«Հայրենիք»ի խմբագրական. Էրտողանի խայտաբղետ խայտառակութիւնը

Վերջին տարիներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կ՛այցելէր եւրոպական քաղաքներ եւ հանգստօրէն, առանց որեւէ արգելքի իր ընտրարշաւի աշխատանքները կը կատարէր: Քիւրտ թէ հայ փոքրամասնութիւններու ցիր ու ցան ցոյցերը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենային, հակառակ բազմիցս անոնց հնչեցուցած ահազանգին:
Այդ օրերուն, հաւանաբար, քաղաքավարութեան վնասները նկատելով եւ շարունակ խաբուելով թէ, Սուրիոյ պատերազմին Թուրքիա կը մնայ Արեւմուտքի կարեւորագոյն մրցակիցը, Եւրոպան աչք գոցած էր եւ առիթ տուած որ Էրտողան ազատօրէն շրջագայի: Սակայն այսօր յստակ է խաղցուած «ջայլամի քաղաքականութիւն»ը, եւ անցեալ քանի մը օրերուն դէպքերը ցոյց կու տան, թէ Եւրոպան արթնցած ու դուրս եկած է իր խոր թմբիրէն: Էրտողան այլեւս չկրնար ազատ եւ համարձակ իր ընտրարշաւը կատարել Պոսփորէն հեռու:

Հետաքրքրական զուգադիպութիւն…Թնճուկը սկսաւ Լա Հէյի մարդկային իրաւունքներու դատարանի երկրին մէջ: Արդարեւ, Էրտողանի մօտիկ գործակից եւ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) անդամ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն փոխադրող օդանաւին արգիլուեցաւ էջք կատարել Ռոթերտամի օդակայան, նաեւ դէմ հանդիսացաւ որ ցամաքի ճամբով Գերմանիայէն Հոլանտա ժամանող Թուրքիոյ ընտանեկան ծրագրաւորման նախարար Պեթուլ Սայան Քայան մուտք գործէ Հոլանտա:

Անոնք միասնաբար, Ռոթերտամի մէջ տեղւոյն թուրք համայնքին ներկայութեամբ

յառաջիկայ Ապրիլ 16-ին, Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, ի նպաստ նախագահական համակարգին համար խօսք պիտի առնէին:

Հետաքրքրական մանրամասնութիւններէն մէկը այն էր թէ, Չաւուշօղլուի եւ իր պաշտօնական այցելուներու խումբին Հոլանտա մուտք չգործելու փոխանցումը կատարած էր, Ռոթերտամի քաղաքապետ՝ ծագումով մարոքցի Ահմետ Ապութալէպը: Անշուշտ, Էրտողանի ընտրարշաւի քարոզչական մեքենան նկատի չէր առած թէ, Հոլանտայի մէջ, քանի մը օրէն պիտի կատարուէին խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք կրնային ուղղակիօրէն իրեն դերը ունենալ:

Այս մէկը յատուկ կացութիւն մըն էր Հոլանտայի պարագային, սակայն Էրտողանի քարոզչական մեքենան փորձած էր նմանօրինակ հաւաքներ կատարել այլ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, որոնց կարգին՝ Գերմանիա, Դանիա, Ֆրանսա…: Մէսի (Ֆրանսա) մէջ, ընտրարշաւը ստացած էր տարբեր բնոյթ, ուր հետզհետէ յստակացած էր թէ, ի նպաստ նախագահական համակարգին քուէարկելով, թուրք ժողովուրդը պիտի ունենար մենատիրական սկզբունքներով գործող ղեկավար մը, որ յար եւ նման է սուլթանի մը կոչութեան:

Առանց ենթագիտակցելու թէ, ինչպիսի կացութեան առջեւ կը գտնուէր, Էրտողան առանց յարգելու քաղաքական աշխարհի անգիր փրոթոքոլն ու օրէնքը, այպանեց յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս, երկար տարիներու դաշնակից Գերմանիան, վարչապետ Մերքէլը բաղդատելով Հիթլերին:

Նախագահական համակարգի եւ իր «ես»ին համար պայքար մղող Էրտողան ինքզինք խայտառակած էր քննադատելով խորհրդարանական համակարգի տէր երկիր մը, որ կը մնայ Եւրոպայի բանալի անդամ մը:

Էրտողանեան այս խայտաբղետ խայտառակութիւնը շարունակուեցաւ երբ, Դանիա իր կարգին յանձին վարչապետ Լարս Ռասմուսէնի, նախընտրեց յետաձգել իր հանդիպումը Թուրքիոյ «սուլթանամէտ» նախագահին հետ:

hairenikweekly.com

13/05/2017

Տպել Տպել