Ակնարկ. Հայկական Կողմը Ի՛նք Կ՛իրականացնէ Վիեննայի Եւ Փեթերսպուրկի Որոշումները

Պուլկարական թերթի մը կատարած փաստաթուղթերու գաղտնազերծումը, որ ի յայտ կը բերէր Պաքուէն կատարուած զէնքի անօրինական վաճառքը, շեշտակիօրէն կ՛ընդգծէր Պաքուի օժանդակութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ գործող ահաբեկչական խումբերու:

Սուրիական դէպքերու ծաւալման սկզբնական շրջանին լուր հրապարակուեցաւ, որ իսլամ ահաբեկիչներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնը 500 միլիոն տոլար փոխանցած է: Այլ ժամանակ հրապարակուեցաւ նաեւ այն բացայայտումը, որ Կովկասէն իսլամականներուն միացող ահաբեկիչներու գործունէութիւնը կը համակարգուի Ալիեւի թիկնազօրի անդամներուն կողմէ:

Ազրպէյճանցի ահաբեկիչներու տարբեր երկիրներու մէջ պատերազմելու, վիրաւորուելու կամ սպաննուելու լուրերը առատ էին միջազգային մամուլին մէջ. զուգահեռաբար կար նաեւ այն վարկը, որ ազրպէյճանցի վարձկանները նոյնքան վտանգ են նաեւ Պաքուի կեդրոնական իշխանութիւններուն համար` տրամագծօրէն հակադրուած ըլլալով ալիեւեան վարչակարգին:

Հիմա այս վարկածը, որ որոշ ենթահող շահած էր եւ խորքին մէջ նաեւ կը պաշտպանէր Ալիեւի իշխանութիւնը ահաբեկչական տարազէ, կը շրջուի:

Բայց Պաքուի ահաբեկչական դիմագիծը հիմա չէ, որ աշխարհին կ՛երեւի. կացինահարում, կացինահարողի հերոսացում, գործարքներով անոր արտայանձնման գործողութեան դաւադրական իրականացում, անզէն բնակչութեան ուղղութեամբ ռմբակոծում, գերեվարուած զինուորներու անդամահատում, վարժողական ծրագիր իրականացնող ինքնաթիռի խփում` այս բոլորը կը տեղաւորուին ահաբեկչական պետութեան սահմանումի ստորոգելիներու շարքին:

Ազրպէյճանի վերոնշեալ յանցաւոր գործունէութեան ցանկը ամբողջացնող երեւոյթը քանիերորդ անգամ ըլլալով արձանագրուեցաւ, երբ ֆիզիքական ու հոգեկան տկարութիւն ունեցող հայ անհատներ ձերբակալուեցան ու ներկայացուեցան աշխարհին իբրեւ ներթափանցման փորձ կատարած հայ զինուորներ` ընդգծելու համար Ազրպէյճանի ուժայիններուն «հերոսական» գործունէութիւնը:

Հիմա հայկական կողմին ուղղութեամբ կատարուած ահաբեկչական քայլերուն կ՛աւելնան միջազգային երեւոյթներ, որոնք կը վերահաստատեն Պաքուի այս էութիւնը: Պաշտօնական Ստեփանակերտը այս առիթով կ՛աւելցնէ նաեւ, որ Պաքուի մէջ կը բուժուին չեչեններ, աֆղաններ, գորշ գայլեր, ՏԱՀԵՇ-ականներ:

Պաքուի ահաբեկչական պետութիւն ըլլալու թղթածրարը բաւական հարստացած է. եւ եթէ ցարդ այս իրողութիւնը համոզում էր առաւելաբար պետութիւններու համապատասխան ծառայութիւններուն համար, այս կարեւոր բացայայտումներէն ետք այլեւս միջազգային հանրային կարծիքին համար բացորոշ է իրականութիւնը:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ սակայն, որ քաղաքականացուած մեկնաբանութիւնները պետութեան մը ահաբեկչութեան զօրակցելու փաստը հրապարակելու եւ իբրեւ անմիջական հետեւանք զայն մեկուսացնելու կամ համարժէք պատժամիջոցներ որդեգրելու անպայման բնական ընթացակարգի հիման վրայ չեն կատարուիր:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանի պետութիւնները կամ գերտէրութիւնները մետասաներորդ պահուն յանկարծ չէ, որ անդրադարձան Քաթարին կողմէ ահաբեկչութեան նպաստած ըլլալու իրականութեան:

Կը թուի, որ պահը չէ հասունցած վերաբերումի կամ պատժամիջոցի ուղղութեամբ քայլեր առնելու Պաքուի նկատմամբ: Բայց թղթածրարը կը համալրուի եւ քաղաքականօրէն յարմար պահու մեկուսացման կամ պատժամիջոցներու կանաչ լոյս կը վառի:

Եւ պատահական չէ, որ Պաքուն միջազգային գայթակղութեան նախադրեալները պարփակող այս բացայայտումներուն դիմաց նախայարձակողականութեան նոր դրսեւորում կ՛ունենար հայկական կողմին նկատմամբ: Նոյնքան պատահական չէ, որ կրակակէտը ազրպէյճանական գիւղէ ըլլար, որպէսզի զայն չէզոքացնող հայկական պատասխանին դիմաց Պաքուն վայնասուն ձգէր, թէ բնակավայրեր կը ռմբակոծուին հայկական կողմէն:

Հայկական կողմը ցոյց կու տայ հետեւողականութիւն. ընդ որում նաեւ միջազգային որոշումներու ու բանաձեւերու համահունչ հետեւողականութիւն:

Վիեննան ու Փեթերսպուրկը կը խօսին շփման գիծի երկայնքին մշտադիտարկման սարքերը հզօրացնելու, վերահսկողութեան գործիքակազմերը արդիականացնելու եւ նաեւ միջադէպերուն հետաքննութիւնը կատարելու մասին:

Պաքու հետեւողական վարքագիծով կ՛արգելակէ թէ՛ Վիեննայի եւ թէ՛ Փեթերսպուրկի որոշումներուն իրականացման գործընթացը: Հայկական կողմը ռազմական արհեստագիտութեան յագեցուածութեամբ այսօր ի վիճակի է հակառակորդի դիրքերուն խորերը դիտարկելու, նկարահանելու այնտեղի շարժումները, բացայայտելու նախայարձակողականութիւնը եւ հետաքննութեան եզրակացութենէն ետք նաեւ պատժելու:

Այս է, որ տեղի կ՛ունենայ պարզապէս: Հայկական կողմը իրեն վերապահած է թէ՛ Վիեննայի եւ թէ՛ Փեթերսպուրկի որոշումներուն իրականացման պարտականութիւնը` տրուած ըլլալով, որ ահաբեկչական պետութիւնը կը շարունակէ արգելակել միջազգային որոշումներու գործնականացումը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել