Ակնարկ. Մոսկուա- Անգարա Ապամերձեցման Առաջնորդող Պատահարներ

Սուրիոյ կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող ռազմական օդակայանի հրթիռակոծումը ամերիկեան մարտանաւերու կողմէ խորքին մէջ նախագահ Թրամփի զինուորական առաջին ցուցադրութիւնն էր:

Այս ցուցադրութեան անշուշտ պէտք է տրուէր մարդասիրական բնոյթ, մարդկութիւնը զանգուածային աղէտէ փրկելու առաքելութեան տպաւորութիւն: Դէպքերը կը յիշեցնեն զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունեցող իրաքեան իշխանութիւնները հիմնովին վերացնելու ամերիկեան ներխուժման պատճառաբանութիւնները:

Օրին ամբողջ աշխարհը` միջազգային ընտանիք եւ միջազգային հանրութիւն, համոզուեցաւ, որ ներկայացուած փաստերը Իրաքի օրուան իշխանութիւններուն զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունենալու առումով, շօշափելի չէին, չէին համապատասխաներ ներկայացուած վտանգին:

Հիմա բոլորը պարզ տրամաբանութեամբ հարց կու տան, որ յառաջխաղացք արձանագրող սուրիական կառավարական ուժերը ինչո՞ւ պիտի դիմէին միջազգային հանրութեան, միջազգային ընտանիքին եւ ընդհանրապէս բոլորին կողմէ դատապարտելի, անընդունելի միջոցի:

Ռուսական կողմը ամերիկեան հրթիռակոծումներուն դիմաց կը յայտնէր, որ կը դադրեցնէ Սուրիոյ մէջ օդանաւներու պատահարներու մասին յուշագիրին գործունակութիւնը. Տակաւի՛ն. կը պահանջէր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ հրաւիրէր` քննելու համար ամերիկեան հրթիռակոծումը սուրիական կառավարական զօրքերուն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակ կը յայտարարէր նաեւ, որ ամերիկեան այս գործողութիւնները վճռուած էին Իտլիպի իրադարձութիւններէն առաջ, ինչ որ պարզ կը դարձնէր, որ Իտլիպի պատահարները պարզապէս պատրուակային բնոյթ ունէին:

Փենթակոն կը հակազդէր, որ ռուսական կողմը տեղեակ պահուած էր հրթիռակոծման որոշման մասին: Եւ անշուշտ կը բացատրէր, որ քիմիական զէնքեր օգտագործած օդանաւերը հարուածուած օդակայանէն մեկնած էին, եւ թէ այնտեղ պահուած է նախագահ Ասատի վերահսկողութեան տակ գտնուող քիմիական զինամթերքը:

Դամասկոս – Թեհրան – Մոսկուա առանցքէն զատ աշխարհը ամբողջ պիտի ուզէր հաւատալ, որ իրաւամբ քիմիական զէնքը օգտագործուած է կառավարական ուժերուն կողմէ եւ թէ Թրամփի միջամտութիւնը օրինաչափ է ու ճիշդ կայացած:

Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի արանքին մէջ ոստոստող Անգարայի համար կողմնորոշուիլը կրնայ որոշ կանխատեսումներու դուռ բանալ, յատկապէս տատանուող մերձեցման գործընթացի մէջ գտնուող Մոսկուա – Անգարա յարաբերութիւններուն համար: Անգարան դրական կը գնահատէր ամերիկեան գործողութիւնները, բաւարար չէր նկատեր զանոնք եւ յաւելեալ միջոցներ կը պահանջէր սուրիացի ժողովուրդի պաշտպանութեան միջոցներ ձեռք ձգելու ուղղութեամբ:

Այս պահու դրութեամբ ամերիկեան գործողութիւնները սահմանափակ են. ռուս-ամերիկեան յուշագիրի գործունակութիւնը առկախուած է, Արեւմուտքը միաւորուած` ողջունելով Ուաշինկթընի քայլը:

Շարունակենք յենուիլ փաստացի իրողութիւններու վրայ: Կառավարական ուժերը, ռուսական կործանիչներուն հետ միասին անցած էին կրօնական ահաբեկչական խմբաւորումներու մաքրագործման աշխատանքին եւ կ՛արձանագրէին տեղաշարժ, որոշակի աջակցութեամբ նաեւ Թեհրանին: Հիմա այդ տեղաշարժը կասեցնելու կամ դանդաղեցնելու կարմիր լոյս կը վառի Ուաշինկթընի կողմէ, մինչ ոչ շատ առաջ սպառնալից փոխասացութիւններ տեղի կ՛ունենային Թել Աւիւի եւ Թեհրանի միջեւ:

21-րդ դարու համաշխարհային պատերազմի նորագոյն տարբերակը իր օրինաչափութիւններով կը շարունակուի. առնչուած կողմեր` Թեհրան, Մոսկուա, Ուաշինկթըն, Անգարա, (քողարկուած Թել Աւիւ) եւ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային դաշինքին մաս կազմող երկիրներ:

Պէտք է սպասել Մոսկուայի հակազդեցութեան, իրեն մերձեցող Անգարայի այս վերջին կողմնորոշումէն ետք: Որքան գործնականանան ամերիկեան հարուածները ռուսական հովանիին տակ գործող սուրիական ուժերուն, այնքան «կը մերձենան» Անգարան եւ Մոսկուան:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել