Դաշնակցութեան կազմակերպական խստապահանջութիւնը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար կարգապահութիւնը հիմնական յատկութիւն է։ Իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին եւ շարքային անդամ յատուկ գուրգուրանք եւ բծախնդրութիւն կը ցուցաբերե կարգապահութեան պահպանման եւ գործադրութեան հարցում։ Այս կազմակերպական իրականութեան ի տես, Դաշնակցութեան էութենէն եւ գործէն անտեղեակ մարդիկ փութկոտութեամբ Դաշնակցութիւնը կը պատկերացնեն իբրեւ բռնատիրական կազմակերպութիւն, իսկ դաշնակցականները՝ իբրեւ հլու կամակատարներ։

Անտեղեակութեան, չըսելու համար տգիտութեան արդիւնք են նման եզրակացութիւններ։ Կարծիքներու ազատ փոխանակման եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու անշեղ կիրառման եռուն քուրայ մըն է դաշնակցական միջավայրը։ Այդ միջավայրը դաշնակցական ժողովն է, ուր դաշնակցական մարդը ամենայն ազատութեամբ եւ անկաշկանդ կերպով կը մտածէ, կ՚արտայայտուի ու կը վճռէ մեր ազգային կեանքին առնչուող հարցերը, եւ ըստ այնմ կ՚որդեգրէ կատարուելիք աշխատանքին բնոյթն ու հետեւելիք վարքագծային ուղղութիւնը։

Բառին իսկական առումով, դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը: Այդ հանգրուանին հասնելու համար Դաշնակցութիւնը կը պարտադրէ կազմակերպական եւ գաղափարական չափանիշեր, որոնք կեանք, լիցքաւորում եւ օրինականութիւն կը տրամադրեն դաշնակցական ժողովներուն։ Այլապէս, առանց այդ չափանիշերուն, դաշնակցական ժողովները կը վերածուի պարզ ձեւականութեան։

Այդ չափանիշերը երաշխիքը կը հանդիսանան ճիշդ քննարկման, ճիշդ որոշումներու կայացման եւ ճիշդ գործելաձեւի որդեգրման։ Այսպէս,

Առաջին, կազմակերպութեան մէջ խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են Դաշնակցութեան համար:

Երկրորդ, կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութեան սկզբունքը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրման ուղղութեամբ մարտավարական թոյլտուութիւն:

Երրորդ, իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր՝ շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին:

Չորրորդ, Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն:

Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կանոնները նշեալ չափանիշերն ու սկզբունքները զիրար շաղկապող խթանն են։ Թէ՛ ըստ էութեան եւ թէ ըստ ձեւի, այդ կանոնները ողնաշարը կը հանդիսանան Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին։ Ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան կը մատնանշէ, այդ կանոնագիրն է որ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները կը դարձնէ «կազմակերպութիւն»։

Կանոնագրով կենսագործուած այս կազմակերպութիւնը իր գործելու կենսունակութիւնը եւ ուղղութիւնը կը ստանայ դաշնակցական ժողովներու ընդմէջէն։ Ինչպէս բոլոր դաշնակցական ժողովները, նոյնպէս բոլոր դաշնակցական մարմիններն ու շարքային անդամները իրենց առաքելութիւնը կը ստանան Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովէն՝ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովէն։

Կանոնագիրը Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը սահմանողն է։ Իսկ ընդհանուր ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, քանի որ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը: Հոն կը ճշդուին, կ՚որոշուին ու վերջնական ձեւ եւ մարմին կը ստանան Դաշնակցութեան անմիջական անելիքները, ուղղութիւնը եւ ընդհանուր վարքագիծը։

Հետեւաբար, ինչպէս կանոնագիրը եւ անոր տրամադրութիւնները, նոյնպէս եւ Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովի որոշումները պարտադիր են բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու համար։ Անոնց յարգումը, պահպանումը եւ անշեղ կիրարկումը հարկադրանք մըն է, որ կը ստեղծուի իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմնի ու շարքային անդամի գիտակցական որոշումով եւ անկաշկանդ համաձայնութեամբ։

Ճիշտ այս բացատրութեան մէջ կը կայանայ Դաշնակցութեան կազմակերպական խստապահանջութիւնը թէ՛ դաշնակցական մարմիններէն եւ թէ շարքային անդամներէն։ Այս խստապահանջութիւնը չի թոյլատրեր մեղանչումներ կանոնագրի դէմ, հակադրումներ ընդհանուր ժողովի որոշումներուն դէմ, ինչպէս նաեւ գաղափարական սայթաքումներ եւ քաղաքական կամայականութիւններ։ Նման անուղղայ պարագաներ կ՚ենթարկուին կարգապահական տնօրինումի։

Միաժամանակ այս կազմակերպական խստապահանջութիւնը պայմանաւորուած է Դաշնակցութեան համբերատարութեամբ եւ ընկերական սիրով։ Ի վերջոյ անուղղան դաշնակցական մարմին է կամ ընկեր է։ Ան արժանի է եւ կը ստանայ Դաշնակցութեան յորդորն ու սէրը, որպէսզի զարտուղութիւնը սրբագրուի։ Ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան սքանչելիօրէն կը բացատրէ.-

«Այսպիսով ընկերական սէրն ու կանոնագիրը չեն ժխտում, այլ լրացնում են իրար. երբ չի ազդում առաջինը՝ միջամտում է երկրորդը։ Բայց երկրորդը պէտք է միջամտի ա՛յն ժամանակ, երբ առաջինն անզօր է եւ ապարդիւն։ Մարմինները առաջին հերթին պարտաւոր են յորդոր ու խրատ կիրարկել՝ ընկերական սէրը գործի կանչելով եւ վերջին վայրկեանին կանոնագրի հեղինակութեան դիմեն, երբ յորդորն ու սէրը անզօր գտնուին։» («Մեր Կանոնագիրը, Բ.»)

Ընկերական յորդորն ու սէրը անբաժան մասն են Դաշնակցութեան խստապահանջութեան։ Բայց անոնք պայմանաւորուած են կանոնազանցի փոխադարձ ընկերականութեամբ։ Երբ ընկերական յորդորն ու սէրը ապարդիւն դարձած են, հետեւած է Դաշնակցութեան կարգապահական տնօրինումը։

Պէտք է ընդգծել որ Դաշնակցութեան կարգապահական վճիռը միշտ եղած է հատու, առանց նկատի առնելու կանոնազանցին անցեալի թէ ներկայի հանգամանքն ու արժէքը։ Դաշնակցութիւնը չէ վարանած վճռելու յարգուած ու ծերունի ֆետայի Սպաղանաց Մակարի զինաթափութեան ծանրակշիռ պատիժը, ինչպէս նաեւ պատժելու կանոնազանց այլ ֆետայիներ եւ պատասխանատու ընկերներ, մինչեւ իսկ Նեմեսիս գործողութեան պատասխանատուներէն Շահան Նաթալին, նաեւ շատ ուրիշներ։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս
Յուլիս 6, 2017

Տպել Տպել