Տեղեկանք

Կազմակերպական համապատասխան կարգով, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց անցնող երկամեակին Սուրիոյ տարածքին իրականացած աշխատանքները` կազմակերպական, քաղաքական, ներազգային, ծառայողական, քարոզչական, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:

Քննեց սուրիահայութեան վերականգնումի ներկայ հանգրուանն ու ապագայ պատկերացումները, եւ առ այդ կատարեց ճշդումներ, եզրակացութիւններ եւ կայացուց որոշումներ:

Վերահաստատեց նահատակներու արեամբ նուիրագործուած հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքացիական միասնականութեան պահպանման իր սկզբունքները:

Դատապարտեց ահաբեկչական արարքները եւ զօրակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին` հաստատելով երկխօսութեան ճամբով հարցերու լուծման եղանակի արդիւնաւորութիւնը, յանձնառու դառնալով պատերազմէն դուրս եկող ապագայ սուրիական հայրենիքին մէջ սուրիահայութեան տեղի ու դերի ճշգրիտ դրսեւորման:

Վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման ու զարգացման գործընթացին սատար հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:

Գնահատանքով անդրադարձաւ սուրիահայութեան զօրակցած Հայաստանի Հանրապետութեան, նաեւ նեցուկ կանգնող բոլոր կողմերուն:

ՀՅԴ կազմակերպութիւնը` հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան, պիտի շարունակէ ընթանալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, զարգացման եւ անվտանգութեան ապահովման ուղիով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

aztagdaily.com

Տպել Տպել