Վրթանէս Փափազեան (1866-1920). Իրաւազրկեալներու եւ անարդարութեան զոհերու երգիչը

Ապ­րիլ 13ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ի­րա­պաշտ սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Վր­թա­նէս Փա­փա­զեա­նի։

Իր պատ­մո­ւածք­նե­րով, հե­քիաթ­նե­րով, զրոյց­նե­րով, վի­պակ­նե­րով եւ ու­ղե­ւո­րա­կան է­ջե­րով՝ Վ. ­Փա­փա­զեան կը հան­դի­սա­նայ սրտա­բուխ եր­գի­չը հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած թշո­ւա­ռու­թեան, ի­րա­ւազր­կու­մին ու տա­ռա­պան­քին, այ­լեւ պայ­ծառ գա­լի­քի յոյ­սին ու պայ­քա­րին։

Եւ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ մեր երկ­րի հա­րե­ւա­նու­թեամբ ապ­րող ճա­կա­տագ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ հայ գնջու­նե­րուն (փո­շա), քիւր­տե­րուն եւ պար­սիկ ցե­ղե­րուն, ո­րոնց կեան­քին եւ ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րուն նո­ւի­րո­ւած ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը կա­պո­ւած է Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ա­նու­նին։

1866ին ծնած ­Վան՝ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան քա­հա­նա­յի զա­ւակ էր (ա­ւագ եղ­բայրն էր դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ ­Կոմ­սի՝ ­Վա­հան ­Փա­փա­զեա­նի)։ ­Չորս տա­րե­կան էր, երբ ծխա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ քա­հա­նայ հայ­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ա­գու­լիս։

Վր­թա­նէս նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ Ա­գու­լի­սի եւ ­Թաւ­րի­զի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, ա­պա՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը, ո­րուն ըն­թաց­քը չա­ւար­տեց սա­կայն, ո­րով­հե­տեւ 15 տա­րե­կա­նին պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նե­տո­ւե­լու կեան­քի աս­պա­րէզ եւ իր ճակ­տին քրտին­քով վաս­տա­կե­լու իր ապ­րուս­տը։

Լե­զու­ներ սոր­վե­լու ըն­դու­նակ եւ գրե­լու շնորհ­քով օժ­տո­ւած պա­տա­նի Վր­թա­նէ­սին հա­մար սկսաւ ան­վերջ ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ տե­ղա­փո­խու­թեանց կեանք մը։ ­Նախ ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Պա­քու, ա­պա՝ ­Մոս­կո­ւա, այ­նու­հե­տեւ՝ դար­ձեալ ­Պո­լիս եւ ի վեր­ջոյ ­Ժը­նեւ, ուր 1891էն 1895 հե­տե­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թեանց դա­սըն­թացք­նե­րու։

Պա­քու ապ­րած շրջա­նին, Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան գտաւ կո­չու­մի իր աս­պա­րէ­զը՝ կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կից դառ­նա­լով եւ­րո­պա­կան թեր­թե­րու՝ տե­ղա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րեալ լրա­տո­ւա­կան նիւ­թե­րով եւ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեն­ցա­ղին ու ա­ւան­դին նո­ւի­րո­ւած ակ­նարկ­նե­րով։
Ըն­տե­լա­ցած ըլ­լա­լով 16 լե­զու­նե­րու՝ Վ. ­Փա­փա­զեան մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ թէ՛ Անդր­կով­կա­սի մէջ ծայր ա­ռած հա­սա­րա­կա­կան եւ ազ­գա­յին խմո­րում­նե­րուն, թէ՛ ժա­մա­նա­կի Եւ­րո­պան յու­զող ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րու ար­ձա­գանգ­նե­րուն եւ անդ­րա­դարձ­նե­րուն։

1891ին լոյս ըն­ծա­յեց թրքա­հա­յոց դառն ու դա­ժան ճա­կա­տագ­րին նո­ւի­րո­ւած իր պատ­մո­ւածք­նե­րու շար­քը՝ եր­կու հա­տո­րով, «­Պատ­կեր­ներ թիւր­քա­հա­յոց կեան­քէն» ա­նու­նով։

Ան­մի­ջա­պէս ըն­թեր­ցող­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրաւեց՝ հա­սա­րակ ու պարզ ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կո­ւած թշո­ւա­ռու­թիւ­նը, կե­ղե­քում­նե­րը եւ ա­զա­տագ­րու­մի յոյսն ու պայ­քա­րը կեն­դա­նաց­նող իր հա­մով-հո­տով պատ­մուածք­նե­րով, այլ մա­նա­ւանդ՝ հա­յու ազ­գա­յին-ցե­ղա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ մար­տու­նակ ո­գին գո­վեր­գող իր հե­քիաթ­նե­րու, զրոյց­նե­րու եւ պատ­մա­կան վի­պակ­նե­րու («Ար­տա­շէս Բ.», «­Սա­հակ եւ ­Մես­րոպ», «­Վար­դա­նանց ­Պա­տե­րազմ») պատ­գա­մով։
Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղին հար­թե­լու գոր­ծին։ ­Մօտ կանգ­նած Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան՝ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան հայ մարք­սա­կան մտա­ծո­ղու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ, այդ դիր­քե­րէն սուր քննա­դա­տու­թեան թի­րախ դար­ձուց ա­րեւմ­տա­հա­յոց թշո­ւա­ռու­թիւնն ու տա­ռա­պան­քը ա­ւե­լիով ծան­րաց­նող ներ­քին ցե­ցե­րուն՝ հայ վաշ­խա­ռու եւ փո­ղա­տէր խա­ւե­րու դա­սա­կար­գա­յին չա­րա­շա­հում­ներն ու կե­ղե­քում­նե­րը։

Յատ­կա­պէս նո­րաս­տեղծ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան մեր կու­սակ­ցու­թեանց ներ­քին մեր­ձեց­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ջա­տա­գով­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան՝ եր­բեմն ուղ­ղա­կի իր վրայ կրե­լով սե­փա­կան գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րէն ե­կող դա­տա­պար­տան­քի ու ցե­խար­ձակ­ման ա­նար­դար, այ­լեւ ծանր ճնշու­մը։ Այ­սու­հան­դերձ՝ իբ­րեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի, Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան, կամր­ջո­ղի՛ դեր կա­տա­րեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թեանց մի­ջեւ, ա­նոնց ծայ­րա­յեղ ձախ թե­ւին կանգ­նած ըլ­լա­լով մէկ­տեղ՝ խո­րար­մատ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան շուն­չը միշտ վառ պա­հեց իր գրա­կա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ա­նընդ­հատ տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րուն տուն տո­ւաւ նաեւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քը ա­մէն կար­գի բռնու­թիւն­ներն ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը խօս­քով ու գոր­ծով ձաղ­կող ու պայ­քա­րող հայ գրո­ղին դէմ։ Իր գոր­ծե­րէն ո­մանց հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ար­գի­լո­ւե­ցաւ, մին­չեւ իսկ ցա­րա­կան գրաքն­նու­թեան կող­մէ ո­րոշ գոր­ծեր հրա­պա­րա­կէն հա­ւա­քո­ւե­ցան ու փճա­ցո­ւե­ցան։

Իսկ հա­մի­տեան եւ իթ­թի­հա­տա­կան կո­տո­րած­նե­րը դա­տա­պա­րող իր գոր­ծե­րուն պատ­ճա­ռով՝ նաեւ օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ հա­լա­ծան­քի են­թար­կո­ւե­ցաւ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան, ո­րուն դէմ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շում ալ կա­յա­ցուց, բայց յե­ղա­փո­խա­կան գրո­ղը կրցաւ խոյս տալ ու ա­պաս­տա­նիլ Անդր­կով­կաս։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան իր կեանքն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը նո­ւի­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քին՝ պայ­ծառ գա­լի­քին յոյսն ու պայ­քա­րը շնչա­ւո­րե­լու եւ ծա­ւա­լե­լու նպա­տա­կին։

Բախ­տը ու­նե­ցաւ նաեւ տես­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մը եւ ի վեր­ջոյ մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր եւ մա­հա­ցաւ 1920ին։
Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձին նուի­րո­ւած այս վկա­յու­թիւ­նը պսա­կող պատ­գամ մը թող ըլ­լայ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ե­րախ­տա­ւո­րին պարզ ու խո­րի­մաստ ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝

«Այդ­պէ՛ս է. ստրուկ մե­ծա­ցա­ծը՝ ա­ռանց վա­խի, յար­գանք չգի­տէ, ե­թէ մէ­կին յար­գանք է ցոյց տա­լիս — դա վա­խե­նա­լուցն է։ ­Չէ՞ որ կան մար­դիկ, ո­րոնք պաշ­տում են ժայ­ռեր, ո­րով­հե­տեւ վա­խե­նում են նրան­ցից, կեն­դա­նի­նե­րի, ո­րով­հե­տեւ սոս­կում են նրանց յար­ձա­կում­նե­րից»։

Ա­հա՛ եւ պա­տա­ռիկ մը իր գրա­կա­նու­թե­նէն.

«­Կոր­սո­ւած Ար­դա­րու­թիւ­նը»

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան

Մի ան­գամ Ար­դա­րու­թիւնն ան­հե­տա­ցաւ յան­կարծ։

Ա­սենք, նա յա­ճախ էր կորս­ւում։

Խու­սա­փե­լով ի­րեն ծիւ­րող, պատ­նէ­պատ խփող, լլկող ան­ձե­րից, յա­ճախ նա փախ­չում էր լեռ­նե­րը, պահ­ւում աշ­խար­հիս հե­ռա­ւոր ան­կիւն­նե­րում։ ­Բայց ա­մէն ան­գամ, այս­պէս կամ այն­պէս, յա­ջող­ւում էր նրան գտնել, բռնել, վան­դա­կի կամ սնդու­կի մէջ դնել, ու­զա­ծին պէս գոր­ծա­ծել… չար­չա­րել։
Այս ան­գամ սա­կայն, չգի­տեմ ի՞նչ հնար­քով, Ար­դա­րու­թեա­նը յա­ջո­ղո­ւեց լաւ ան­հե­տա­նալ, այն­պէս լաւ թաք­նո­ւեց, որ մար­դիկ ա­ղօթ­քով, ե­զո­ւի­տու­թեամբ, ու­ժով կամ ոս­կո՛վ իսկ ան­կա­րող ե­ղան նրան գտնե­լու։

Սկ­սո­ւեց մեծ ի­րա­րան­ցում։ Ա­ռանց Ար­դա­րու­թեան դժո­ւար էր ապ­րել, մա­նա­ւանդ որ նրա ան­հե­տա­նա­լո­վը բազ­մա­նում էին մարդ­կու­թեան «օգ­տա­կար» շա՛տ հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ շատ աղ­տո­տու­թիւն­ներ, որ­պի­սիք են՝ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, ա­նի­րա­ւու­թիւն, խա­բէու­թիւն, ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն եւ այդ­պի­սի շատ այլ թոյ­ներ, ո­րոնց այն­քան լաւ դի­մա­կա­ւո­րում էր Ար­դա­րու­թիւ­նը:

Եւ ա­հա՛ Ար­դա­րու­թեա­նը փնտռե­լու ե­լաւ նախ մի պա­տե­րազ­միկ-ազ­նոա­կան։ ­Շատ զօրք ժո­ղո­վեց, վաշտ ու գունդ կազ­մեց եւ եր­դո­ւեց, որ Ար­դա­րու­թիւ­նը ո՛ր ծա­կը մտած լի­նէր, պի­տի հա­նէր, ձեռքն ու ո­տը կա­պած՝ պի­տի մէջ­տեղ բե­րէր։

Այդ պատ­ճա­ռով իսկ, ոտ­նա­կոխ տա­լով նա գիւղ ու քա­ղաք, ա­րիւն սփռե­լով դաշտ ու ձոր, ջար­դեց, սրա­մաշ ա­րաւ ա­մէն ինչ, տակ­նուվ­րայ դարձ­րեց ա­մէն բնա­կու­թիւն, եւ այդ­պէս ա­ռաջ էր գնում՝ յու­սա­լով բռնել Ար­դա­րու­թեա­նը։

Ն­րա­նից յե­տոյ ճա­նա­պարհ ըն­կաւ Ար­դա­րու­թեա­նը ո­րո­նե­լու մի շատ հա­րուստ մե­ծա­տուն։ Ոս­կի ու ար­ծաթ, զարդ ու զար­դա­րանք բար­ձեց ուղ­տե­րի եւ, վստահ իր ոս­կու վրայ, տնից դուրս ե­կաւ։ Ա­սում են, որ մի քա­նի հատ էլ սի­րուն կա­նայք վերց­րեց, որ ոս­կու փայ­լի վրայ գե­ղեց­կու­թեան հրա­պոյրն էլ ա­ւե­լաց­նէր։

— ­Կը տես­նէք,- պնդում էր նա,- Ար­դա­րու­թեա­նը ոս­կովս պի­տի գնեմ, կա­նան­ցով պի­տի գրա­ւեմ եւ, սնդու­կիս մէջ դրած՝ պի­տի մէջ­տեղ բե­րեմ։
Այդ­պէս էր ա­հա, որ բռունցքն ու ոս­կին գնա­ցին Ար­դա­րու­թեա­նը ո­րո­նե­լու… Եւ դեռ գնում են։

Թո՜ղ գնան։

Տես­նենք այժմ, թէ ո՞վ էր այն եր­րորդ ան­ձը, որ խեղճ ու կրակ, ցնցո­տիք հա­գին, ճա­կա­տը վշտե­րով խոր-խոր ա­կօ­սած, մտա­ծեց ել­նել Ար­դա­րու­թեա­նը ո­րո­նե­լու։

Ա­սենք ազ­նո­ւա­կա­նը սուր ու­նէր, հա­րուս­տը՝ ոս­կի, իսկ աս ի՞նչ ու­նէր, ին­չո՞վ պի­տի գտնէր Ար­դա­րու­թեա­նը։

Թ­շո­ւառն էր դա։ ­Բո­լոր ըն­ծա­նե­րի փո­խա­րէն էլ տա­րածն էր մի չնչին սրո­ւակ, որ ա­մուր կեր­պով սեղ­մել էր կրծքին եւ յա­մա­ռու­թեամբ ճա­նա­պարհ ըն­կել։ ­Բանն այն է, որ սրո­ւա­կը լցրել էր մի չլսո­ւած հե­ղու­կով։ Որ­բից մի ար­ցունք, ըն­կա­ծից մի հա­ռաչ, գոր­ծա­ւո­րից մի դա­ռը քրտինք… ­Մի խօս­քով, վշտե­րի ար­ցունք­նե­րից մի-մի կա­թիլ ժո­ղո­ված, լցրել էր շի­շը, պինդ փա­կել եւ կար­ծում էր, թէ տա­րածն ան­շո՛ւշտ պի­տի գրա­ւէր Ար­դա­րու­թեա­նը։

Ու քայ­լում էր։ Անց­նե­լով մեծ-մեծ քա­ղաք­նե­րից, խուլ, հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րից, քայ­լում էր ան­խոնջ, ձո­րեր ցած իջ­նում, լեռ­ներն ի վեր ել­նում, ա­մէն քայ­լա­փո­խին էլ կանգ առ­նե­լով՝ գո­չում.

— Ո՞ւր ես, Ար­դա­րու­թի՛ւն։

Ար­դա­րու­թիւ­նը չկար։ Ո՛չ ե­րե­ւում էր, ո՛չ էլ ձայն տա­լիս։

Ա­նօ­թի, ծա­րաւ, յոգ­նած, վշտա­լից, եր­կար թա­փա­ռեց թշո­ւառն ա­մէն ուղ­ղու­թեամբ, սրտի վրայ սեղ­մած ու­նե­նա­լով սրո­ւա­կը, ո­րի հե­ղու­կը սկսել էր ե­ռալ ու տա­քա­նալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը սա­կայն չխղճաց նրան էլ. ո՛չ ե­րե­ւաց, ո՛չ էլ գո­յու­թիւ­նը յայտ­նեց։

Վեր­ջա­պէս, երբ յու­սա­բեկ եւ ու­ժաս­պառ հա­սել էր լե­րան կա­տա­րին, նստեց մի ժայ­ռի վրայ եւ սկսեց մտա­ծել, թէ ի­զուր էր Ար­դա­րու­թիւն ո­րո­նե­լը, քա­նի որ խու­սա­փում էր նա թշո­ւա­ռից ան­գամ։

Եւ երբ այդ­պէս մտա­ծեց, բար­կա­ցած հա­նեց ծո­ցից սրո­ւակն ու խփեց ժայ­ռին։

— Գ­նա՛, ոչն­չա­ցի՛ր,- գո­չեց նա,- ի­զուր են բո­լոր վշտերն ու ար­ցունք­նե­րը. Ար­դա­րու­թիւ­նը թշո­ւա­ռին չի՛ սի­րում…

Բայց հա­զիւ թէ սրո­ւա­կը փշրո­ւել էր, լսո­ւեց մի ա­հեղ ո­րո­տում, հո­սած ար­ցունք­նե­րից թանձր ծուխ բարձ­րա­ցաւ, փրփրեց, ո­լո­րո­ւեց, եւ նրա մի­ջից, ա­հա­բեկ թշո­ւա­ռի ա­ռաջ, դուրս ցցո­ւեց մի ա­հեղ հսկայ։

Սար­սա­փած թշո­ւառն ըն­կաւ ե­րե­սի վրայ։
— Ե­լի՛ր,- կան­չեց հսկան մե­ծա­ձայն,- ե­լի՜ր եւ մի՛ վա­խե­նայ։— Ո՞վ ես դու, ա­հե՛ղ ո­գի,- հարց­րեց թշո­ւա­ռը։

— Ե՞ս,- գո­չեց հսկան,- ես ­Բո­ղոքն եմ, որ ծնայ այդ թա­փած ար­ցունք­նե­րից եւ որ պի­տի աշ­խարհ բե­րեմ ան­հե­տա­ցած Ար­դա­րու­թեա­նը… ­Նա­յի՜ր…
Ա­պա՝ ար­շա­լոյ­սի կարմ­րո­րակ լոյ­սի մէջ ցցո­ւեց հսկա­յի վեհ հա­սա­կը, դար­ձած դէ­պի բարձ­րու­թիւն­նե­րը, ուր սկսել էր մի փո­թո­րիկ եւ ուր գե­տինն ամ­բողջ դո­ղում էր դղրդիւ­նով։
Եւ հե­ռուն, հսկա­յի պար­զած ձեռ­քի կող­մը, մի կոյտ մա­քուր ամ­պե­րի բա­ցո­ւած­քից, ե­րե­ւան ե­կաւ թաք­նուած Ար­դա­րու­թիւ­նը՝ խո­րունկ, տխուր հա­յեաց­քով, ա­ռանց կշեռ­քի, ա­ռանց մեծ սրի* (Հ­նում Ար­դա­րու­թիւ­նը նկար­ւում էր որ­պէս մի դի­ցու­հի,աչ­քե­րը կա­պած, մի ձեռ­քին սուր եւ միւ­սին՝ կշեռք)։
— Ե՛կ, Ար­դա­րու­թիւն,- կան­չեց ­Բո­ղո­քը,- ես ծնո­ւել եմ, եւ իմ ձայ­նը թող քեզ հա­մար կշեռք ու սուր դառ­նայ, ե՛կ, Ար­դա­րու­թիւն…
Բայց Ար­դա­րու­թիւնն ան­շարժ ու տխուր՝ նա­յեց նրան, նա­յեց թշո­ւա­ռին եւ ա­սաց.
— ­Դեռ ո՛չ… դեռ դու փոքր ես. գնա՛, քայ­լի՛ր, կու­տա­կի՛ր ար­ցունք, կու­տա­կի՛ր վշտեր, մե­ծա­ցիր, որ­պէս ով­կիան, կա­տա­ղի՛ր որ­պէս հե­ղե­ղատ, եւ այն ժա­մա­նա՛կ միայն ես կը գամ իմ սրով եւ իմ կշի­ռով…

Ա­պա՝ ամ­պը սա­հեց, եւ Ար­դա­րու­թիւ­նը նո­րից ան­հե­տա­ցաւ իր ան­մատ­չե­լի բարձ­րու­թեան մէջ…

Այդ օ­րո­ւա­նից ա­հա՝ պա­տե­րազ­միկ զօ­րեղն ա­րիւ­նի մէջն է ո­րո­նում Ար­դա­րու­թիւ­նը, հա­րուս­տը՝ ոս­կու, եւ թշո­ւա­ռը, նստած իր վշտե­րի մօտ, ար­ցունք­նե­րով մե­ծաց­նում է Բո­ղո­քին, որ նա՛ վե­րա­կո­չէ աշ­խար­հում՝ կոր­սո­ւած Ար­դա­րու­թիւ­նը…

Տպել Տպել