Ակնարկ. Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին հարցազրոյցը չյաջողեցաւ գաղափարաքաղաքական բանավէճի շրջանակներուն մէջ տեղաւորուիլ: Հարցումներու հունաւորումը զրուցավարին կողմէ ճիշդ էր. ի վերջոյ առաջին նախագահը իր ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւը ուզած էր կանուխէն կեդրոնացնել Արցախի տագնապի լուծման իր պատկերացումներուն վրայ` յառաջ մղելով այն միտքը, որ հայաստանեան հիմնահարցերու լուծման բանալին արցախեան հակամարտութեան լուծման մէջ է:

Անկախ ժամանակի որոշ տարածականութեան վրայ ընդգծուող ինքնահակասութիւններէն, խնդիրը այս պարագային ընդդիմախօսներու նկատմամբ ունեցած հետեւողական պահուածքին բերած արգելքն է` գաղափարական-քաղաքական բանավէճի ծաւալման:

Արագօրէն նշենք հիմնական հակասութիւնները: Նախկին հարցազրոյցներուն մէջ մատրիտեան սկզբունքներու սուր քննադատութիւն, հիմա ո՛չ միայն հրապարակային համաձայնութեան պաշտօնական պահանջ, այլ ուղղակի միակողմանի ստորագրութեան անյետաձգելի հրամայական: Ակնյայտ էր նաեւ գործող իշխանութիւնները այժմ ընտրուած իշխանութիւններ ընդունիլը եւ հետեւաբար լիազօրուած` բանակցութիւնները վարելու, մինչ նախապէս` իշխանութիւնները աւազապետական համակարգ, աւգեան ախոռ, մոնկոլաթաթարական վարչախումբ, հետեւաբար ոչ օրինական նկատելը:

Ժամանակի ընթացքին շեշտադրումներու փոփոխութիւնը, քննադատութիւններու մեղմացումը կամ առաջնահերթութիւններու շրջումը քաղաքական հռետորաբանութեան մէջ աւելի ընկալելի կ՛ըլլան, քան 180 աստիճան տրամագծօրէն հակոտնեայ գնահատականներու, եզրերու, որակումներու կտրուկ շրջադարձները: Այս յարափոփոխելիութիւնը նաեւ անտեսում է սեփական ընտրազանգուածին:

Ամէնէն վտանգաւորը թերեւս քանի մը անգամ կրկնած միտքն էր, թէ հարցը լուծողը հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը չեն, այլ միջազգային հանրութիւնն է: Այսինքն` դատապարտուած ենք արտաքին թելադրանքի: Ղարաբաղեան շարժման երբեմնի առաջնորդը, անընդհատ վկայաբերելով միջազգային միջնորդներուն խօսքը, կը մոռնայ, որ նոյնինքն միջնորդները բազմիցս յայտարարած են, որ իրենք առաջարկներ ներկայացնողներն են, իսկ խնդիրը պէտք է լուծեն հակամարտող կողմերը` իրարու հետ համաձայնութիւններ կայացնելով:

Նախկին նախագահի` հակամարտութիւն լուծելու այս հայեցակարգին ժողովուրդին կողմէ ընկալելիութեան չափը կ՛երեւայ շուտով` տրուած ըլլալով, որ Տէր Պետրոսեանը բացառապէս այս հիմնահարցին վրայ կը շարունակէ կառուցել իր դաշինքին քարոզարշաւը: Այդ առումով ալ, ինչպէս ինք կը մատնանշէ, պարզ կը դառնայ, որ ժողովուրդը որքանո՛վ կը վճռէ իր պատկերացումներուն ուղղութեամբ ճնշել` գործող իշխանութիւններուն երթալու հիմնախնդիրի լուծման:

Եթէ նշուած ուղղութեամբ տրամագծօրէն հակառակ գնահատականներ հնչեցին, ապա հետեւողականութիւն կար ուրիշ ուղղութեամբ մը: Իր ընդդիմախօսներուն մօտեցումները հակափաստարկելու համար` Տէր Պետրոսեան երգիծանկարային ոճ օգտագործեց, ըսելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երթալ գերտէրութիւններու ղեկավարներուն եւ ըսել, որ նախ կարգավիճակը ճշդենք, նախ ընդունինք Արցախի անկախութիւնը, յետոյ անցնինք տարածքներու վերադարձի բանակցութիւններուն. կամ` Մինսքի խմբակին համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն ըսենք, որ` «սպասեցէ՛ք մենք զօրանանք ռազմականապէս ու տնտեսապէս, յետոյ կ՛անցնինք լուծման սկզբունքներուն»:

Եւ որովհետեւ ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերէն եւ դաշինքներէն կարգավիճակի առաջնահերթութեան խնդիրը ամէնէն շատ կ՛արծարծեն իշխող ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն, այս պարագային ՀՀԿ-ն դուրս կու գայ իր ընդդիմախօսներու ցանկէն, քանի որ քանի մը անգամ Տէր Պետրոսեան կը շեշտէ, որ գործող իշխանութիւնները արդէն ընդունած են մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ բանակցելիութիւնը եւ կը շարունակեն բանակցութիւնները (թէեւ բանակցութիւնները այս պահու դրութեամբ սառած են): Ուրեմն երգիծանկարին առաջին մասը այս պարագային ուղղակի կը վերաբերի ՀՅԴ-ին:

Երգիծանկարի երկրորդ բաժինն ալ շատ պարզ հայեացքով կ՛ակնարկէ «Դաշնակցութեան զարգանալ առանց զիջելու» կարգախօսին:

Ուրեմն, ընդդիմախօս ըսելով Տէր Պետրոսեան նկատի ունի հիմնականին մէջ Դաշնակցութիւնը: Այստեղ ուրեմն որեւէ յարափոփոխութիւն չկայ: Մանաւանդ նկատի ունենալով նաեւ օգտագործուած ոճն ու բառապաշարը: Այսպէս. նախապէս պանքօթոմականներ, Սթամպուլը արեան ծով դարձնողներ, հայդատականներ, այժմ` մանկապարտէզ, ճոռոմաբանութիւն, խենթանոց, տղայութիւն:

Առաջին նախագահը մղձաւանջային յաճախանքի հետեւողականութիւնը պահած է Դաշնակցութեան նկատմամբ: Ափսոս, որ այսպիսով կը կորսնցնէ վերջին առիթն ալ գաղափարաքաղաքական քաղաքակիրթ բանավէճի:

Տէր Պետրոսեան իրատես գնահատական տալու ունակութիւն ունի: Կը գիտակցի, որ իր գլխաւորած դաշինքը, իր առաջադրած այս վարքագիծով, խորհրդարան մտնելու պարտադիր անցողիկ շեմը յաղթահարել-չյաղթահարելու անորոշութեան մէջ է: Գիտակից է, որ քաղաքական մայրամուտ ապրող իր գործունէութեան վերջին արարն է ապրիլ 2-ը:

Եղածը պարզապէս խաղաղութեան մրցանակով թոշակառուի կարգավիճակ ստանալու փորձ է եւ այդ պատմուճանով պատմութեան յանձնուիլը:

Տէր Պետրոսեան ժամանակակից հանրապետութեան կերտման եւ արցախեան շարժման կայացման թէ գիտական մարզին իր բերած նպաստով կրնար աւելի դրական երանգներով յանձնուիլ պատմութեան: Առաջին նախագահը աւելի սթափ մտածողութեամբ կրնար իր մայրամուտը բնորոշել գնահատականներու ինքնահակասութենէ եւ վերաբերումներու անտեղի հետեւողականութենէ հեռու: Ցաւօք, «հերթական անգամ չստացուեց»:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել