմանալի երեւոյթ Երեւանի մէջ. թաքսիի վարորդը լո՞ւռ մնայ, չբողոքէ՞ տիրող կացութենէն, չհայհոյէ՞… (վերջն ալ ըսելու՝ «մանր չունէ՞ք…»)։
Հասանք. հարցուցի, թէ ինչքա՞ն պէտք է վճարեմ։ Վարորդը պատասխանեց՝ «Գասպարը վճարել ա»։ Գասպարը ընկերս էր, որուն այցելութեան գացեր էի։ Պնդեցի, վարորդը մերժեց, ես պնդեցի՝ ինք մերժեց ու կրկնեց՝ «Չի լինի, Գասպարը վճարել ա»։ Ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար Ուրբաթ կէս գիշերին տակաւին աշխատող վարորդը մնաց անդրդուելի։ Իր մարդկային արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու համար՝ «զիջեցայ»։

10 օր ետք, նոյն տունն եմ. Գասպարը Լոս Անճելըս բնակող իր քրոջ բաներ մը պիտի ուղարկէր հետս, գացի որ առնեմ։ Գիշեր էր. դարձեալ թաքսի մը կանչեց հեռաձայնով։ Ճամբան նշմարեցի, որ նոյն վարորդն էր։ Հասանք, հարցուցի, թէ ինչքա՞ն պիտի վճարեմ։ Նոյն պատասխանը, նոյն վճռականութեամբ՝ «Գասպարը վճարել ա»։ Իմ բոլոր պնդումներուս՝ նոյն անյողդողդ մերժումը։ Այս անգամ «կռիւը փրթաւ»… Ձեւով մը գումարը ձգեցի ինքնաշարժին նստարանին վրայ ու բառացիօրէն դուրս նետուեցայ։

Այս յօդուածագրին կրնայ ըսուիլ, որ այդ սարի թաղցի վարորդին օրինակը բացառութիւն է։ Հո՛փ. Stop! Մի՛ աճապարէք. հոն պիտի հասնինք։

Պատկեր երկու։ Դարձեալ Երեւան կը գտնուիմ. այս անգամ պէյրութաբնակ (այժմ լուսահոգի) ընկերոջս տունը կը մնամ. ինք Պէյրութ էր եւ բնակարանը, Թումանեան ֊ Նալբանդեան խաչմերուկին մօտ, ինծի տրամադրած էր։

Գիշեր մը տուն վերադարձայ, ու նշմարեցի աղբակոյտ մը՝ շէնքին մուտքին։ Աղբերու յատուկ արկղը քանի մը քայլ անդին էր, սակայն շէնքին բնակիչները կ’երեւի սիրտ չէին ունեցած այդ քանի մը քայլը առնելու…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Յաջորդ առաւօտ, երբ դուրս ելայ, շէնքին բնակիչները հաւաքուած մուտքին, նեղսրտած ճառեր կը խօսէին. կարծես միթինկ էր…։ Անէծք, բողոք, դժգոհութիւն, հայհոյանք. բայց ոչ թէ աղբը շէնքին մուտքին թափողներուն (որ իրենք էին), այլ… քաղաքապետարանին հասցէին, որուն աղբահաւաք բանուորները «մի քանի քայլ էսդի չէին եկել» աղբերը հաւաքելու։
Հոս ալ կրնայ ըսուիլ՝ «Է բոլորը այդպէս են»։ Ասի ըսողներուն ալ «Հո՛փ» ու Stop!

Մանաւանդ նախընտրական այս օրերուն, ցաւագին երեւոյթ է թերահաւատութիւնը (ընդհանրապէս հիմնաւորուած) Հայաստանի մէջ։ Այս երեւոյթը բացայայտ է մամուլին ու յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ։ Կան թերահաւատութեան այնպիսի ծայրայեղ դրսեւրումներ նոյնիսկ, երբ մարդիկ կոչ կ’ուղղեն չմասնակցելու ընտրութիւններուն։

Այս մթնոլորտին մէջ, իւրաքանչիւր երեւոյթ (նոյնիսկ երբեմն դրական) կը կապուի իշխանութեան այս կամ այն ներկայացուցիչին, նոյնիսկ եթէ տուեալ խաւը կամ անձը ոչ մէկ կապ ունի տուեալ երեւոյթին հետ։ Աղբի վերոնշեալ օրինակը աչքի առջեւ բերենք ու այս յօդուածագրին միտքը կը յստականայ։

Մէկ խօսքով, համատարած ժխտականութիւն ու «ցինիզմ», որ կ’արգելակէ ու կը խեղդէ ամէն տեսակի դրական միտք կամ քայլ, թոյլ չի տար, որ քաղաքական տրամաբանութիւնը իր խօսքը ըսէ։ Եւ ահաւասիկ, պայքարի, կռիւի նոր դաշտ մը, ուր բանական խօսք ունեցողները պարտաւոր են իրենց կռիը մղելու երկու ճակատի վրայ՝ նախ տիրող կացութիւնը բարեփոխելու, երկրորդ, «երդուեալ» թերահաւատներ դարձի բերելու, Դամասկոսի ճամբան անոնց ցոյց տալու իմաստով։

Հասկնալի է, որ անցնող երկուքուկէս տասնամեակներուն, Հայաստանը կառավարող իշխանութիւններուն գաղափարական ուղղութիւնը իր ներշնչումը կը ստանար համաշխարհային նոր ֊ ազատական ու վայրագ դրամատիրական աշխարհէն։ Այս երեւոյթը շեշտուած էր առաջին ու ներկայ նախագահներուն օրով։ Երկրորդ նախագահին օրով էր միայն, որ քիչ թէ շատ բարեխառն միտումներ կային եւ փաստօրէն այդ օրերուն էր, որ Հայաստանի մէջ, գէթ սկսաւ կազմաւորուելու միջին խաւը։ Գէթ այս մէկը կէտը ընդունինք ու շարունակենք։

Հեետեւաբար, միանձնեայ կառավարման համակարգը, ընկերային ու տնտեսական նոր ֊ ազատական գաղափարներով առաջնորդուող վարչակարգը յատկանշուեցաւ նախ վայրի ու անխնայ սեփականաշնորհումով, ապա մենաշնորհներու ճամբով հարստութեան կուտակումով՝ առանց այդ հարստութեան, եկամուտներու արդար վերաբաշխումի համակարգի ստեղծումին նոյնիսկ։
Գաղափարական ու քաղաքական այս էապէս վնասակար ընթացքը բնականաբար, տեղ մը, հակազդեցութիւն պիտի գտնէր։ Եւ այդ հակազդեցութիւնը այսօր կ’արտայայտուի համատարած ու երբեմն բացարձակի հասնող թերահաւատութեամբ։

Իրերու այս դրութեան մէջ, ի՞նչ պէտք էր ընել։

Կայ երկու ձեւ. մէկը՝ անընդհատ քննադատել, անարգանքի սիւնին գամել, անիծել ու հայհոյել (լաւ ալ կը զգանք, չէ՞…)՝ յաջորդ առտու ՆՈՅՆ, անփոփոխ Հայաստանին մէջ արթննալու պայմանով։ Ի վերջոյ, գէթ նոյն այս յօդուածագրին ծանօթ չէ օրինակ մը, ուր քաղաքական, կամ ընկերային ֊ տնտեսական յոռի համակարգ մը կարելի եղած ըլլայ բարեփոխել անէծքներով, կամ նոյնիսկ (եւ միայն) արդարացի քննադատութիւններով։ Անիծեցինք. յետո՞յ։

Երկրորդը, յենած գաղափարական առողջ սկզբունքներու վրայ, պայքար մղել ու փորձել հիմնովին բարեփոխել ներկայ ամբողջ դրուածքը։

Ո՞վ, ո՞ր ուղին կ’ընտրէ, այս յօդուածագրին համար հետաքրքրական չէ։ Կարեւորը այն է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընտրած է երկրորդ ուղին։ Մարդիկ կը համակրի՞ն, չե՞ն համակրիր Դաշնակցութեան, իրականութիւնը այս է։ Եւ իրականութիւներուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ։

Ուղին երկար է։ Ցարդ առնուած է առաջին քայլը. բարեփոխուած է սահմանադրութիւնը։ Այսինքն, դրուած են կառավարման համակարգի նոր հիմքերը։ Եւ ցարդ՝ միայն հիմքերը։ Կը մնայ երկրորդ փուլը. այսինքն վերակառուցել պետական շէնքը, յարկ առ յարկ։

Դարձեալ պարզ է, որ անէծքներով բան չի կառուցուիր։ Բայց դժբախտաբար, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը անընդհատ ենթակայ է ժխտական քարոզչութեան ստեղծած նոյնքան ժխտական մթնոլորտին։ Այս ժխտական մթնոլորտի ստեղծումին մէջ մեծ դերակատար են նաեւ քաղաքական այն ուժերը, որոնց յատուկ է ընտրակաշառքը, սպառնալիքներն ու երբեմն նոյնիսկ ծեծը (յիշեցէք Բազմասէր Առաքելեանը…), ինչպէս նաեւ ամբոխահաճոյ ու միշտ սնամէջ խոստումները։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ որ կը պակսի գաղափարական հենքը, թէ տուեալ քաղաքական ուժը, կամ դաշինքը ի՞նչ գաղափարականով կ’առաջնորդուի։

Բայց բուն խնդիրը կը կայանայ հոն, ուր բացի Հ.Յ.Դ.էն (հաւանաբար նաեւ Համայնավար կուսակցութենէն), ուրիշ ՈՉ ՈՔ ունի գաղափարախօսութիւն։ Ընտրական կարգախօսները գաղափարախօսութիւն չեն։
Մենք, իբրեւ դաշնակցականներ, հաւատացողն ենք այնպիսի հասարակարգի մը, ուր ներքին իմաստով, առաջնահերթը ժողովուրդին բարօրութիւնն է (ու ոչ թէ անոր միայն 1 տոկոսինը), եկամուտներու արդար բաշխումը, չարեաց աղբիւր հանդիսացող շահագործման ու բոլոր տեսակի մենաշնորհներու ի սպառ վերացումը։ Հասարակարգ մը, ուր պետական պաշտօնեան իր գրասենեակին մէջ պիտի աշխատի նոյն այդ ժողովուրդին ծառայելու նպատակով, ոչ թէ կողմնակի ու զարտուղի միջոցներով իր անձնական բարօրութիւնը ապահովելու համար։ Համակարգ մը, ուր օրէնքին առջեւ հաւասարապէս պատասխանատու են բոլորը, «հաստ վիզ» ունենան՝ թէ բարակ… Հասարակարգ մը, ուր քաղաքացին արդարօրէն ինքզինք լիարժէք մասնիկը համարէ իր հայրենիքին ու անոր պետականութեան։ Վերջապէս, Դաշնակցութիւնը հաւատացողն է այնպիսի համակարգի մը, ուր երկրի ազգային ապահովութիւնը եւ ներքին առողջ կարգուսարքը զուգահեռաբար մաս կը կազմեն մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն։

Բայց այս բոլորը կրնան իրականութիւն դառնալ համապատասխան օրէնքներու որդեգրումով եւ մանաւանդ՝ կիրարկումով։ Եւ այդ օրէնքները կը մշակուին խորհրդարանին մէջ. ԱԺին պարտականութիւնը օրէնքներ մշակելն է։ Իսկ այս որակով ԱԺ-էն բխած գործադիր իշխանութեան պարտականութիւնն է կիրարկել այդ օրէնքները, քաղաքական կամք ցուցաբերել այդ ուղղութեամբ։ Բայց խորհրդարան մը կրնայ այս սկզբունքներուն վրայ հիմնուած օրէնքներ մշակել միայն ա՛յն պարագային, երբ հոն մեծամասնութիւն են նոյն այս գաղափարականով առաջնորդուող պատգամաւորներ։ Գաղտնիք չէ, որ նոր ֊ ազատական, վայրագ դրամատիրութեան գաղափարաբանութեամբ առաջնորդուող, կամ միայն ու միայն 1 տոկոսին շահերուն ծառայողներէ բաղկացած խորհրդարան մը վերոնշեալ բարեկարգումներու ուղիով պիտի չ’ընթանայ։

Այնպէս որ, հասկնալով հանդերձ բոլոր թերահաւատներուն զգացումները, ըմբռնելով հանդերձ բոլոր անիծողներուն դժգոհութիւնը, թող թոյլ տրուի մեզի կրկնելու, որ ճիշդը երկրորդ ուղին է, Դաշնակցութեան որդեգրածը։ Այսինքն քայլ առնել, պայքարիլ ու «կռուիլ» այնպիսի օրինական համակարգի մը ի խնդիր, ուր այլեւս գերակշիռ մեծամասնութիւն դառնան ոչ թէ «աղբ թափող ու հայհոյողները», այլ՝ սարի թաղցի վարորդին նմանները։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

1 Մարտ 2017
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել