Կոչ Աւստրալահայութեան – Ամրապնդենք Մեր Պայքարի Հիմքերը

Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի ոգեկոչումները այս տարի տեղի կ’ունենան միջազգային եւ քաղաքական գետնի վրայ աննախընթաց բարդ կացութեան մէջ, ուր մեծապետական Արեւմտեան եւ Արեւելեան գլխաւոր ուժերու միջեւ ստեղծուած աննախատեսելի հակադրութիւնը հասած է վտանգաւոր մակարդակի եւ կրնայ յանգիլ աղետաբեր հետեւանքներու:

Մտահոգիչ այս կացութեան մէջ, երբ մէկ կողմէն մեր հայրենիքը կ’ուղղուի դէպի աւելի ամուր ժողովրդավարական կարգեր, իսկ միւս կողմէն մեր թշնամի երկիրը՝ Թուրքիան կ’ուղղուի դէպի աւելի միապետական ու բռնատիրական կարգեր, միջազգային քաղաքական ընտանիքին համար աւելի յստակ կը սկսի դառնալ, թէ ցեղասպանութենէն դար մը ետք, ո՞վ է յառաջդիմական ու համամարդկային արժէքներով առաջնորդուող ժողովուրդը եւ ո՞վ է յետադիմական ու վայրագ ուժի գործադրութեան ապաւինող ժողովուրդը:

Այս երեւոյթը կ’ամրապնդէ մեր պայքարի հիմքերը ու զգալի առաւելութիւն կու տայ մեր արդարացի դատի հետապնդման, հետեւաբար հիանալի առիթ մը ստեղծուած է, որմէ պէտք է կարենանք օգտուիլ, միաւորելով մեր ուժերը ու օգտագործելով մեր կարելիութիւնները:

Եթէ անցեալին մեր պայքարը մէկ ուղղութեամբ կ’ընթանար, այսօր արդէն յստակ է որ պիտի ընթանայ երեք ուղղութիւններով, որովհետեւ հայկական հարցը տեղադրուած է պատմական, քաղաքական ու իրաւական դաշտերուն մէջ եւ այդ ուղղութիւններով պէտք է առաջնորդուին մեր բոլոր աշխատանքները: Այսինքն պատմական փաստերու հետապնդումով յաւելեալ երկիրներու ճանաչումը ապահովել, քաղաքական բարենպաստ կացութիւններէն օգտուելով մեծապետական երկիրներու դիրքորոշումները ի նպաստ մեզի դարձնել եւ իրաւական հարցերու հետապնդումով միջազգային ատեաններու մէջ յաղթանակներ արձանագրել ու իրաւունքներու տիրանալ:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ակնյայտ է թէ ինչպիսի անդուլ ու հետեւողական աշխատանքներ մեզմէ կը պահանջուին, որուն համար առաջին հերթին պէտք է միաւորենք մեր բոլոր կարելիութիւններն ու կարողականութիւնները եւ ապա անվհատ վճռակամութեամբ մեր պայքարը մղենք վերոյիշեալ երեք ուղղութիւններով ու արժանի ժողովուրդը դառնանք մեր մեծ հայրերու թափած արեան:

Այս իրականութիւնները այսօր հասկնալն ու գործադրելը մեր պարտաւորութիւնն է եւ եկած է պահը, որ ներկայ քաղաքական այս բարդ կացութիւնը ի նպաստ մեզի օգտագործել կարենանք ու հասնինք յաջողութիւններու:

Լրջախոհութեամբ ու լաւատեսութեամբ դիմաւորենք այս եզակի առիթը եւ անկասկած որ յաղթանակն ու յաջողութիւնը մեզի պիտի ըլլան:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

armenia.com.au

Տպել Տպել