«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Արդարութեան ճամբայ բացէ՛ք

Քանի մը օր առաջ, աշխարհը նշեց թատրոնի օրը, այդ ժպտացող եւ լացող դիմակին ետին կանգնած արուեստագէտներու օրը, որոնք բեմին վրայ իրենց ձիրքերով կը ներգրաւեն, աթոռին կառչած հանդիսատեսներ:

Իւրայատուկ է անհեթեթութեան դպրոցին (Theatre of the Absurd) պատկանող թատրոնը, որ Բ. համաշխարհային պատերազմի օրերուն ծնունդ առնելով, այսօր ծնունդ տուած է պատմութիւն կերտած գործերու:

Այս բնագաւառէն ներս, հանրածանօթ թատերագիրներու շարքին են ռումանացի-ֆրանսացի Էօժէն Իոնեսքօ, իրլանտացի Սամուէլ Պէքէթ… եւ չեխ Վացլաւ Հավէլ (1936-2011):

Այս վերջինը 1993-էն 2003 նախքան իր երկրի նախագահ ընտրուիլը, թատերական գործերով պայքարած էր համայնավարութեան դէմ եւ նոյնիսկ մաս կազմած՝ 1968-ի Փրակայի Գարնանային յեղափոխութեան: Եղանակային յեղափոխութիւն մը, որ նոր դարաշրջանին, աշխարհի այլ «տաք» շրջաններէ ներս փորձուեցաւ, առանց յիշատակելի յաջողութիւն մը արձանագրելու:

Անհեթեթ թատրոնի հանճարներէն Չեխիոյ նախկին նախագահը, եթէ այսօր ողջ ըլլար, անակնկալի եկած պիտի ըլլար որ անհեթեթ թատրոնը ողողած է քաղաքական աշխարհը, եւ այդ ալ համաշխարհային մակարդակով:

Բնականաբար ան բեմահարթակ բարձրանալով, իր ճառին մէջ պիտի շեշտէր թէ պէտք է զատորոշել քաղաքականութիւնն ու առ հասարակ թատրոնը, եւ յատկապէս անոր անհեթեթութեան դպրոցը:
Մեկնելով այս հաստատումէն, տեղին է շեշտել, թէ Ապրիլ 2ին, Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական նոր ընտրութիւնները պէտք չէ որ ըլլան անհեթեթ թատրոնի այլ արար մը, կամ «քաղաքական թատրոն»ի արարք մը։

Այդ օր, Կիրակի Ապրիլ 2, 2017-ին Հայաստան պիտի կատարէ ճակատագրական ընտրութիւն մը, եւ այդ ալ նոր կանոններու, օրէնքներու վրայ հիմնուած:

Նախագահական համակարգէն դէպի խորհրդարանական համակարգ կ՛ուղղուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի նպաստ քուէարկուած սահմանադրոական օրէնքին:

Տարիներ տեւեց որ հետզհետէ ժողովրդավար կանոններ յարգուին եւ կիրարկուին Հայաստանի մէջ, եւ այդ գծով հետեւողական աշխատանք տարաւ տեղւոյն Հ.Յ.Դաշնակցութեան կառոյցը, որուն համար այս Կիրակին կը նշուի «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով:

Անցեալ շաբաթներուն, նախընտրական քարոզարշաւի օրերուն, ի յայտ եկաւ թէ սկզբունքային եւ տարրական գործելաձեւեր կը պակսին: Հակառակ անհատապաշտ՝ նախագահական համակարգէն ժողովրդավար՝ խորհրդարանական համակարգ փոխադրուելուն, պայքարը անհատական է եւ դաշինքներն ու կուսակցութիւնները անձերու վրայ հիմնուած են: Եւ այս կացութեան դիմաց բացակայ են ցեխարձակումներէ եւ զեղծարարութիւններէ հեռու առողջ վիճաբանական զրոյցներն ու բանավէճերը:

Մանրամասնօրէն, զանազան ենթագլուխներով ուսումնասիրուած ծրագրերու եւ փլաթֆորմի ներկայացում չկատարուեցաւ:

Բացառութիւն մըն էր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ նախընտրական քարոզարշաւի օրն իսկ, եւ ապա զանազան շրջաններ շրջելով մանրամասնօրէն ներկայացուց իր ծրագիրը, նշելով թէ արդարութիւնը հայ ժողովուրդի տեսակի, բնոյթի, էութեան մէջ է եւ թէ արդար Հայաստանը, ազատ, ժողովրդավար, խաղաղ, ուժեղ, զարգացող, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի Հայաստանն է:
Ապրիլ 2, 2017-ը անհեթեթ թատրոնէն հեռու ճակատագրական օր է…Արդարութեան ճամբայ բացէ՛ք:

hairenikweekly.com

29/03/2017

Տպել Տպել