Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում:

«Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան, Աթեֆ Մաժտալանի եւ Նաժի Ղարիոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, զինուորականներ եւ լրագրողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումը սկսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած պատկերասփռուած պատգամով:

Արամ Ա. կաթողիկոս ֆրանսերէնով ողջունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ապրիլ 24-ի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան կազմակերպումը եւ ըսաւ, որ բոլոր կողմերուն ներկայութիւնը այս ձեռնարկին գործնական եւ յոյժ կարեւոր արտայայտութիւն է զօրակցութեան` հայ արդար դատին: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, իսկ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան պատիժը` ըստ միջազգային օրէնքին, բարոյական, օրինական եւ քաղաքական յանձնառութիւն է, իսկ պատիժէն խուսափիլը` անիրաւութիւն եւ Ցեղասպանութեան շարունակութիւն: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ըստ միջազգային օրէնքին, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ մասնաւորաբար այդ ոճիրներուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անքակտելի են, այլ խօսքով` ճանաչումը կ՛ենթադրէ սխալի ուղղում:

Արամ Ա. վեհափառը նաեւ նկատեց, որ հայ ժողովուրդը 20-րդ դարուն գործուած ցեղասպանութեան առաջին զոհն է, որ կը շարունակէ աննկուն կամքով արդարութիւն պահանջել, մինչ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն բռնի կերպով գործադրել իրենց քաղաքական բանակցային քաղաքականութիւնը: Դժբախտաբար ներկայ իրավիճակին մէջ միջազգային իրաւունքները եւ մանաւանդ մարդկային իրաւունքները ընդհանրապէս կը շարունակեն մնալ պատանդ քաղաքական իրադրութեան: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք կրնանք ուրանալ կամ անտեսել իրականութիւնը, բայց չենք կրնար մոռնալ կամ թաղել զայն: Թուրքիան պէտք է յարգէ իր անձնական պատմութիւնը, փոխէ իր ուրացման եւ ժխտողական ռազմավարութիւնը եւ ընդունի իրականութիւնը. այո՛, իրականութիւնը կը նեղացնէ, սակայն ի վերջոյ ան կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտեցում եւ ապաքինում»:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ պատմութիւնը յստակօրէն կը յայտնէ, որ ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին նկատմամբ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ` տեսլական, մանաւանդ եթէ ազգը յանձնառու է իր հոգեւոր, մշակութային, օրինական եւ քաղաքական պայքարին` ի խնդիր իր օրինական իրաւունքներուն: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Լիբանան վճռական դեր կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին, իսկ լիբանանցիները` իսլամ թէ քրիստոնեայ, մայրիներու երկրին մէջ բացառիկ ու օրինակելի կերպով եւ արտակարգ հիւրընկալութեամբ իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին օսմանեան նախճիրէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներն ու որբացած հայերը:

Ան ըսաւ, որ հայու վերածնունդը սկսած է Լիբանանի մէջ: Այս պատճառով ալ Լիբանան իր յատուկ տեղն ու դերը ունի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայորդիներուն սրտին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ իր ծնողները Ցեղասպանութենէն փրկուած են, եւ իր հայրը ֆրանսական բանակին մէջ զինուորական ծառայութեան աւարտին նախընտրած է մնալ այս երկրին մէջ: Ան ըսաւ. «Ես աչքերս բացի Լիբանանի երկինքին տակ եւ ճանչցայ լիբանանցի ըլլալու իմ պարտականութիւններս, պարտաւորութիւններս եւ պատասխանատուութիւնս: Իրականութեան մէջ լիբանանցի ըլլալ չի նշանակեր լիբանանեան անցագիր ունենալ, լիբանանցի ըլլալը սուրբ հրաւէր է եւ կուռ յանձնառութիւն` յանուն ազատ ու գերիշխան Լիբանանի, որ կը յատկանշուի համերաշխութեամբ եւ բազմազանութեամբ` իսկական եւ լիիրաւ միասնականութեան ընդմէջէն»:

Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ա՛յս է մեր ճանչցած Լիբանանը. ա՛յս է լիբանանահայերուն հաւատամքը, հետեւաբար պէտք չէ կորսնցնենք Լիբանանի լիբանանականութիւնը, այլ պէտք է պաշտպանենք այս երկրի արժէքները, ժառանգութիւնը, սկզբունքները եւ տեսիլքը, որոնք լիբանանեան ինքնութեան իւրայատկութիւնը կը հանդիսանան: Ապրիլ 24-ը հրաւէր է, այլ խօսքով մարտահրաւէր` վերջնական ու յստակ որոշում կայացնելու, արդարութիւնը, մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ա՛յս է ապրիլ 24-ի պատգամը»:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ Ռիշար Գույումճեան, որ յայտնեց, թէ երրորդ տարին ըլլալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու աւանդը:

Ան անդրադարձաւ իր նահատակներուն յիշատակը յարգող հայ ժողովուրդին արժանիքին` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութիւնը հայութեան համար տակաւին իր աւարտին չհասած սգատօն մըն է, այնքան ատեն որ Թուրքիա չի ճանչնար հայ ժողովուրդին դէմ իր նախնիներուն գործած Ցեղասպանութիւնը եւ չի հատուցեր հայ ժողովուրդին:

Ռ. Գույումճեան լուսարձակի տակ առաւ հայուն ապրելու կամքն ու հաւատքը` հաստատելով, որ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթէ: Ան նշեց, որ Հայ դատը գոյութեան, հաւատքի եւ ազատութեան դատ է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ միացեալ ապագայ:

Ռ. Գույումճեան շեշտեց նաեւ, որ հայերն ու լիբանանցիները միասնաբար պիտի շարունակեն իրենց պայքարի ուղին` շեշտելով հայոց հայրենասէր ըլլալու իրականութիւնը եւ խստիւ մերժելով այլոց կողմէ հայերուն հայրենասիրութեան դասեր տալու փորձերը:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տագէսեան իր խօսքով զուգահեռներ գծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ 6 մայիս 1916-ի լիբանանցի նահատակներուն միջեւ` հաստատելով, որ երկուքին պարագային ալ դահիճը եղած է նոյնը` Օսմանեան կայսրութիւնը, յատկապէս պատասխանատու նկատելով Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը:

Ա. Տագէսեան անդրադարձաւ թուրանական երազին` հաստատելով, որ Ա. Աշխարհամարտը յարմար առիթ մը հանդիսացաւ, որ Թուրքիա գործադրէ իր ճիւաղային ծրագիրը:

Ան Հայոց ցեղասպանութեան ամփոփ պատմականը կատարեց` բարձր գնահատելով թուրք այլախոհներուն տեսակէտը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ թրքական պետութիւնը հրաւիրելու, որպէսզի ան իր կարգին ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:

ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ս. Գալփաքեան կարդաց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Աշխատեցէ՛ք, կործանեցէ՛ք այս ցեղը…» գրութեան արաբերէն թարգմանութիւնը` հաստատելով, որ այդ գրութիւնը գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը չէ, «այլ` 102 տարուան կեանք, որ այսօր Մեհրապի մէջ կը դրսեւորուի»:

Ս. Գալփաքեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը

կը բխի ազատութիւնները պահպանելու համար բոլորին դէմ պայքարելու այդ կուսակցութեան աւանդէն:

Գալփաքեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը կը պայքարի ի խնդիր արդարութեան` աւելցնելով, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ եւ հատուցէ հայ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ ապրիլ 23-ի գիշերը հայ մտաւորականութիւնը անճիտած Թուրքիան պէտք է տեսնէ, որ 102 տարի ետք մենք հոս ենք եւ ամէն տեղ Հայաստան հիմնած ենք:

Ս. Գալփաքեան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, որ հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը չի մոռնար եւ հաւատարիմ կը մնայ նահատակներու ժառանգութեան:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, թէ ինք հպարտ կը զգայ Մեհրապ գտնուելուն համար` նկատի ունենալով, որ ազատութեան, արդարութեան եւ արժանապատուութեան համար մղուած պայքարը մէկ է` անիրաւութեան եւ անիրաւողին դէմ արդարութիւն պարտադրելու համար:

Այս առիթով Յ. Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.

«Ամէն տարի, երբ այս օրերը կը մօտենան, միտքերս կը փորձեմ ամփոփել եւ հարց կու տամ ես ինծի. «Արդեօք հայրս ի՞նչ մեղք գործած էր, որ ան արժանի չդարձաւ ճանչնալու իր հայրը, որ զոհուած էր 20-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան գործած առաջին Ցեղասպանութեան ընթացքին»:

Հարց կու տայի եւ կը շարունակեմ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ ես մեծ հօր ու տարեց ազգականներու սիրոյ եւ գուրգուրանքին չեմ արժանացած: Իսկ ինձմէ առաջ, իմ սերունդիս պատկանող շատ շատեր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ չեն ունեցած եւ իրենց մեծ հայրերուն օրհնութիւնը չեն ստացած»:

Այսօր ես հարց չեմ տար այն դրդապատճառներուն մասին, որոնք թրքական իշխանութիւնները մղեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելու, ժողովուրդ մը ամբողջ իր արմատներէն խզելու, սպանդի եւ բռնագաղթի ենթարկելու, մէկուկէս միլիոն մարդ անպատսպար ձգելու: Հարց չեմ տար բռնագրաւուած հողերուն, պատմական հարստութիւններուն, կազմակերպուած կերպով աւազակութեան ենթարկուած կալուածներուն եւ ինչքերուն,

եւ ոչ ալ սպանութեան այն վայրագ ձեւերուն ու միջոցներուն մասին, որոնք գործադրուեցան օտար դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց, լրագրողներուն եւ միսիոնարութիւններու աչքին դիմաց:

Այսօր ես անկարող եմ փակել աչքերս, հաւաքել մտքերս եւ աղօթել նահատակներուն հոգւոյն համար, արդարութեան եւ իրաւունքի նահատակներուն, ազատութեան եւ արժանապատուութեան նահատակներուն համար, որովհետեւ կ՛ապրիմ Ցեղասպանութեան ու Մեծ Եղեռնի օրերը, բռնագաղթի օրերը, սառնարիւնութեամբ մարդ սպաննելու օրերը, բռնաբարումի եւ հաւաքական քանդումի օրերը, անտարբերութեան օրերը, հնչեղ կարգախօսներու եւ սին կեցուածքներու օրերը, մարդկութենէ հրաժարելու օրերը:

Այո՛, այսօր անկարող եմ շնչելու, որովհետեւ վարկաբեկուած ու պախարակուած կը զգամ ի տես այս լուսանկարներուն տգեղութեան, տանջանքին ու մարդ արարածին մարդկութենէ դատարկուելուն:

Մէջբերելով արաբ մեծ բանաստեղծին խօսքերը.

«Բոլոր արաբ մանուկները մէկ գերեզմանի մէջ կը թաղուին, անոնցմէ ոմանք հարաւային Լիբանանի մէջ կը թաղուին:

Ոմանք կը հանգչին Կոլանի բարձունքներուն տակ, իսկ ոմանց դիակները կը բզկտուին Տիգրիսի եւ Եփրատի ձուկերուն կողմէ»:

Արդեօք Տիգրիսի եւ Եփրատի ջուրերուն մէջ գտնուող ձուկերը տակաւին չկշտացա՞ն:

Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ թուրք զինուորները բռնագաղթի ենթարկուած հայերը կը հալածէին անապատներուն մէջ, հազարաւոր կիներ ու երեխաներ ստիպուեցան իրենք զիրենք նետել Տիգրիսի եւ Եփրատի մէջ: Հազարներու արիւնը շաղախուեցաւ սուրիական եւ իրաքեան անապատներու հողերուն, այն աստիճան, որ այդ շրջանները վերածուեցան հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ արեան մկրտարաններու:

Հազարաւոր հայեր թաղուեցան հաւաքական գերեզմաններու մէջ Մարկատէի, Շատտատէի, Տէր Զօրի, Ռասուլ Այնի մէջ, ինչպէս որ այսօր հազարաւորներ կը թաղուին Կազայի, Ռամալլայի, Գալիլիոյ, իրաքեան շրջաններու, Մուսուլի, Նինուէի եւ Սուրիոյ գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով կը հաստատենք, որ եթէ այդ Ցեղասպանութիւնը ծրագրող պատասխանատուները պատժուէին, ապա Հիթլեր պիտի չյանդգնէր ցեղասպանութիւն գործել, ինչպէս որ Շարոն, Նեթանիահու եւ սիոնական ջարդարարներ ցեղասպանութիւններ եւ սպանդներ պիտի չհամարձակէին գործել` Պաղեստինեան հողերուն եւ Լիբանանի մէջ, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները պիտի չպատահէին, ոչ ալ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին մէջ հաւատադրժողականներուն կողմէ վայրագութիւն եւ սպանդ պիտի արձանագրուէր:

Փետրուար 1915-ին, թրքական Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներէն Նազըմ ըսաւ. «Սպանդները եւ ջարդերը կարեւոր են, որովհետեւ թրքական ծագում չունեցող որեւէ տարր, ինչ ազգի որ ալ պատկանի ան, պէտք է ոչնչանայ»:

Ապրիլ 1915-ին Էնվեր փաշան Ճեմալ փաշային ըսաւ, որ թրքական կառավարութիւնը իր ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը պիտի չվերագտնէ, բացի երբ թրքական կայսրութիւնը հայոց եւ լիբանանցիներուն գոյութենէն ձերբազատի: Առաջինը սուրով ջարդեցինք, իսկ երկրորդը սովի միջոցով պիտի ոչնչացնենք:

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Ա. քարտուղար Միտհաթ Շեւքեթի հետ զրոյցի մը ընթացքին բժիշկ Ռեշիտ հոճա հայոց մասին ըսած է. «Հակառակ անոր որ ես բժիշկ եմ, չեմ կրնար աչք խփել թրքական իմ ազգութեանս: Ես այս աշխարհը իբրեւ թուրք եկած եմ. անոնք միջատներ են, եւ արդեօք բժիշկին պարտականութիւնը չէ՞ միջատները սպաննել: Իսկ ինչ կը վերաբերի պատմական պատասխանատուութեան, ապա զիս բնաւ չի հետաքրքրեր, թէ պատմաբաններ իմ մասիս ի՛նչ պիտի գրեն»:

Հետեւաբար ես միջատ մըն եմ այդ միջատներէն, իսկ մենք բոլորս միջատներ ենք` անոնց կարծիքով:

Ես թոռն եմ հայ նահատակի մը, իսկ դուք թոռներն էք սովի նահատակներուն, անիրաւութեան նահատակներուն: Մենք կը գտնուինք մէկ դահիճի եւ մէկ քաղաքականութեան դիմաց: Կանգնած ենք պետութեան մը առջեւ, որ թուրանականութենէ բացի ոչինչ կը ճանչնայ, իսլամականութիւնը կը շահագործէ եւ անոր միակ երազն է վերադառնալ շրջան եւ հարուածել անոր բնակիչները:

Մենք` ոճիրի զոհերս, Ցեղասպանութեան զոհերս, միջազգային լռութեան զոհերս, ժողովրդավարութեան, պետութիւններու փոխադարձ շահերու զոհերս հաւաքուած ենք: Այդ պետութիւնները արդարութեան, մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին քարոզելով կը շարունակեն տիրել, սպաննել, եւ արտօնել օտարին, որ սպանդներ ու բռնարարքներ գործէ ժողովուրդներուն դէմ, որոնց «յանցանքները» կը նկատուին իրենց ինքնութիւնը չուրանալու, ուրիշը յարգելու, մարդկութեան եւ արդարութեան յաղթանակին հանդէպ հաւատքը պահելու արժանիքները:

Այսօր հաւաքուած ենք հոս` յիշելու, թէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը` մեր մեծ հայրերն ու հայրերը, իրենց բնակարաններուն եւ հայրենիքին մէջ զոհուեցան, անպատսպար մնացին եւ անճիտուեցան համաշխարհային ժողովրդավարութեան աչքերուն դիմաց եւ Տէր Զօրն ու Մարկատէն դարձան անոնց գերեզմանները:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու բոլոր անոնց, որոնք ուզեցին ցեղասպանութեան եւ նախճիրներով արմատական լուծում գտնել եւ իրականացնել թուրանական բռնատիրական երազը, թէ անոնց երազը կարելի չէ եղած իրականացնել, որովհետեւ այդ ժողովուրդները, եւ այդ ժողովուրդներուն թոռները տակաւին կը գոռան. մենք կանք եւ հոս ալ պիտի մնանք:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու` կանխարգիլելու նպատակով:

Իսկ նման Ցեղասպանութիւն կանխարգիլելու համար կայ միջազգային պատասխանատուութիւն, որ պէտք է ստանձնուի բոլորին կողմէ, որովհետեւ մէկ ոճիրը բաւարար է այլ ոճիրներու դիմաց դռները բանալու:

Մեր ներկայութիւնը հոս` լիբանանցիներուն կողքին, կը վկայէ, թէ ժողովուրդները կը շարունակեն գոյատեւել իրենց անմեղ նահատակներուն շնորհիւ, իրենց հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներուն պատմութիւնը պէտք է ըլլայ արդարութեան ի խնդիր անոնց մղած պայքարին առանցքը:

Իսկ նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումէն աւելի կարեւոր է անոնց սուրբ աւանդին եւ արդար դատին նկատմամբ հաւաքական հաւատարմութիւնը: Մեր ժողովուրդին բռնաբարուած իրաւունքներուն դիմաց ցուցաբերուած լռութիւնը անձնատուր ըլլալու համազօր է: Այս պարագային լռութիւնը, ինչպէս բնորոշած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, նահատակներուն եւ անոնց ժառանգութեան դաւաճանութիւնն է:

Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ իր պատասխանատուութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք արդարութիւն պարտադրել եւ մարդկային, հողային, քաղաքական ու նիւթական հատուցում կատարել: Իսկ այն պետութիւններուն, որոնք կը սպասեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յարմար պայմաններուն, կ՛ըսենք. «Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականութիւն է, այդ պետութիւնները ճանչնան զայն, թէ ոչ: Ցեղասպանութիւնը պատմական եւ քաղաքական իրականութիւն է, որ անվիճելի է եւ ուսումնասիրութիւններու, բանակցութիւններու եւ վերլուծումներու կարիք չունի»:

Այս տեսանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրները, ի մասնաւորի Թուրքիան, պատասխանատու են վերաշխուժացնելու իրենց ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը եւ առիթ ստեղծելու, որ անոնք իրենց պատմութեան եւ անցեալին հետ հաշտուին: Մեր` հայոց, ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ արաբներուն յիշած Ցեղասպանութիւնն ու ոճիրները չեն կրկնուիր միայն այն ատեն, երբ ոճրագործներն ու դահիճները կը պատժուին ու կը հատուցեն իրենց զոհերուն:

Ոճիրին նկատմամբ լուռ մնալը ինքնին ոճիր մըն է:

Եւ արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնենք, որ այսօրուան Թուրքիան Օսմանեան պետութեան օրինական ժառանգորդն է, իր իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով, իսկ անոր ձգտումն է վերադառնալ շրջան եւ իրականացնել օսմանեան երազը: Ի տես այս բոլորին, դժբախտաբար Լիբանանի մէջ տակաւին կան ուժեր, որոնք կը խօսին Լիբանանի եւ օսմանեան ոճրագործ պետութեան միջեւ պատմական յարաբերութիւններու եւ բարեկամութեան մասին:

Սիրելինե՛ր, մենք` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն թոռները, Սէյֆոյի թոռները, սովի թոռները, մենք` իր անմեղ նահատակներուն զոհողութեան շնորհիւ գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու իրաւունք ստացած այս երկրին զաւակները, հաւաքուած ենք հարց տալու հաւաքական յիշողութեան մասին: Եւ ինչո՞ւ մոռնալ, ինչո՞ւ ամչնալ, ինչո՞ւ ուրանալ, եւ ինչո՞ւ պահուըտիլ անհեթեթ եւ սնամէջ արտայայտութիւններու ետին, այնպիսի արտայայտութիւններու եւ եզրերու ետին, որոնց ազդեցութիւնը վերջ կը գտնէ հնչած պահուն իսկ:

Մենք հաւաքուած ենք հարց տալու, որ ինչո՞ւ լիբանանեան պետութիւնը չէ համարձակած 24 ապրիլը` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, մեր` լիբանանցի քաղաքացիներուս պապերուն յիշատակի սգատօնին առիթով, մեզի զօրակցիլ եւ 24 ապրիլը պաշտօնական սգատօնի օր նշանակել:

Զարմանալի՞ է արդեօք, եթէ հարց տանք, որ 6 մայիսի Նահատակաց օրը ինչո՞ւ վերածուեցաւ Նահատակ լրագրողներու օրուան: Ինչո՞ւ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ տօնը նշել իր իսկական եւ պատմական բովանդակութեամբ:

Իրաւունք չունի՞նք արդեօք մտածելու, որ նահատակները վերածուած են քաղաքական շուկային, բացայայտ սակարկութիւններու, ականուած համաձայնութիւններու եւ տնտեսական ու նիւթական շահերու մէջ գտնուող իրերու:

Իրաւունք չունի՞նք արդեօք մտածելու, որ նոյնիսկ նահատակութեան պարագային յարանուանական, համայնքային եւ քաղաքական խտրութիւն կայ:

Հին նահատակներուն յիշատակի մոռացութիւնը չ՛երաշխաւորեր նորերուն յիշատակի յարգումը:

Մենք կը հպարտանանք Լիբանանով` իբրեւ համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան ու համակեցութեան երկիր:

Իսկական համերաշխութիւնը կը սկսի ուրիշը յարգելով, յատկապէս նահատակին յիշատակը յարգելով: Իսկական համակեցութիւնը բոլորին տածած յարգանքն է` բոլորին նահատակներուն:

Նահատակը նահատակ է, եւ կարելի չէ նահատակները խտրութեան առարկայի վերածել: Նահատակութեան արժէքը անոր մտքին, գործունէութեան եւ տեսլականին մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ կրօնին, կուսակցութեան, նիւթական կամ ընկերային վիճակին:

6 մայիսի նահատակներէն Ապտել Քերիմ Խալիլ Ճեմալի կախաղանները բարձրանալու պահուն ըսաւ. «Դուք ձեր վիճակին համար նեղուեցէք եւ լացէք թրքական չարիքներէն հարուածներ կրելիք ձեր ապագային վրայ. մենք ապրեցանք անկախութեան համար եւ կը զոհուինք ի խնդիր անկախութեան»:

Նահատակ Օմար Համատ իր կարգին ըսաւ. «Անվախ կը մահանամ եւ կը զոհուիմ արաբ ժողովուրդին համար, անկցի՛ն թուրք դաւաճանները, կեցցե՛ն արաբները»:

Իսկ նահատակ Ապտել Ղանի Արայսի յայտնեց. «Ճեմալին իմացուցէ՛ք, թէ մեր հանդիպումը մօտալուտ է, այսօր սպաննուող մարդոց զաւակները ապագային իրենց սուրերով պիտի անճիտեն թուրքերը: Մեր գանկերը հիմք են մեր երկրին անկախութեան»:

Նահատակ Փեթրօ Փաուլի իր կարգին ըսաւ. «Արագացուցէ՛ք, վերջ տուէ՛ք ձեր արիւնարբու երեսները մեզի ցոյց տալու արարողութեան»:

Այս վայրկեանին, երբ կը յիշենք 6 մայիսի նահատակներուն խօսքերը, հարց կու տանք, թէ ի՞նչ պատահած է մեզի: Մոռացութի՞ւն, յիշողութեան պակա՞ս, խղճի կորո՞ւստ, ինքնութեան վաճա՞ռք: Եւ սահմաններուն կանգնած օսմանցի թուրքե՞ր:

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Ժողովուրդներուն փորձառութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ:

Սիրելի՛ ներկաներ, այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: Աւելի ճիշդ է նաեւ ըսել, որ հաւաքուած ենք տօնելու հայ ժողովուրդին գոյատեւման պայքարը եւ Թուրքիոյ դաւադրութիւններուն ձախողութիւնը:

Մենք որոշած ենք ապրիլ եւ պայքարը շարունակել:

Մենք պայքարը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ ոճիրները պիտի շարունակուին եւ ոճրագործը պիտի մնայ լուռ, առանց ճանչնալու իր գործած սխալը:

Իրաւունքի եւ արդարութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակին իրաւունք եւ արդարութիւն կը պահանջենք:

Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ, ներում հայցել եւ վերադարձնել մեր հողերը:

Թուրքիայէն կը պահանջենք հաշտուիլ ինքնիրեն հետ եւ վերջ տալ իրականութիւնը ուրանալու իր ընթացքին:

Մենք պայքարեցանք ի խնդիր ազատութեան եւ արժանապատուութեան, մարդ արարածին մարդկութեան, պայքարի շարունակութեան, կը նահատակուինք միասնաբար ապրելու եւ միասին գոյատեւելու:

Ննջեցէ՛ք խաղաղութեամբ մեր հերոս նահատակներ, ննջեցէ՛ք Տէր Զօրի, Մարկատէի, Տիգրանակերտի, Ատանայի, Կիլիկիոյ եւ բռնագրաւուած Հայաստանի հողերուն վրայ սփռուած ձեր հաւաքական գերեզմաններուն, ինչպէս նաեւ Տիգրիսի եւ Եփրատի ջուրերուն մէջ:

Ննջեցէ՛ք խաղաղութեամբ:

Իսկ մենք անձնատուր պիտի չըլլանք, մինչեւ մեր իրաւունքներուն, բոլոր իրաւունքներուն տիրանալը, եւ արդարութեան, ամբողջ արդարութեան իրականացումը:

Ասիկա ժողովուրդին կամքն է եւ գոյատեւման պատմութիւնը:

Այս նոր փուլը գոյատեւման նոր փուլն է:

Պայքարի նոր փուլն է:

Կեցցէ՛ք:

Կեցցե՛ն բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու ազատականները:

Կեցցէ՛ Լիբանանը` նահատակութեան, արժանապատուութեան եւ ազատութեան հայրենիքը:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր խօսքին սկիզբը ողջունեց դատ ունեցող եւ անոր կառչած մնացող ազգի զաւակները Մեհրապի մէջ` շեշտելով, որ 24 ապրիլը օրացոյցին վրայ նշուած պարզ թուական մը չէ, այլ օր մը, որ առանցքային եղաւ պատմութեան համար, օր մը, երբ մարդկութիւնը հրէշային ու անողոք դաշոյնի ուժգին հարուած մը ստացաւ, եւ այդ օրէն սկսաւ արիւնիլ այն վէրքը, որ պիտի չսպիանայ մինչեւ արդարութեան հաստատումը եւ իրաւատիրոջ իրաւունքներու վերադարձը: Ժահժահի համաձայն, այդ թուականէն հայութեան դատը ստացաւ միջազգային տարողութիւն` իբրեւ տուն եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւն ունենալով աշխարհը ամբողջ: Ան աւելցուց, որ 24 ապրիլ 1915-էն մեկնած ՄԱԿ տարբեր բանաձեւեր որդեգրեց, սակայն այսօր աշխարհին մէջ տակաւին կը շարունակուին սպանդները, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը խիստ վերաբերում չցուցաբերեց ցեղասպանը պատժելու գծով: Ժահժահ շարունակեց հաստատելով, որ ոճրագործը օրին թերեւս կարծեց, որ յաղթանակ տարած է` սպաննելով կիները, մանուկներն ու ծերերը, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ անիկա մեծապէս սխալած է, որովհետեւ հայերը, ասորիները եւ ուրիշներ վերապրեցան, իսկ նման ոճիրներ պատճառ դարձան, որ կայսրութիւնը փուլ գայ եւ իրերայաջորդ սերունդներու ճակտին ամօթի սպի մնայ կատարուած անմարդկայնութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի ազգերէն է, որովհետեւ անիկա պահեց իր լեզուն եւ ինքնութիւնը, հակառակ անոր որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր բռնի կերպով դուրս դրուած է իր հողերէն, մինչ լիբանանցի երիտասարդները լոկ քանի մը տարի իրենց երկրէն դուրս ապրելով երբեմն կ՛ուրանան իրենց ինքնութիւնը, կը մոռնան լեզուն, կ՛անտեսեն մշակոյթը: Անոր համաձայն, հայերը յարգանքի արժանի են, որովհետեւ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներուն, հերոսներուն, մինչ լիբանանցիները նոյնը չըրին, հայերը արժանի են գնահատանքի, որովհետեւ վառ պահեցին իրենց դատը եւ կը հաւատան, որ օր մը անպայման անոր արդար լուծման պիտի հասնին: Սամիր Ժահժահ վկայեց, որ հայերը լիբանանեան պետութեան ամէնէն աւելի տուած եւ նուազագոյնը ստացած քաղաքացիներն են, որոնք միշտ եղան խաղաղարար, օրինապահ, տիպար քաղաքացիութեան օրինակներ` հաստատելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի առաջին կարգի քաղաքացի բնորոշել ինքզինք` այլ քաղաքացիներ երկրորդական նկատելով:

Ժահժահ իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ եթէ Հայաստան հանդիպման վայրն է, Լիբանանը պայքարի երկիրն է: «Մենք կը պայքարինք, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատութեան եւ մարդկութեան հողաշերտ մը: Կը պայքարինք, որպէսզի արդարութիւնը իրականանայ, հակառակ բոլոր արգելքներուն, եւ կը կրկնենք Արամ Ա. կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքերը. «Ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին հանդէպ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ` տեսլական, մանաւանդ եթէ ազգը յանձնառու է իր հոգեւոր, մշակութային, օրինական եւ քաղաքական պայքարին ի խնդիր իր օրինական իրաւունքներուն»:

Արարատ լերան, մայրաքաղաք Երեւանի, Ծիծեռնակաբերդի, հայկական խորհրդանիշ խաչքարներու եւ հայութեան հպարտութիւն` Մենք ենք մեր սարերը յուշարձանի որմազդներով զարդարուած սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը պարունակեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն շրջագիծին մէջ Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի աշակերտական երգչախումբը հանդէս եկաւ «Ես ապրում եմ Ղարաբաղ» եւ «Պատերազմ էք գնում» երգերով` խմբավարութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի, ապա նոյն դպրոցի աշակերտուհիներ Սելին Օհաննէսեան եւ Ռուբինա Օհան ներկայացուցին հայկական պար մը` «Ծաղկած բալենի» երգին երաժշտութեամբ, Սամուէլ Առնելեան սաքսոֆոնով նուագեց «Երեւան Էրեբունի» երգը, Յակոբ Քելուկեան` ընկերակցութեամբ Րաֆֆի Չիլինկիրեանի եւ Նաթալի Այոքեանի, ելոյթ ունեցաւ տուտուկ նուագելով, Թամար Ասիլեան` դաշնակի նուագով, իսկ Ռիթա Աղտամլեան-Ասիլեան արաբերէնով ասմունքեց իր հեղինակած «Ապրիլ 24» բանաստեղծութիւնը:

Ոգեկոչման ձեռնարկին աւարտին գեղանկարիչ Լենա Այտընեան Ժահժահին նուիրեց իր գործերէն պաստառ մը, իսկ քանդակագործ Արա Գոյունեան նուիրեց քանդակուած հայկական Այբուբենը:

Նշենք, որ այս առիթով 24 լիբանանցի գեղանկարիչներ Մեհրապի մուտքին կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը, որ պարունակեց 24 պաստառներ, որոնք կը պատկերէին Հայոց ցեղասպանութիւնը լիբանանցի գեղանկարիչներուն դիտանկիւնէն մեկնելով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել