Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան (1893-1958). Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր յի­շո­ղու­թեան ի­մաս­տուն ջա­հա­կի­րը

«­Հա­յոց ­Հար­ցը քա­ղա­քա­կան հարց է եւ պէտք է լու­ծո­ւի միայն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յե­ղա­փո­խու­թեամբ»։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին եւ գա­լի­քին հա­մար ու­ղե­նիշ հաս­տա­տող եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր եր­թը հու­նա­ւո­րող այս պատ­գա­մը կը պատ­կա­նի ­Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեա­նի, ո­րուն մա­հո­ւան 59րդ ­տա­րե­լիցն է այ­սօր՝ Ապ­րիլ 8ին։

1958ի Ապ­րիլ 8ին, շրջապ­տոյ­տով մը Ա­ղեք­սանդ­րիա գտնո­ւած մի­ջո­ցին, յան­կար­ծա­մահ ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան, որ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ պի­տի ապ­րի իբ­րեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ներ­հուն պատ­մա­բանն ու ի­մաս­տուն գա­ղա­փա­րա­խօ­սը։

Պատ­մա­գի­տա­կան խոր պատ­րաս­տու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան լայն հո­րի­զո­նի տէր մտա­ւո­րա­կանն է ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան։ ­Պար­բե­րա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն եւ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յած իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով՝ ան հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցու­մին ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը մշա­կե­լու եւ հու­նա­ւո­րե­լու գոր­ծին մէջ։ ­Յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին կար­գե­րու բրտօ­րէն հաս­տատ­ման շրջա­նին, ձա­խա­պաշտ­նե­րու կող­մէ թափ ա­ռած պատ­մա­կան նեն­գա­փո­խում­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­գի­տա­կան դի­մագ­րաւ­ման ճա­կա­տին վրայ, ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ար­թուն պա­հա­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման եւ վե­րա­թար­մաց­ման։

Երբ 1920ա­կան­նե­րուն խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րով աշ­խար­հէն մե­կու­սա­ցուց իր լու­ծին են­թար­կած ազ­գերն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նօ­րի­նակ ծա­ւալ ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թե­նէն եւ յի­շո­ղու­թե­նէն զրկե­լու պե­տա­կան հա­մա­տա­րած ար­շաւ մը։

Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ ա­հա­ւոր մեղ­սակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կոր­ծա­նած եւ մեր հայ­րե­նի­քը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով կտրա­տած պոլ­շե­ւիզ­մը, Լե­նի­նի եւ Ս­տա­լի­նի դրա­ծոյ հայ «իշ­խա­նա­ւոր­նե­րով», ձեռ­նար­կեց ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հա­յոց ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լու, ջնջե­լու եւ նեն­գա­փո­խե­լու ա­հա­ւոր ո­ճի­րին։

«­Բուն Եր­կիր»ը եւ «­Դէ­պի Եր­կիր»ը նո­րե­լուկ մարք­սա­կան­նե­րուն կող­մէ հռչա­կո­ւե­ցան «հա­կա­պե­տա­կան» եւ «ազ­գայ­նա­մոլ» գա­ղա­փար­ներ։ ­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նը եւ ա­նոր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րա­կանգն­ման մեծ տես­լա­կա­նը դուրս քշո­ւե­ցան հա­յոց կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէն։ ­Մին­չեւ իսկ պե­տա­կան հրա­մա­նագ­րով օ­րէն­քէ դուրս հռչա­կո­ւե­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը՝ փո­խա­րի­նո­ւե­լու հա­մար ան­ցեա­լի մեր գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թե­նէն նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը խոր­թաց­նե­լու կո­չո­ւած այ­լան­դակ ուղ­ղագ­րու­թեամբ մը։

Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ եւ մեր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան ա­կունք­նե­րուն ուղ­ղո­ւած ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած­նե­րու դի­մագ­րա­ւե­լու կո­չու­մով՝ ­Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան դար­ձաւ յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան այն մար­տու­նակ փա­ղան­գին, որ ար­թուն պա­հա­կի դիր­քե­րէն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մեր սե­րունդ­նե­րուն յի­շե­ցուց խորքն ու էու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մագ­րա­ւած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ծան­րա­գոյն վտան­գին եւ զայն յաղ­թա­հա­րե­լու մար­տու­նա­կու­թեան.

«(1880ա­կան) թո­ւա­կան­նե­րի սկզբնե­րից մի ու­ժեղ շար­ժում է սկսւում հա­յու­թեան մէջ յօ­գուտ Օս­մա­նեան ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան, մտա­ւոր վե­րած­նու­թեան եւ հո­գե­կան յե­ղաշրջ­ման։ Այս վե­րած­նու­թիւ­նը կապ­ւում էր կրթա­կան գոր­ծի եւ ընդ­հան­րա­պէս մշա­կու­թա­յին վե­րել­քի եւ տնտե­սու­թեան բարձ­րաց­ման հետ։ ­Բայց ա­մէ­նէն էա­կա­նը՝ նա տե­ղի պի­տի ու­նե­նար հա­յու­թեան բո­լոր կեն­դա­նի, բարձ­րո­րակ ու­ժե­րի հա­մախմ­բու­մով Հա­յաս­տա­նում։ Ազ­գա­հա­ւաք­ման եւ ա­զա­տագ­րա­կան այս գոր­ծը հա­յու­թիւ­նը հա­կադ­րում էր նոյն ժա­մա­նակ­նե­րում թուրք ազ­գու­թեան մէջ ծնունդ ա­ռած շարժ­ման, որ խարսխ­ւում էր նախ՝ հա­միս­լա­մու­թեան եւ քիչ յե­տոյ՝ հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան վրայ։ 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րից սկսած այս եր­կու ազ­գա­յին շար­ժում­նե­րը ի­րենց ներ­հակ նպա­տակ­նե­րով կանգ­նած են դէմ դի­մաց»։

Մին­չեւ մեր օ­րե­րու հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց խմո­րում­նե­րը ի­րենց կի­զա­կէ­տին ու­նին ­Գիւ­զա­լեա­նի մատ­նան­շած մեծ հա­կադ­րու­թիւնն ու բա­խու­մը։ Եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի այ­սօ­րո­ւան գոր­ծիչ­նե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են ան­խու­սա­փե­լի սայ­թա­քու­մի, երբ անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը չեն քա­ղեր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր յի­շո­ղու­թեան ա­կունք­նե­րէն։

Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան ծնած էր 1893ին ­Փար­պի, Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ։

Մե­ծա­տուն ­Գիւ­զա­լեան­նե­րու ար­ժա­նա­ւոր շա­ռա­ւիղ էր։ Ու­սա­նե­ցաւ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը եւ պա­տա­նի տա­րի­քէն փա­րե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն՝ Հ.Յ.Դ. ա­շա­կեր­տա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով։

1914ին, ա­ւար­տե­լով ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ հան­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան դժո­ւա­րին այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, նախ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման ծա­ւալ­ման եւ, ա­պա, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ե­ռան­դուն մաս­նա­կի­ցը դար­ձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան ճամ­բով։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք իր հեր­թին ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ, ա­պա՝ ­Պալ­քան­ներ։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով՝ հե­տե­ւե­ցաւ Փ­րա­կա­յի հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­գի­տա­կան ճիւ­ղին, որ­մէ վկա­յո­ւե­ցաւ 1928ին։ Փ­րա­կա­յի ուս­ման տա­րի­նե­րը օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան քա­ջա­ծա­նօ­թի իր հմտու­թեան վրայ ­Գիւ­զա­լեան գու­մա­րէ նաեւ քսա­նե­րորդ դա­րու 20ա­կան­նե­րու Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան բարդ խմո­րում­նե­րուն մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցու­մը։

Այդ­պէ՛ս. Երկ­րէն բե­րո­ւած եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ հարս­տա­ցած իր մտա­ւո­րա­կան պա­շա­րով՝ Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան հիմ­նա­րար դեր կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պատ­մու­թիւնն ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ քա­ռոր­դի պրիս­մա­կով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու ճա­կա­տին վրայ։

1932ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ՝ նո­րա­բաց ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Ճե­մա­րա­նը, իբ­րեւ պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ։ Ա­ւե­լի քան 25 տա­րի ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան գոր­ծեց ­Ճե­մա­րա­նի մէջ, ուր պատ­մա­կան գի­տե­լիք­նե­րէ ան­դին՝ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան էա­տար­րե­րը փո­խան­ցեց եւ սոր­վե­ցուց տա­րագ­րու­թեան մէջ հա­սակ նե­տող նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։

Ու­սուց­չու­թեան կող­քին, ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան բե­ղուն աշ­խա­տանք կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան հո­լո­վոյ­թը հու­նա­ւո­րած բախ­տո­րոշ խնդիր­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի, «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ի, «­Վէմ»ի եւ «Ա­կօս»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած, կամ՝ ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւած ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով, «­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գա­ցու­մը եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը» (1927), «Ն. Ա­դոն­ցը՝ որ­պէս պատ­մա­բան» (1943), «­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան շրջան­նե­րը» (1946), «­Հին­գե­րորդ դա­րի կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շար­ժում­նե­րը» (1947), «­Հա­յոց ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նից ա­ռաջ» (1950), «­Պատ­մու­թիւն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ ­Հա­յաս­տա­նի» (1951), «­Հա­յոց ­Պատ­մու­թիւն» (1953) եւ միւս գոր­ծե­րով, ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան գլխա­ւոր եր­կու ա­ռա­ջադ­րանք ի­րա­գոր­ծեց։

Ա­ռա­ջի­նը մեր­կա­ցումն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան դի­տան­կիւ­նին հպա­տա­կեց­նե­լու խե­ղա­թիւր­ման փոր­ձե­րուն, ո­րոնք կը սպառ­նա­յին հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան։ ­Պե­տա­կան հրա­հան­գով եւ մի­ջոց­նե­րով՝ խորհր­դա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը լծո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ողջ պատ­մու­թիւ­նը ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման իր մի­ջու­կէն պար­պե­լու եւ սոսկ դա­սա­կար­գա­յին կռո­ւի պատ­մու­թեան նո­ւա­զեց­նե­լու վտան­գա­ւոր գոր­ծին։ ­Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան պատ­մա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւնն ու պա­շա­րը ի սպաս դրաւ հա­յու­թեան նո­րա­հաս­տատ սե­րունդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան զի­նու­մին՝ նման վտան­գի դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար։

Երկ­րոր­դը հիմ­նա­ւո­րումն ու այժ­մէա­կա­նա­ցումն էր գա­ղա­փա­րա­կան այն շար­ժու­մին, ո­րուն ծնուն­դը ե­ղաւ ­Հայ Ազ­գա­յին-Ա­զա­տագ­րա­կան ­Պայ­քա­րը՝ 19րդ ­դա­րու Ազ­գա­յին Զար­թօն­քէն սկսած, հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­մով ամ­րագ­րո­ւած եւ Մեծ Ե­ղեռ­նի ծան­րա­գոյն հա­րո­ւա­ծէն ­Մա­յի­սեան հրաշ­քով վե­րա­կանգ­նած։ ­Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բա­նա­վէ­ճե­րու սահ­մա­նա­փա­կու­մէն վեր բարձ­րա­ցուց եւ պատ­մա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ զար­գա­ցուց ­Լե­նի­նի ու ­Քե­մա­լի մեղ­սակ­ցու­թեամբ խոր­տա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ար­ժէ­քին, նշա­նա­կու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան հան­գա­նա­կին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեան կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան ար­թուն պա­հա­կը եւ ա­նոր հա­րա­զատ հու­նով վե­րա­նո­րոգ­ման յա­ռա­ջա­պահ ե­րախ­տա­ւո­րը։

Ինչ­պէս ե­րէկ, նոյն­պէս եւ այ­սօր հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը մեր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ պի­տի գտնէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի ու­ղին հու­նա­ւո­րող գա­ղա­փա­րա­կան լոյ­սը։ Եւ ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեա­նի պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ՝ մե­րօ­րեայ հայ պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը մտա­հան պէտք չէ ը­նէ, որ՝

«19րդ ­դա­րի երկ­րորդ կէ­սին… քուրդն ու թուր­քը միա­ցել էին՝ հա­յու­թեան դէմ կազ­մե­լով պայ­քա­րի ընդ­հա­նուր ճա­կատ։

Անհ­նար էր այս հա­կադ­րու­թիւ­նը լու­ծել խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով՝ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։ Դ­րա հա­մար պէտք էր մէկ բան, որ թուրքն ու քուր­դը ճա­նա­չէին հա­յին որ­պէս իր հո­ղին տէր, տա­յին նրա կեան­քի եւ գոյ­քի ա­պա­հո­վու­թիւն, ե­րաշ­խա­ւո­րէին նրա գո­յու­թեան տար­րա­կան պայ­ման­նե­րը, ստեղ­ծէին մի մի­ջա­վայր, ուր հա­յը կա­րո­ղա­նար ան­կաշ­կանդ զար­գա­նալ եւ գոր­ծօն դեր խա­ղալ իր բախ­տի տնօ­րին­ման մէջ։ ­Հա­յի հա­մար այս կեն­սա­կան պայ­ման­նե­րը ան­կա­րող էին ստեղ­ծե­լու թուր­քը եւ քուր­դը — ա՛յդ պատ­ճա­ռով ծա­գեց ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը»։

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել