Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութեան նոր հանգրուան մը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ

Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններ (ԱՀՀՀ) նախաձեռնութիւնը սկսաւ իր աշխատանքներուն

(Agencia Prensa Armenia).- Երեքշաբթի 28 Մարտ 2017ին Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութեան նոր հանգրուան մը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ՝ Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններ (ԱՀՀՀ) նախաձեռնութեան աշխատանքային առաջին նիստի գումարումով:

Նախաձեռնութիւնը հետեւանք է տարիներէ ի վեր արդէն գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մը որ առաւել եւգ աշխուժացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակին եւ 2015ի ամբողջ ընթացքին:

Համագործակցական այս նոր միջոցի նպատակը ոչ միայն աշխատանքներու աւելի կազմակերպուած համադրումի մը ապահովումն է, այլ նաեւ՝ համայնքային ընդհանրական խնդիրներու ռազմավարական ծրագրումը եւ անդամներու մասնակցութեան քաջալերումը:

Նախորդ տարուայ Դեկտեմբերի 27ին արդէն հրապարակային դարձած էր համայնքային ութը կազմակերպութիւններու նախաձեռնած վեց կէտերէ բաղկացած Հիմնական Համաձայնագիր մը որ առաջարկուած էր բոլոր հաստատութիւններուն ստորագրել որպէս իրենց յանձնառութեան հաստատագրում: Նոյն այդ հաւաքին, որ գլխաւորած էր Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեան, ութը կազմակերպութիւնները՝ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայաստան Հիմնադրամ եւ Արարատ Օթեակ, յանձնառութիւն վերցուցին յաջորդ երկու ամիսներուն պատրաստել նորաստեղծ մարմնի կանոնագիրն ու անուանումը: Ընթացիկ տարուայ առաջին երեք ամիսներուն, նշեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած աշխատանքային յանձնախումբ մը իրերայաջորդ հանդիպումներու ընթացքին առաջացուց Հիմնական Կանոնագրութիւն մը եւ որոշեց նորաստեղծ մարմինը անուանել ԱՀՀՀ: Փաստաթուղթը ամբողջացուելէ յետոյ ուղարկուեցաւ բոլոր կազմակերպութիւններուն առաջարկելով որ գրաւոր փոխանցեն ԱՀՀՀի հանդիպումներուն իրենց կողմէ մասնակցող ներկայացուցիչին եւ անոր փոխանորդին անունները:

Մարտ 28ին, ԱՀՀՀի առաջին նիստին, նշեալ ութը կազմակերպութիւններուն կողքին կը մասնակցէին հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները. Հայ Օգնութեան Միութիւն, Արժանթինահայ Առեւտուրի եւ Ճարտարարուեստի Գրասենեակ, Ռոսարիոյի Պետական Համալսարանի Հայկական Ամպիոն, Ռոսարիոյի Հայ Համայնք, Արզումանեան Հիմնարկութիւն, Վիսենթէ Լոփէսի Հայ Կրթական Հիմնարկութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակումի Հիմնարկութիւն, Հայ Կեդրոնի Երիտասարդներ, Հայ Մշակութային Միութեան Երիտասարդութիւն, ՀԲԸՄի Երիտասարդական Լիկա, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութիւն, Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն, ՀՄԸՄ, ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական Միութիւն, Այնթապի Հայրենակցական Միութիւն եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն:

ԱՀՀՀ օժտուած է մնայուն քարտուղարութեամբ մը որուն հասցէն է Armenia 1369, Buenos Aires: Կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնով՝ (00 54 11) 4776-4451 ժամը 11-18 կամ ելեկտրոնային հասցէով՝ [email protected]

Մօտ ատենէն ԱՀՀՀ պիտի ունենայ իր կայքէջը:

ԱՀՀՀ բաց է ամէն հաստատութեան որ կ’ընդունի Հիմնական Համաձայնագրի վեց կէտերը եւ կը ստորագրէ փաստաթուղթին տակ: Աշխատանքային նիստերուն մասնակցելու համար անհրաժեշտ է Հիմնական Համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ գրաւոր կերպով փոխանցել ներկայացուցիչի մը եւ անոր փոխանորդին անունները: Մասնակցութեան մնացեալ պայմանները մանրամասնուած են Հիմնական Կանոնագրութեան մէջ:

prensaarmenia.com.ar

Տպել Տպել