Հայկական Խրամատի Ուաշինկթընեան Հատուածը

Մեծ պատկերը այս է։ Քանի մը օր առաջ, շաբաթասկիզբին եւ գրեթէ նոյն ժամերուն, երկու կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան հայ ֊ թրքական ճակատի խրամատներու տարբեր հատուածներուն վրայ։ Մէկ կողմէ հայկական բանակը կանխարգելիչ հարուած կը հասցնէր ատրպեճանական ուժերուն՝ սահմանի արցախեան հատուածին մէջ, միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի թիկնապահները բառացիօրէն կը յարձակէին հայ, քիւրտ, ասորի եւ յոյն ցուցարարներու վրայ, Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին դիմաց, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Արցախեան սահմանահատուածին վրայ տեղի ունեցածը բնականաբար զուտ զինուորական քայլ չէր. հակառակ այն իրողութեան, որ գործադրուած միջոցը զուտ զինուորական էր։ Հայկական կողմը յստակ պատգամ ուղարկեց թշնամիին, որ իր ոտնձգութիւնները անպատժելի պիտի չմնան։ Չափերն ու հանգամանքները յարգելով, գաղափարական իմաստով, ան կը յիշեցնէր 120 տարի առաջ Խանասոր կոչուած դաշտավայրին մէջ տրուած պատասխանը՝ «Անպատիժ պիտի չմնաք»։

Թուրք ֊ ատրպեճանական կողմը երբեմն կը մոռնայ այս հանգամանքը եւ կը փորձէ գործել անպատժելիութեան հոգեբանութեամբ։
Հայկական զինուորական պատասխանին մէջ պէտք է տեսնել այն քաղաքական լրջութիւնը, որ ուղեցոյցը պիտի հանդիսանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Շերիտըն բոլորակին վրայ տեղի ունեցած բռնութեան մեր տալիք պատասխանին։

Հայութեան պայքարի խրամատներէն մէկը Ուաշինկթընն է, իր Քոնկրեսով, Պետական բաժանմունքով ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակով։ Այս յանձնախումբը ամերիկահայութեան քաղաքական կամքի գլխաւոր արտայայտիչն է։ Ան կը գործէ Մ. Նահանգներու քաղաքացիին տրուած իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն տրամաբանութեամբ. տարբեր բան չի կրնար ըլլալ։

Իսկ ամերիկեան ահմանադրութեամբ ճշդուած խօսքի, արտայայտութեան ազատութիւնը բառացիօրէն թրքավարի կերպով ոտնակոխուեցաւ Թուրքիոյ նախագահին թիկնապահներուն կողմէ։ Մեզի համար անըմբռնելի էր ոստիկանութեան անհասկնալի թուլութիւնը։ Նիւ Եորքի փողոցներէն մէկուն վրայ սիկարէթի գլանիկներ վաճառող (անօրէն արարք) անհատին վրայ առնուազն 4 ոստիկաններ ցատկեցին ու զայն գետին տապալեցին, մինչեւ որ ենթական բառացիօրէն շնչասպառ եղաւ ու մահացաւ։ Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ ականատես եղանք այս դէպքին ու լաւ կը յիշենք ստեղծուած համընդհանուր ընդվզումը։ Բայց ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երկու հակընդդէմ ցուցարար խումբերու միջեւ դիրք բռնած ոստիկանութիւնը «չի կրնար» առաջքը առնել թուրք թիկնապահներու «արշաւանքին», մանաւանդ երբ հաշուի առնենք, որ ցուցարար խումբերը կը գտնուէին Բաղրամեանի (կամ Կլենօքսի, Կլենտէյլ) նման լայն պողոտայի մը երկու հակադիր մայթերուն վրայ։ Այնպէս մը չէ, որ քիթ քիթի էին անոնք…։

Հետեւաբար, մէկ կողմէ կայ թրքական ապօրինութիւն, միւս կողմէ կայ ամերիկեան ոստիկանութեան անըմբռնելի «անճարակութիւնը»։ Ու այս բոլորը տեղի ունեցան բազմաթիւ նկարահանող գործիքներու ներկայութեան, օր ցերեկով։ Մեր պաստառներուն վրայ շատ յստակօրէն տեսանք թէ՛ «արշաւող» թուրքերը եւ թէ՛ անճարակ (անճարա՞կ, դժուար թէ…) ոստիկանները։

Ուրեմն, կը ծագի հայկական կողմի առնելիք քայլերու հարցը, որ ունի երկու ուղղութիւն։ Առաջինը թրքական ուղղութիւնն է, երկրորդը՝ ամերիկեան։

Այս մասին Սեդօ Պոյաճեան իր «Թուրքերը անցան Ուաշինկթընէն» խորագրեալ յօդուածին մէջ մանրամասնած է իր առաջարկները, թէ ինչ քայլեր անհրաժեշտ է որ առնուին (յօդուածը տեսնել Arfd.am կայքէջին վրայ)։

Այս յօդուածագրին համոզումով, հայկական կողմին համար մեծ մարտահրաւէր է Ուաշինկթընի մէջ առնուելիք քայլերուն ներքին տրամաբանութեան յստակացումը։ Տարբեր խօսքով,մէկ կողմէ թրքական այս դատապարտելի քայլը անպատիժ չձգել, իսկ միւս կողմէ, մղել ամերիկեան օրինապահ մարմինները, որպէսզի իրենց թուլութեամբ կամ անվճռականութեամբ անուղղակիօրէն մեղսակից չդառնան թրքական ոճին։

Հարցը, որուն կ’անդրադառնանք, զգայուն խնդիր է, բայց ոչ՝ զգացական. անկախ անկէ, որ կը պարունակէ զգացական եւ օրինական տարր եւս, երբ կ’ոտնակոխուին ամերիկահայ քաղաքացիին սահմանադրական իրաւունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը։ Սա առաջին հերթին զուտ քաղաքական նկարագիր ունի՝ օրինական բաղադրամասով։

Այնպէս որ, մեր պատասխանը կրնայ Մ. Նահանգներու թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ օրինական դաշտերուն մէջ բանաձեւուիլ։

Ինչ ալ ըլլայ հայկական պատասխանը Շերիտըն բոլորակին վրայ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպին, Անգարայի ու Պաքուի մէջ պիտի կատարուի՛ ատոր հաշուարկումը։ Այսինքն, մեր պատասխանին ուժգնութենէն կախեալ է, թէ մեր թշնամիները ինչքանո՞վ հաշուի կը նստին մեզի հետ։

Իսկ մեր պատասխանը կրնայ ունենալ թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ քաղաքական երեսներ։

Ճիշդ է, այս աշխատանքները կրնան նախաձեռնուիլ եւ գլխաւորուիլ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ։ Սակայն ամերիկահայութիւնը, իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու համայնքներով, անհատաբար թէ հաւաքաբար, պատրաստ պիտի ըլլայ շարժելու մէկ մարդու նման, հաւաքաբար։ Որովհետեւ ամերիկահայութեան ձայնին միասնական նկարագիրը ինքնին պատգամ կը պարունակէ իր մէջ։
Գոհունակութեամբ պէտք է դիտել տանք, որ ամերիկեան լրատու աղբիւրները, հեռատեսիլի կայաններ ու թերթեր (աւելի քան 250 լրատու միջոցներ), լայնօրէն արձագանգեցին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին նկարահանումներուն, զանոնք օգտագործելով իբրեւ հիմնական աղբիւրը իրենց լրատուութեան։ Նաեւ, թրքական այս ոտնձգութեան կապակցութեամբ, նշմարելի է ընդվզումը քոնկրեսական շրջանակներէ ներս։

Արդարեւ, Հինգշաբթի օր (18 Մայիս), Ծերակոյտի Զինեալ ուժերու յանձնախումբի նախագահ Ճան ՄքՔէյն (Հանրապետական, Արիզոնա) յայտարարութեամբ մը պահանջեց Թուրքիոյ դեսպանը տուն ղրկել, իբրեւ անբաղձալի տարր։

Այնպէս որ, երբ ամերիկեան հանրային կարծիքը եւ քոնկրէսական շրջանակները իրենք եւս չեն մարսեր թրքական այս անընդունելի քայլը, այս մէկը մեզի կու տայ մեծ առաւելութիւններ՝ մեր տանելիք աշխատանքներուն մէջ։

Բայց եւ այնպէս չոր իրականութիւնը այն է, որ հայ ֊ թրքական ճակատի «ուաշինկթընեան խրամատ»էն ներս, մեծ գործ կայ տարուելիք։ Իսկ ամերիկահայութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւններ եւ ժողովուրդ, պատրաստ պիտի ըլլայ իր դերակատարութեան, իբրեւ մէկ մասը համահայկական ճակատին։

Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ. թշնամիին ոտնձգութիւնը անպատիժ պիտի չմնայ, ըլլայ ատիկա Թալիշի, կամ Ուաշինկթընի «խրամատներուն» մէջ։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

18 Մայիս 2017
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել