«Հայրենիք»ի խմբագրական. Ընտրարշաւեան խոհեր եւ մտորումներ

Մարտ 5-ին ազդանշանը տրուեցաւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն քարոզարշաւին: Երկու շաբաթներ թաւալած են եւ գրեթէ այս նախընտրական քարոզարշաւի կիսուն ենք: Տեղին է հետեւիլ, դիտել, վերլուծել եւ յանգիլ որոշ հաստատումներու, որոնք վստահաբար իրենց անդրադարձը կրնան ունենալ Ապրիլ 2-ին կատարուելիք ընտրութիւններուն վրայ:
Դժբախտաբար, հսկայ թիւ մը լաւապէս տեղեակ չէ թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են:
Այո՛, դժբախտաբար քիչեր կը գիտակցին թէ ամիսներ առաջ, Սեպտեմբեր 2016-ին յատուկ ընտրութիւն մը կատարուած է դուռ բանալով եւ կանաչ լոյս տալով նոր սահմանադրութեան մը որդեգրումին: Պարզ ու անհեթեթ «Այո՛» կամ «Ո՛չ» քուէարկութիւն մը չէր այդ ի նպաստ նոր սահմանադրութեան ընտրութիւնը, փոխան նախագահականի՝ խորհրդարանական համակարգ, որ բազմիցս անտեղի կերպով քննադատութեան եւ նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկուեցաւ…եւ այսօր, այդ նոյնինքն «Ո՛չ» քուէարկողներուն մէկ մեծ մասը ամէնայն ուժգնութեամբ եւ պատրաստութեամբ, ձեռքերնին սոթտած կազմած են դաշինքներ՝ քոալիցիաներ:

Արդեօք, այդ քուարկողներու մեծամասնութիւնը տեղեա՞կ է թէ այս անգամ համաձայն նոր ընտրական օրէնքին, ընտրուողներուն աննախընթաց իշխանութիւն պիտի տրուի։
Շատ են փոփոխութիւնները, որոնց կարգին Ազգային Ժողովի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ազգային փոքրամասնութիւնները պիտի ունենան իրենց աթոռը: Այսպէս չորս փոքրամասնութիւններ՝ ասորիներ, եզիտիներ, քիւրտեր եւ ռուսեր, աթոռ պիտի ունենան 101-է աւելի հաշուող Ազգային Ժողովէն ներս, նաեւ անոնք քուէարկելու իրաւունքներ պիտի ունենան։
Շատ աւելի մասսայական ձեւով, այս ընտրարշաւեան օրերուն, պէտք է շեշտուի որ նոր սահմանադրութիւնը ծնունդ տուած է քաղաքական այնպիսի բնագաւառի մը՝ գործունէութեան դաշտի մը, ուր հաւաքականութիւնն է գերակայողը եւ ո՛չ թէ անհատը: Հետեւաբար անհատներ չեն կրնար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, այլ միայն ու միայն հաւաքական կառոյցներ, այսինքն կուսակցութիւններ կամ դաշինքներ։

Քուէարկող հայորդին լաւապէս պէտք է որ իմանայ թէ ի վերջոյ երկրին գերագոյն ուժն ու մարմինը պիտի ըլլայ հաւաքականութիւն մը՝ խորհրդարանը, եւ ոչ թէ անհատ մը՝ նախագահը, որուն իրաւասութիւնները պիտի ըլլան համեմատաբար սահմանափակ, թէ՛ ներքին ապահովական եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական-յարաբերական բնագաւառներէն ներս:
Դժբախտաբար, այս թափանցիկ յստակացումներն ու մատնանշումները չեն պարզաբանուիր ընտրարշաւի օրերուն, յատկապէս «Բարգաւաճ Հայաստան» (գլխաւորութեամբ Գագիկ Ծառուկեանի) եւ իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւններուն կողմէ, որոնք նիւթական անսահման կարողութիւններ ունին իրենց ընտրարշաւը կատարելու:
Իսկ «աքիլլէսի կրունկ»ը կը մնայ ընտրակաշառքը, եւ այս գծով պարզ ու մեկին տեղին է բացայայտել թէ, դժբախտաբար ընտրական այս նոր օրէնքը գործնականօրէն չի կրնար եւ ափսոս որ պիտի չկարենայ առաջքը առնել ընտրակաշառքի: Յստակ է որ առուծախը քուէն գնողին եւ վաճառողին միջեւ կանխաւ, նոյնիսկ այժմէն իսկ գոյացած կրնայ ըլլալ։
Այս գծով, ողջունելի է այս նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, Հ.Յ.Դ. ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան երիտասարդներու կատարած խաղաղ ցոյցը Երեւանի մէջ՝ ընդդէմ ընտրակաշառքին:

Ի վերջոյ յաչս «Նոր սերունդ, արդար Հայաստան» կերտելու բանալին՝ սուրբ պայքարն է ընտրակաշառքին, զեղծարարութեան եւ փտախտին դէմ:

hairenikweekly.com

21/03/2017

Տպել Տպել