Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Պաշտօնական լրահոսը տեղեկացուցած է, որ 12 մայիսին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ու կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը:

100-ամեակին յատկացուած այս նիստին ներկայացուած են տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ, քննարկուած են նախարարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Համապետական մակարդակով նման յանձնաժողով յառաջացնելը, գերատեսչութիւնները ներառելը եւ հայեցակարգային խնդիրներու քննարկումով նախապատրաստուիլը` հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան, նկատելի նախաձեռնութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մեծագոյն խորհուրդի ոգեկոչման, տօնի նշման դրական լիցքեր հաղորդելու եւ անհրաժեշտ տարողունակութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Խորհուրդի այժմէականացման պատմաքաղաքական եւ վերլուծաբանական հայեցակարգի բանաձեւումները անհրաժեշտ են նախքան տօնական ձեռնարկներու կազմակերպումը: Չմոռնանք, որ դարաւոր ժամանակի վրայ երկարող պետականազուրկ գոյութենէ ետք հանրապետութիւն կերտելը, անոր անմիջապէս նախորդող օրերուն, Հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք, թրքական բանակներուն դէմ ծառանալը, յաղթելը եւ ընդհանրապէս երկրագունդին վրայէն հայու տեսակը ջնջելու ծրագիրը ձախողութեան մատնելը, սկսելու համար այս 100-ամեակին կու տան բացառիկ հանգամանք եւ կարեւորութիւն:

Հանրապետակերտումն ու մայիսեան յաղթանակները նաեւ պետութեան հաստատման, պետական մտածողութեան կայացման, ժողովրդավար կարգերու հաստատման, խորհրդարանական համակարգի ձեւաւորման, բանակաշինութեան (ընդ որում ազգ-բանակի այդ օրուան յաջողագոյն օրինակով), դիւանագիտական ծառայութեան կազմակերպման, կիներու ներկայացուածութեան, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու միջեւ ընդդիմադիր շրջանակներու ներառման խորհուրդներ կը ներառեն: Հետեւաբար, այս բոլորին արծարծման, այժմէական ոսպնեակներով այսօրուան իրականութեան փոխանցելի ուղերձները լոյսին բերելու եւ փառատօներու, ձեռնարկներու կազմակերպման առընթեր եւ գուցէ նաեւ անոնցմէ առաջ պատմաքաղաքական քննարկումներու եւ անկէ բխելիք նաեւ առնուելիք քայլերու անհրաժեշտութիւնը կը յուշեն:

Սարդարապատն ու ընդհանրապէս մայիսեան յաղթանակները իրենց օրուան հրամայականով եւ արձանագրած փաստացի իրողութիւններով ազգ-բանակ հասկացողութեան առարկայացած, արդիւնաւորուած եւ բազմաթիւ խորհուրդներ եւ ուղերձներ ամրագրած ուսանելի օրինակներ են:

Ա՛յս 100-ամեակով փոխանցուող խորհուրդը փաստօրէն ամբողջ ազգին վերաբերող ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ դիւանագիտական, ե՛ւ կրթական մարզերով համահայկականութեան ու անոր վրայ խարսխուած անկարելին կարելի ընելու համազգային նուաճումներուն մէջ անգերազանցելի գագաթ է:

Այս բոլորը նկատի ունենալով եւ յատկապէս անոր համազգային էութիւնը, բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը ընդգծելով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակի նշումը հայաստանեան հարթութենէն աւելի համահայկական յանձնաժողովի ձեւաչափ, քննարկումներու միջավայր, այդ ալ ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, այլ ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ ձեռնարկներու, տօնախմբութիւններու, փառատօներու եւ մանաւանդ խորհուրդի այժմէականացման եւ ուղերձներու առարկայացման համար համակարգումի մեքենականութեան յառաջացման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել