Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կ’այցելեն Արամ Ա. Վեհափառին

Երէկ, առաւօտեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անոր հետ քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները:

Պատուիրակութիւնը Արամ Ա. վեհափառին փոխանցեց Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական, միջկուսակցական ձեռնարկներուն իր պատկերացումը: Ձեռնարկները պիտի ունենան համահայկական ու համալիբանանեան բնոյթ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ վեհափառին հետ խորհրդակցելու հայութիւնն ու հայկական պահանջատիրութիւնը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել