Հաղորդագրութիւն

Ապրիլ 2ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան անկիւնադարձային ընտրութիւններ: Նորընտիր Ազգային Ժողովը պատմական պատասխանատուութիւն մը պիտի ունենայ մէկ տարուայ մէջ իրականացնելու համակարգային փոփոխութիւնը, ընդ որում Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ունենա խորհրդարանական վարչակազմ: Համակարգային այս փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ անշուշտ: Անոր սատարողները, առաջին հերթին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմած է խորհրդարանական վարչակազմը, դեռեւս 1991ին, կը հաւատա, որ այս ձեւով առաջքը պիտի առնուի իշխանութեան կեդրոնացման եւ պետական մակարդակով որոշումները պիտի կայացուին շատ աւելի համախոհական հոլովոյթով:

Ինչպէս անցեալի իւրաքանչիւր խորհրդարանական ընտրութեան պարագային, այս անգամ ալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ բացառաբար կուսակ-ցական ցանկով, իրեն յատուկ ծրագրով եւ քաղաքական իրագործումներու երկար շարքով:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իմաստազուրկ են առանց բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ զարգացման հնարաւորութեանց լիարժէք հաւասարութեան ձգտող յարատեւ ճիգին: Ժողովրդավարութեան կարողականութիւնը, որպէս ժողովուրդի իշխանութիւնը, ամբողջականօրէն կ՚արտայայտուի միայն ընկերային արդար համակարգի մէջ: Ընկերային արդարութեան իրականացումն է, որ բարացուցական պիտի դառնայ համակարգային այն փոփոխութեան, որ առաջադրուած է նոր Սահմանադրութեամբ:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ պատմութեան յառաջդիմական ընթացքին եւ որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն դերակատար է անոր: Այս կը նշանակէ ի գործ դնել եւ զօրավիգ կանգնիլ պետական այն քաղաքականութեան, որ կ՚երաշխաւորէ անհատի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները, հանրային կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը, տնտեսական զարգացումն ու հարստութեան արդար վերաբաշխումը եւ միջավայրի պաշտպանութիւնը:

Հայաստանի եւ հայութեան զարգացումը պիտի հիմնուի մեր ազգային հաւաքական արժէքներու եւ իւրաքանչիւր հայորդիի յանձնառութեան վրայ: Ոչ մէկ քաղաքականութիւն իմաստ ունի առանց նպատակաուղղուած ծրագրի: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայրենի քաղաքացիական հասարակութեան կը ներկայանայ այն ծրագրային սկզբունքներով, որոնց հետամուտ եղած է միշտ եւ որոնց իրականացումը փաստացի օրինակներով ցոյց կու տայ:

Ազգի եւ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ անվտանգութենէն մինչեւ տնտեսական զարգացում եւ պատմական իրաւունքներու իրականացում բազմաթիւ են: Մեր հաւաքական գոյավիճակը անհրաժեշտ կը դարձնէ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ մը, ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ մը որուն իրականացման համար պէտք է ձայն տալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Պուէնոս Այրէս, 27 Մարտ 2017

Տպել Տպել