Ակնարկ. Անգարան` Նեղ Անկիւններու Առջեւ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան մեծ դեր ունի սուրիական տագնապի լուծման հարցին մէջ, անպայման Անգարայի դերակատարութիւնը տագնապի հանգուցալուծման մէջ դրականօրէն չ՛երանգաւորեր:

Նախ պարզ այն պատճառով, որ յայտարարութիւնը ունի երկրորդ բաժին, որ կ՛ակնարկէ թուրք-ամերիկեան այսօրուան լարուած յարաբերութիւններուն: Ընդգծուած լարուածութեան պատճառներուն մասին չի խօսիր Թիլըրսըն:

Քաղաքագիտական յատուկ հմտութեան անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր ենթադրելու համար, թէ ի՛նչն է բուն պատճառը ակնարկուած լարուածութեան:

Մանաւանդ որ պաշտօնական Անգարային խօսափող նկատուող «Անատոլու»-ն չէր ուշանար դրդապատճառի բացայայտում կատարելու իր պարտականութեան մէջ:

Թրքական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէր, որ Միացեալ Նահանգներու պատկանող 100 բեռնատարներ Իրաքէն անցած են Սուրիա, հասնելու համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Հասաքէ եւ ապա Ռաքքայի հիւսիսը:

Հիմա, երկրորդական նշանակութիւն ունի Անգարայի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հերքումը: Գործընթացը այս պարագային երկկողմանի է: Մէկ կողմէ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն հասած ամերիկեան օժանդակութիւնն է, միւս կողմէ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ չէզոքացման գործողութիւններուն թափ տալը: Այս երկրորդ ուղղութիւնը կը թուի, որ տակաւին սահմանափակ ծիրի մէջ կ՛ընթանայ եւ գէթ այս փուլին ՏԱՀԵՇ-ի արմատախլման չի միտիր:

Պատերազմական գործողութիւններու ռուս-ամերիկեան ամբողջական համաձայնութիւնն է, որ կրնայ կրօնական ահաբեկչութեան արմատախլման միտող ռազմական համակարգուած քայլերու դիմել, ինչ որ տակաւին տեսանելի չէ, մանաւանդ նկատի ունենալով այլ ճակատի վրայ առարկայացող Միացեալ Նահանգներու ճշդած հակառուս պատժամիջոցներու խստացումը, Մոսկուայի հետ տակաւին մերձեցում ապրող Անգարան չի յաջողիր կիրարկել քրտական գործօնի չէզոքացման ուղղութեամբ իր պատրաստած ռազմական ծրագիրները: Անգարան տեղի կու տայ նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ դիրքեր գրաւած ահաբեկչական խմբաւորումներու մաքրագործման պատերազմին: Չմոռնանք, որ մաքրագործուող խմբաւորումին վերաբերեալ միջազգային մամուլը յաճախ ակնարկած էր Թուրքիայէն սնած, ֆինանսաւորուած ըլլալու իրողութեան:

Ժապհաթ Նուսրայի շահարկման գործօնը կորսնցուցած Անգարան սուրիական տարածքներուն վրայ կը թուի շատ բան զիջած ըլլալ Մոսկուային: Փոխարէնը, չէ յաջողած ստանալ քրտական զինեալ երեւոյթներու զարգացումը կանխարգիլելու երաշխիքներ: Ընդհակառակն` Ուաշինկթըն, թէեւ հերքելով, այսուհանդերձ կը շարունակէ օժանդակել Սուրիոյ քիւրտերուն:

Հիմա ինչպէ՞ս պէտք է ընկալել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` Թուրքիան կարեւոր դեր ունի սուրիական տագնապի հանգուցալուծման մէջ:

Եթէ զինուորաքաղաքական այս իրադրութիւններու տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք, Թուրքիայէն կ՛ակնկալուի հանգիստ հետեւիլ քրտական զինեալ ուժերու տեղաշարժերուն եւ անոնց հասանելի օժանդակութիւններուն, եւ երբ անհրաժեշտ պահը գայ, աշխուժօրէն մասնակցիլ հակաահաբեկչական գործողութիւններուն:

Անգարան յայտնուած է նեղ անկիւններու առջեւ: Առկախուած է նաեւ իր կողմէ առաջադրուած սուրիական տարածքներու վրայ անվտանգութեան գօտիներ յառաջացնելու յանկերգը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել