ՀՕՄ-Ի Յայտարարութիւն- Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

Անցնող տարուան արցախեան հայրենիքին դէմ ազերի հորդաներուն ի գործ դրած Ապրիլեան տմարդի ներխուժումէն ասդին, արդէն իսկ նոր Ապրիլի մը անկայուն իրադրութեան սկիզբն է որ կ՛ապրինք:

Հարկ չկայ ըսելու, թէ հակառակ իր կրած պարտութեան, ատելութեամբ մոլեգնած թշնամին կը շարունակէ մնալ իր ռազմատենչ դիրքերուն վրայ: Անսալով այս իրավիճակի իրողութենէն յառաջացած նորանոր վտանգներուն՝ հայրենի թէ Սփիւռքի հայութիւնը պարտի շարունակել, աչալուրջ ու միացեալ, միատեղե՛լ իր ուժերը՝ դիմագրաւելու համար ամէն հաւանականութիւն:

Այդ միասնական ոգիով է որ, մի՛շտ մնալով համայն հայութեան կողքին՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր աշխարհատարած միաւորներով, իր սրբազան պարտականութիւնը նկատեց, ու տակաւին կը նկատէ, հասնիլ հերոսական Արցախի օգնութեան՝ ամոքելով անոր բոլո՛ր վիրաւոր զինեալներուն, սահմանամերձ աւերակի վերածուած գիւղերու ու աւաններու բնակիչներուն եւ անոնց բոլո՛ր հարազատներուն ցաւն ու վիշտը՝ բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսանալով հարկ եղած խնամքի ու վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Արդարեւ, ազերի նախայարձակ գործողութիւններուն առաջի՛ն իսկ օրէն, ՀՕՄը, իր Արցախի ու Հայաստանի միաւորներուն նուիրեալ եւ անխոնջ գործակցութեամբ, Արցախի իշխանութիւններուն ցուցմունքներով, անմիջական օգնութիւն կը հասցնէր տնազուրկ դարձած, ճակատներու վրայ կռուող, զոհուած ու վիրաւոր մարտիկներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն՝ հոգալով ու հասնելով անոնց ամէնօրեայ կարիքներուն։

Այսօր, ինչպէս ապրիլեան այդ հոգեմաշ օրերուն, երբ կենաց-մահու պայքարի մէջ էր Արցախի հերոսական ժողովուրդը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր նուիրեալ շարքերով, կը մնայ պատնէշի վրայ՝ պատրաստ ամէ՛ն զոհողութեան:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

asbarez.com

Տպել Տպել