28 Յուլիս 1904. ­Ռուս եւ թուրք սահ­մա­նա­պահ­նե­րու միա­ցեալ գրո­հով՝ սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ ­Սա­սու­նին օգ­նու­թեան փու­թա­ցող հայ ֆե­տա­յի­նե­րու «Որս­կան» խում­բը

29 ­Յու­լիս (հին տո­մա­րով ­Յու­լիս 16ին) 1904ին, ­Թաւ­րի­զի վրա­յով ­Թիֆ­լի­սէն ­Ժը­նեւ՝ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին ու­ղար­կո­ւած հե­ռա­գիր մը կը տե­ղե­կաց­նէր.

«­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի եր­կու խումբ, բաղ­կա­ցած 61 հո­գուց, ո­րոնց թւում եւ մի հա­սա­կա­ւոր քա­հա­նայ, մի բժիշկ, վի­րա­բոյժ, ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նի եր­կու ու­սա­նող եւ բա­ւա­կա­նա­չափ ու­րիշ ին­տե­լի­գենտ ան­ձինք, ­Յու­լիս 15/28ի գի­շե­րը կռո­ւի են բռնւում՝ Զար­դա­նիս գիւ­ղի ա­ւե­րակ­նե­րի մօտ, Էրզ­րու­մի վի­լա­յէ­թում, թուրք սահ­մա­նա­պահ զի­նո­ւոր­նե­րի եւ քրդե­րի հետ։ ­Հայ­դուկ­նե­րը՝ բա­ժա­նո­ւած եր­կու խմբի, մի վի­րա­ւոր տա­լով եւ բազ­մա­թիւ զո­հեր առ­նե­լով թշնա­մուց՝ կռւում են մին­չեւ կէ­սօր։
«Այդ ժա­մա­նակ Օլ­թիի շրջա­նի ռու­սա­կան սահ­մա­նագլ­խից՝ կո­զակ­ներ, պլաս­տուն­ներ եւ սահ­մա­նա­պահ զի­նո­ւոր­ներ, թո­ւով ա­ւե­լի քան 300 հո­գի, հրա­մա­նա­տար ­Բի­կո­վի (­Պէ­քոֆ) եւ մի քա­նի օ­ֆի­ցէր­նե­րի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, մտնում են թիւր­քաց հո­ղը, շրջա­պա­տում հայ­կա­կան խում­բը եւ տե­ղում խիստ կրակ։ ­Հա­յե­րը՝ չնա­յե­լով ի­րենց յա­ջող դիր­քե­րին, ոչ մի գնդակ չեն ար­ձա­կում ռուս­նե­րի վրայ եւ շա­րու­նա­կում են կռի­ւը թիւր­քե­րի հետ։ ­Քիչ ան­ցած ու­ղար­կում են մի պատ­գա­մա­ւոր ռուս­նե­րի մօտ եւ բա­ցատ­րե­լով ի­րենց կռո­ւի նպա­տա­կը՝ խնդրում են դա­դա­րեց­նել հրա­ցա­նաձ­գու­թիւ­նը։ ­Պատ­գա­մա­ւո­րը կա­լա­նա­ւոր­ւում է։ Ու­ղարկ­ւում է երկ­րոր­դը։ Ն­րա հետ՝ միեւ­նոյն վար­մուն­քը։ Ա­պա քա­հա­նան՝ մի ձեռ­քին խաչ, միւ­սում սպի­տակ դրօ­շակ, դի­մում է դէ­պի ռուս զօր­քե­րը, բայց դեռ տեղ չհա­սած՝ ստո­րա­բար գնդա­կա­հար է լի­նում ռուս­նե­րից։ Ի վեր­ջոյ ին­քը խմբա­պե­տը իր ըն­կեր­նե­րով սպի­տակ դրօ­շա­կը պար­զած, իբ­րեւ վեր­ջին փորձ, շարժ­ւում է դէ­պի ռուս­նե­րը, բայց սրանք նրան էլ գնդա­կա­հար են ա­նում ըն­կեր­նե­րի հետ։ Մ­նա­ցած­նե­րը ստի­պո­ւած են լի­նում փա­խուստ տալ։ ­Ռու­սաց կո­զակ­նե­րը ան­պատ­մե­լի անգ­թու­թիւն­ներ են կա­տա­րում։ ­Ման­րա­մաս­նե­րը՝ նա­մա­կով»։

Ա­հա այս­պէ՛ս ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ, 113 տա­րի­ներ ա­ռաջ, ­Յու­լիս 1904ի այս օ­րե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դառն ու ող­բեր­գա­կան է­ջե­րէն մէ­կը՝ թուր­քեւ­ռուս հա­կա­հայ մեղ­սակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ իր դա­ժան դա­սե­րով։

Ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նին վրայ, ­Կար­սի մեր­ձա­կայ Օլ­թիի շրջա­նին մէջ, ­Թիֆ­լի­սէն եւ Ե­րե­ւա­նէն հա­ւա­քո­ւած ու ­Սա­սու­նի օգ­նու­թեան փու­թա­ցող հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու 61 հո­գի­նոց «Որս­կան» ար­շա­ւա­խում­բը եր­կու կրա­կի մէջ յայտ­նո­ւե­ցաւ։ ­Մէկ կող­մէ թուրք սահ­մա­նա­պահ­ներն ու ա­նոնց զօ­րակ­ցող քիւր­տե­րը, իսկ միւս կող­մէ ռուս սահ­մա­նա­պահ ու­ժե­րը «գոր­ծակ­ցու­թեան» ձեռք եր­կա­րե­ցին ի­րա­րու եւ անխ­նայ կո­տո­րա­ծի են­թար­կե­ցին հա­յոց քա­ջե­րը։

Լե­նին ու ­Քե­մալ 15 տա­րի ետք մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լայն պաս­տա­ռին վրայ պի­տի հան­դի­սադ­րէին ա­ւե­լի ա­հա­ւոր զի­նակ­ցու­թիւն մը՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան խոր­տա­կու­մին։
Բայց մնանք «Որս­կան» ար­շա­ւա­խում­բի ող­բեր­գու­թեան է­ջին վրայ։

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ սահ­մա­նը կտրող դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րը թրքա­կան եւ քրտա­կան յար­ձա­կու­մի կ­’են­թար­կո­ւէին։ ­Բայց ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րը այդ աս­տի­ճան մո­լուց­քով եւ դա­ւադ­րա­կան ո­գիով կռնա­կէն կը դա­շու­նա­հա­րէին բա­ցա­ռա­պէս թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ զէնք բարձ­րա­ցու­ցած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը։

Ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հա­մար ծան­րակ­շիռ, այ­լեւ մա­հա­ցու հա­րո­ւած­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ե­ղաւ 1904ի ա­մա­ռը։ Մա­յի­սի վեր­ջե­րուն ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թիւ­նը օր­հա­սա­կան դրու­թեան մատ­նուած էր։ ­Ֆե­տա­յի­նե­րու ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն Հ­րայր-Դ­ժոխք եւ ­Վա­հան զո­հո­ւած էին։ Անդ­րա­նիկ, ­Գէորգ ­Չա­ւուշ, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ, ­Սե­պուհ եւ ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րու ան­պար­տե­լի միւս բո­լոր հե­րոս­նե­րը, ա­ւե­լի քան 20 հա­զար տե­ղա­հան դար­ձած մեր ժո­ղո­վուր­դին գլուխն ան­ցած, դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան նա­հան­ջի դի­մած էին թրքա­կան եւ քրտա­կան ան­հա­մե­մա­տօ­րէն գե­րակ­շիռ զօր­քե­րու յար­ձակ­ման ու ճնշման տակ։

Հա­յոց ­Քա­ջե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ­Սաս­նոյ ժո­ղո­վուր­դը ի­ջաւ Մ­շոյ դաշտ. մի­ջազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թիւն պա­հան­ջե­լով մե­ծա­պե­տա­կան Եւ­րո­պա­յէն։ ­Բաղ­դա­տած ան­ցեա­լի նմա­նօ­րի­նակ դի­մում­նե­րուն, 1904ին եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տո­սա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի ազ­դու ե­ղան եւ ո­րոշ չա­փով սան­ձե­ցին ­Հա­մի­տի ջար­դա­րար ա­խոր­ժակ­նե­րը՝ փրկե­լով տե­ղա­հան ան­զէն հա­յու­թիւ­նը ստոյգ բնաջնջ­ման վտան­գէն։ Իսկ ֆե­տա­յա­կան ու­ժերն ու ա­նոնց միա­ցած բազ­մա­հա­րիւր հայ զի­նեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին կռի­ւը՝ հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժը ի սպառ ջլա­տե­լու ե­լած թրքա­կան զօր­քե­րու եւ քրտա­կան հրո­սա­կա­խում­բե­րու դէմ։

Քա­ղա­քա­կան այս շրջա­գի­ծին մէջ, «Որս­կան» խում­բին վի­ճա­կո­ւած ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, թէ ­Սաս­նոյ դէմ ­Հա­մի­տի նա­խա­ձեռ­նած ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը ո­րո­շա­պէս քա­ջա­լե­րո­ւած էր ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­յա­հա­լած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սաստ­կա­ցու­մէն, ո­րուն բարձ­րա­կէ­տը ե­ղաւ 1903ին հրա­պա­րա­կո­ւած հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րը բռնագ­րա­ւե­լու ցա­րա­կան հրա­մա­նա­գի­րը։

Հա­միտ փաս­տօ­րէն ու­նէր այն ե­րաշ­խի­քը, թէ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը այս ան­գամ պի­տի չու­զէր խո­չըն­դո­տել հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան ող­նա­շա­րը ջախ­ջա­խե­լու իր քայ­լե­րը։ Այդ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ալ, ­Հա­միտ շուրջ 20 հա­զար զօրք եւ քրտա­կան հրո­սակ­ներ ար­ձա­կեց ­Սաս­նոյ քա­ջա­րի հա­յոր­դի­նե­րուն եւ ֆե­տա­յի­նե­րուն վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ շարժ­ման մէջ դրաւ ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի տա­րած­քին իր ու­ժե­րը, որ­պէս­զի նաեւ կա­րե­նայ կան­խել ու խո­չըն­դո­տել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Վա­նի մար­տա­կան ու­ժին օգ­նու­թիւ­նը պա­շա­րո­ւած ­Սա­սու­նին։

Ա­հա՛ այս խո­րա­պատ­կե­րին վրայ՝ «Որս­կան» խում­բին ող­բեր­գու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջա­կան տա­րո­ղու­թեամբ, տե­սա­նե­լի եւ հասկ­նա­լի կը դառ­նայ։

Ար­շա­ւա­խում­բին կազ­մու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն կ­’ար­տա­յայ­տէր ամ­բողջ կով­կա­սա­հա­յու­թիւ­նը հա­մա­կած յե­ղա­փո­խա­կան վճռա­կա­նու­թեան ա­լե­կո­ծու­մը։ ­Հա­յոց ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման միջ­նա­բերդ ­Սա­սու­նը վտան­գո­ւած էր եւ անհ­րա­ժեշտ էր փու­թալ դէ­պի պա­շա­րո­ւած հա­յոց ար­ծո­ւե­բոյ­նը։ ­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ոտ­քի ե­լած էր՝ Անդ­րա­նի­կին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու…
Ար­շա­ւա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը վստահ էին, որ 61 մար­տիկ­նե­րով պի­տի կա­րե­նա­յին յաղ­թա­հա­րել սահ­մա­նը անց­նե­լու ճամ­բուն թրքա­կան եւ քրտա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ 1903ի վեր­ջե­րուն, «Որս­կան» խում­բի եր­կու ղե­կա­վար­նե­րէն Թոր­գո­մը (­Թու­ման ­Թու­մեանց) յա­ջո­ղած էր, իր «Մր­րիկ» խում­բով, կտրել միեւ­նոյն ճամ­բան եւ ա­ռանց կո­րուս­տի, կռիւ մղե­լով, հաս­նիլ ­Սա­սուն, ընդ­հա­նուր խան­դա­վա­ռու­թեան ու ինք­նավս­տա­հու­թեան ա­լիք բարձ­րաց­նե­լով հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ժո­ղո­վուր­դին եւ թէ ֆե­տա­յի­նե­րուն մօտ։

«Որս­կան»ի հայ­դուկ­նե­րը ոչ միայն լա­ւա­պէս զի­նուած էին, այ­լեւ՝ ի­րենց հետ ­Սա­սուն կը տա­նէին մե­ծա­քա­նակ փամ­փուշտ։ Ար­շա­ւա­խում­բը բաժ­նո­ւած էր եր­կու մեծ խում­բի։ Ա­ռա­ջի­նին հրա­մա­նա­տարն էր ­Թոր­գոմ, իսկ երկ­րոր­դին հրա­մա­նա­տա­րը Որ­սորդն (­Գէորգ) էր։ Եր­կուքն ալ ե­րի­տա­սարդ, զի­նո­ւո­րա­կան պատ­րաս­տու­թեան տէր եւ ֆե­տա­յա­կան կռո­ւի մէջ փոր­ձա­ռու մար­տիկ­ներ էին։ Ար­շա­ւա­խում­բին մաս կը կազ­մէին նաեւ եր­կու բժիշկ ու ­Տէր ­Ղա­զար յիս­նա­մեայ քա­հա­նան։
Փաս­տօ­րէն ար­շա­ւա­խում­բը ամ­բող­ջա­պէս պատ­րաստ էր դի­մագ­րա­ւե­լու սահ­մա­նին թրքա­կան կող­մը ի­րեն սպա­սող դժո­ւա­րու­թեանց եւ վտանգ­նե­րուն։ ­Նա­խա­տե­սած չէր, սա­կայն, ռու­սա­կան դա­ւադ­րու­թեան եւ մեղ­սակ­ցու­թեան գոր­ծօ­նը։ Եւ ճիշդ կռնա­կէն ստա­ցո­ւած այդ հա­րո­ւածն էր, որ ա­ւե­լիով ծան­րակշիռ դար­ձուց «Որս­կան»ի հե­րո­սա­կան ֆե­տա­յի­նե­րուն վի­ճա­կո­ւած ող­բեր­գու­թիւ­նը։

Թէ՛ ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան, թէ՛ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան եւ թէ Ա­րամ, «Որս­կան» ար­շա­ւա­խում­բի ող­բեր­գու­թեան անդ­րա­դար­ձող ի­րենց վկա­յու­թեանց եւ յու­շե­րուն մէջ, ա­ռան­ձին շեշ­տով եւ ման­րա­մաս­նու­թեամբ կը նկա­րագ­րեն ռուս սահ­մա­նա­պահ ու­ժե­րու հրա­նա­տա­րին՝ Պէ­քո­ֆի հրա­հան­գով կո­զակ­նե­րու գոր­ծած կա­տա­ղի յար­ձա­կու­մը հայ ֆե­տա­յի­նե­րուն վրայ։ ­Թուրք եւ քիւրտ զօր­քին դէմ խի­զա­խօ­րէն կռո­ւող հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ա­նակն­կա­լօ­րէն կրա­կի տակ ին­կան ­Ռու­սիոյ ա­պա­ւի­նած ի­րենց թի­կուն­քէն։ ­Ռուս զօր­քին վրայ կրա­կե­լու վա­րա­նե­ցան՝ յու­սա­լով եւ սպա­սե­լով, որ ռուս սահ­մա­նա­պահ հրա­մա­նա­տա­րը կ­’անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին ու կը դադ­րեց­նէ թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու դէմ կռո­ւող հայ մար­տիկ­նե­րը այդ­պէս դա­ւադ­րա­բար կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րե­լու մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը։

Պա­տա­հե­ցաւ ճիշդ հա­կա­ռա­կը։ Որ­քան ֆե­տա­յի­նե­րը ի­րենց կռի­ւը կեդ­րո­նա­ցու­ցին թուր­քե­րուն ուղ­ղու­թեամբ, այն­քան «հա­մար­ձակ» դար­ձան ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րը։ Թոր­գոմ ե­րեք ան­գամ բա­նագնաց, վեր­ջի­նը՝ ­Տէր ­Ղա­զա­րը ու­ղար­կեց ռուս հրա­մա­նա­տար ­Պէ­քո­ֆին մօտ, որ­պէս­զի ռուս զօր­քին նկատ­մամբ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ու­նե­ցած հա­մակ­րան­քը փո­խան­ցէ եւ ռուս­նե­րուն չէ­զո­քու­թիւ­նը ա­պա­հո­վէ թրքա­կան զօր­քի հետ բռնկած կռո­ւի ըն­թաց­քին։ ­Բայց ոչ միայն բա­նագ­նաց­նե­րը կա­լա­նա­ւո­րո­ւե­ցան ու սպան­նո­ւե­ցան (­Տէր ­Ղա­զար ճեր­մակ դրօշն ու խա­չը ձեռ­քին ուղ­ղա­կի սպան­նո­ւե­ցաւ), այ­լեւ մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ տե­ւած կռիւ­նե­րէն ար­դէն ու­ժաս­պառ դար­ձած հայ մար­տիկ­նե­րը, երբ ­Թոր­գո­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ճեր­մակ դրօշ բարձ­րաց­նե­լով սկսան յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րը, ­Պէ­քոֆ հրա­հան­գեց անխ­նայ կրա­կել անձ­նա­տո­ւու­թեան դրօշ բարձ­րա­ցու­ցած հայ մար­տիկ­նե­րուն վրայ։

Այդ­պէ՛ս, ռուս կո­զակ­նե­րու կրա­կին տակ զո­հո­ւե­ցան ­Թոր­գոմ եւ իր 10-12 ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք չու­զե­ցին հա­ւա­տալ, թէ ռու­սը մեղ­սա­կից էր թուր­քին…

Ար­շա­ւա­խում­բին մէջ գտնո­ւե­ցան նաեւ մար­տիկ­ներ, ո­րոնք կռիւ մղե­լով՝ կրցան ճեղ­քել թուրք-ռու­սա­կան պա­շա­րու­մը եւ փրկո­ւիլ։

«Որս­կան» ար­շա­ւա­խում­բի մնա­ցեալ ֆե­տա­յի­նե­րը, ո­րոնք շա­րու­նա­կե­ցին թուր­քե­րու դէմ կռի­ւը, ան­գու­թօ­րէն կո­տո­րո­ւե­ցան, երբ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին ռու­սեւ­թուրք զօր­քե­րը միա­ցեալ գրո­հով մը յար­ձա­կե­ցան հա­յոց դիր­քե­րուն վրայ։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Պէ­քոֆ եւ իր զի­նո­ւոր­նե­րը բար­բա­րո­սա­բար պղծե­ցին զէն ի ձե­ռին ին­կած հայ ֆե­տա­յի­նե­րու դիակ­նե­րը…
Հա­րո­ւա­ծը շատ ծանր ե­ղաւ։

Ցն­ցո­ւե­ցաւ ողջ հա­յու­թիւ­նը։
Ա­մէն կող­մէ բարձ­րա­ցան «վրէժ» պա­հան­ջող ձայ­ներ։
Եւ Հ.Յ.Դ. ­Կար­սի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով, քա­նի մը շա­բաթ ետք, 1904ի Օգւս­տոս 31ին, Օլ­թիի մէջ ­Պէ­քոֆ իր ար­դար պա­տի­ժը ստա­ցաւ եւ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կիչ ­Հա­մօ ­Ջամ­փո­լա­տեա­նի ար­ձա­կած ատր­ճա­նա­կի ե­րեք փամ­փուշտ­նե­րով։

Ան­շուշտ մեծ էր ռուս հրա­մա­նա­տա­րին՝ ­Պէ­քո­ֆի անձ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժի­նը, բայց շատ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ էր եւ հե­ռա­հար հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցաւ ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի շրջա­դար­ձը դէ­պի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ 1909ին յան­գե­ցաւ ա­նո­ւա­նա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան «մաք­րա­գործ­ման» գոր­ծար­քին՝ բայց խոր­քին մէջ ա­րե­ւե­լա­հայ ողջ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու սե­րուց­քը բան­տե­րը նե­տե­լու… մո­լուց­քին։

Իսկ ա­ւե­լի ա­հա­ւո­րը այն է, որ «Որս­կան» խում­բի սպան­դին այդ­պի­սի՛ մո­լուց­քով՝ միա­ցեալ ու­ժե­րով ձեռ­նար­կող ռու­սեւ­թուրք սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րու «գոր­ծակ­ցու­թիւն»ը նա­խա­դէպ ստեղ­ծեց հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան քա­ղա­քա­կան ա­մէ­նէն դառն ու դա­ժան պա­տու­հա­սին հա­մար, որ թուր­քեւ­ռուս մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­կա­հայ դրսե­ւո­րումն է՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան խոր­տա­կու­մով եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նու­մով։

Հայ ­Դա­տին տա­պա­րի հա­րո­ւած հասց­նող մե­ծա­գոյն մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ 1920 թո­ւա­կա­նին, երբ ­Լե­նին-­Քե­մալ միա­ցեալ գրո­հը եր­կու կրա­կի մէջ ա­ռաւ ու կոր­ծա­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը կը թե­ւա­ծէ ռու­սեւ­թուրք հա­կա­հայ մեղ­սակ­ցու­թեան միեւ­նոյն ու­րուա­կա­նը եւ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր մե­ծա­գոյն ան­տե­սում­նե­րէն մէ­կը կը գոր­ծէ, երբ մտա­հան կ­’ը­նէ կամ կը թե­րագ­նա­հա­տէ 1904ի ­Յու­լի­սին պա­շա­րուած ­Սա­սու­նին օգ­նու­թեան փու­թա­ցող «Որս­կան» խում­բին դէմ գոր­ծո­ւած սպան­դով սկսած եւ պար­բե­րա­բար պար­զո­ւած թուր­քեւ­ռուս «մեղ­սակ­ցու­թեան» ախ­տա­ճա­նա­չու­մը։

Ն.

Տպել Տպել