Թուրքերը անցան Ուաշինկթընէն

”Les turcs ont passé là.” Victor Hugo
«Թուրքերը անցան հոսկէ։» Վիքթոր Հիւկօ

Թուրքերը շատ տեղերէ անցած են, միշտ իրենց ետին թողնելով աւեր եւ կոտորած, ինչպէս ատենին հաստատած է Ֆրանսացի մեծ գրող Վիքթոր Հիւկօ։

Երեքշաբթի, Մայիս 16ին, թուրքերը նաեւ անցան Միացեալ Նահանգներու քաղաքամայր Ուաշինկթընէն, իրենց ետին ձգելով վիրաւոր ու արիւնլուայ անմեղ ամերիկացի քաղաքացիներ։

Ուաշինկթըն գեղեցիկ եւ հրապուրող քաղաք է։ Փոթոմաք գետի ափին կառուցուած այս փոքր քաղաքը կը ներշնչէ կառավարման եւ քաղաքացիական տարրական գիտելիքներու զգացում մը, որ կը յիշեցնէ պատմութեան Յունական եւ Հռովմէական դասական ժամանակաշրջանները։ Ան նաեւ կը հանդիսանայ Ամերիկեան պետութեան ջղահանգոյցը եւ երկրի կառավարման շնչերակը։

Հակառակ կուլիսներու ետին կատարուող քաղաքական առեւտուրին, Ուաշինկթընի միջավայրն ու մթնոլորտը որեւէ մէկուն կը պարտադրէ օրինապահութիւն եւ օրէնքի յարգում։ Միացեալ Նահանգներու տարածքին որեւէ շրջանէ աւելի Ուաշինկթընի մէջ զգալի եւ տեսանելի կը դառնայ կենդանի ներկայութիւնը Ամերիկեան սահմանադրութեան՝ իր բոլոր տրամադրութիւններով եւ քաղաքացիին իրաւունքները ապահովող յաւելուածներով (Bill of Rights)։

Ուաշինկթըն թէ՛ քուրան է եւ թէ փորձադաշտը քաղաքացիին իրաւունքները ապահովող առաջին յաւելուածի (First Amendment) խօսքի եւ հաւաքի ազատութիւններուն։ Այս յաւելուածը, ի միջի այլոց, կը տրամադրէ, թէ Քոնկրէսը իրաւասու չէ որդեգրելու օրէնքներ, որոնք կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը եւ ժողովուրդին խաղաղ հաւաքի իրաւունքները։ Այս հիմամբ տուեալ որեւէ տարուան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ բազմաթիւ հաւաքներ տեղի կ՚ունենան, ուր խօսքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքով մինչեւ իսկ նստող նախագահը խաչին կը գամեն։ Այս հաւաքները ընդհանրապէս կը համախմբեն հարիւր հազարաւորներ, մինչեւ իսկ միլիոնէ աւելի ցուցարարներ։

Սեդօ Պոյաճեան

Սակայն այսօր արատաւորուեցաւ քաղաքացիական ազատութիւն ներշնչող Ուաշինկթընի պայծառ դիմագիծը։ Պղծուեցաւ սահմանադրութիւնը։ Կոպտօրէն բռնաբարուեցաւ խօսքի եւ ազատ հաւաքի իրաւունքը։ Նման դատապարտելի արարքի հեղինակները կրնային միայն թուրքեր ըլլալ, եւ եղա՛ն։

Այսպէս, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Ամերիկայի Հելլէնանան խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերով Երեքշաբթի, Մայիս 16ի յետմիջօրէին, ցուցական հաւաք մը կազմակերպուած էր՝ բողոքելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան դէմ։ Ցոյցը ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան խաղաղ էր ու միանգամայն պատշաճ եւ օրինակելի Ուաշինկթընեան չափանիշերով։ Մինչ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Էրտողան կը հանդիպէին Սպիտակ Տան մէջ, ցոյցի երթը սկսաւ Լաֆայէթ հրապարակէն (Lafayette Square)։

Յետ Սպիտակ Տան հանդիպման, Էրտողան շարունակեց իր տեսակցութիւնը Ամերիկացի գործարարներու հետ՝ Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանը, որ կը գտնուի Շէրիտըն շրջանակի (Sheridan Circle) դիմաց։ Ցուցարարներէն որոշ խումբեր հաւաքուեցան Շէրիտըն շրջանակին ներքեւ՝ շարունակելու համար իրենց խաղաղ ցոյցը։ Շրջանակը բաժնող պողոտային միւս կողմը դիրք բռնած էին թուրքեր՝ թրքական դրօշակներով։

Անակնկալօրէն թուրքերը ճեղքեցին Ուաշինկթընի ոստիկաններու շղթան եւ խուժեցին դէպի Շէըրիտըն շրջանակ։ Յարձակում գործեցին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ՝ դիմելով ձեռքի եւ աքացի հարուածներու։ Հարուածելու համար հաւաքած էին գետնէն որեւէ գոյք, որ մարմնային վնաս կրնայ պատճառել։

Որոշ ժամանակ ետք, ոստիկանները կարողացան զսպել եւ պողոտային միւս կողմը մղել թուրք գրոհայինները։ Թրքական վայրագ յարձակումներէն վիրաւորուած եւ վնասուած էին բազմաթիւ խաղաղ ցուցարարներ։ Ըստ Ուաշինկթըն Փոսթի, կան լրջօրէն վիրաւորուած ինը անհատներ, որոնցմէ մէկը ծանր վիճակի մէջ։

Այս բարբարոս արարքով, Էրտողան վերջապէս յաջողեցաւ իր Անգարայի բռնաբարական մշակոյթը ներածել Ամերիկայի մայրաքաղաքէն ներս։ Այս մշակոյթը թրքական իւրայատուկ պիտակով ժողովրդավարութիւն է, որ հիմա կը պարտադրուի Թրամփի ականատեսութեամբ եւ Սպիտակ Տան շրջակայքը՝ ոտնակոխելով Ամերիկայի սահմանադրութիւնը եւ ամերիկացի քաղաքացիի իրաւունքները։

Պատահական կամ տեղւոյն վրայ հակազդեցութեան արդիւնք չէր թուրքերուն վայրագ գրոհը։ Ի սկզբանէ ապսպրուած, պատրաստուած եւ քաջալերուած էր այս գրոհը։ Պատրաստութեան հեղինակները պէտք է փնտռել թրքական դեսպանատունէն ներս։

Ուաշինկթընի համար այսօր արժանապատուութեան եւ ժողովրդավարութեան պահպանման հարց կը դրուի։ Այս հարցը պէտք է հետապնդուի խաղաղ ցոյցի կազմակերպիչ միաւորներուն կողմէ։ Այս նպատակին համար անոնք պէտք է նկատի ունենան հետեւեալ քայլերը.-

ա. Աջակցիլ Ուաշինկթընի ոստիկանութեան՝ յայտնաբերելու համար թուրք յարձակողներուն ինքնութիւնը։

բ. Յայտնաբերել ինքնութիւնը թրքական դեսպանատան այն պաշտօնատարներուն, որոնք մասնակից դարձան գրոհին։

դ. Թրքական ծագումով ամերիկացի այն քաղաքացիները որոնք մասնակից դարձան յարձակումին, պէտք է ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան եւ վնասուց հատուցման։

ե. Թրքական ծագումով ամերիկաբնակները պէտք է զրկուին իրենց բնակելիութեան իրաւունքէն եւ արտաքսուին Ամերիկայէն։

զ. Թրքական հիւպատոսարանի այն պաշտօնատարները որոնք առընչութիւն ունեցան այս գրոհին հետ, պէտք է Պետական քարտուղարութեան կողմէ հռչակուին անբաղձալի տարր եւ հեռացուին Ամերիկայէն։

է. Աշխատանք տանիլ Քոնկրէսի մէջ, որպէսզի այս յարձակումներուն գծով կատարուին բողոքի եւ դատապարտանքի քոնկրէսական յայտարարութիւններ։

ը. Տեսակցութիւն պահանջել Պետական քարտուղարութեան համապատասխան բաժանմունքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ բողոք ներկայացնել Թուրքիոյ դեսպանատան մեղսակցութեան գծով։

Այս եւ այլ աշխատանքներ անհրաժեշտ են, որպէսզի այս անգամ կարելի ըլլայ ըսել թէ թուրքերը անցան Ուաշինկթընէն ստանալով իրենց արդար պատիժը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մայիս 16, 2017

Տպել Տպել