«Ազդակ»ի Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը` Առաջին Հորիզոնականին Վրայ

Դէպի հայրենիք գործուղումներու արտակարգ եռուզեռ կը ցուցաբերէ Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը: Անկախ զբօսաշրջային խումբերու յաջորդական մեկնումներէն, Երեւանը այս եղանակին վերածուած է սփիւռքահայութեան եւ այս պարագային լիբանանահայութեան, լիբանանահայ երիտասարդութեան ժամադրավայրի: Վերջին ժամանակաշրջանին կայացման ընթացքի մէջ եղող այս միտումները, կը թուի, որ այս տարի յստակ ընդգծում ստացած են:

Այս միտումները ունին անշուշտ իրենց շարժառիթները` բանակումներ, համահայկական խաղեր, փառատօներ եւ տարբեր ձեւաչափերով ներգրաւումներ: Այսուհանդերձ սկսած են գործնական տեսք ունենալ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն քայլեր առնելու թէ՛ միութենական եւ թէ՛ անհատական մօտեցումները:

Իրադրութիւնները այս ուղղութեամբ փոխկապակցուած տրամաբանական շղթայի հիւսուածքի հիման վրայ կ՛ընթանան, երբ մեկնումի օրինակներն ու պահանջարկները կը շատնան, կը բազմապատկուին ուղիղ թռիչքներու թիւերը եւ անշուշտ փոխադարձաբար, երբ թռիչքներ կ՛իրականանան գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ` առիթ ստեղծելով յաճախ մեկնելու: Եւ Պէյրութը տարածաշրջանային մակարդակի վրայ կը յայտնուի Արաբական Ծոցի երկիրներու շարքին, թէկուզ եղանակային, այսուհանդերձ ամէնօրեայ դէպի Երեւան թռիչքներ իրականացնելու առումով:

Կարեւոր տարբերութեամբ մը սակայն: Ծոցի երկիրներու պարագային օդային եռուզեռի ներգրաւուածները մէկ կողմէ կանգառ-տարբեր ուղղութիւններ մեկնողներ են, միւս կողմէ տուրքազերծ, շուկայի աշխուժ մասնակիցներ: Մինչդեռ Պէյրութը այս առումով յատկանշուած է համահայկական գործուղման, բանակումային մասնակիցներու աննախընթաց թիւերով նաեւ, եւ պէտք է ընդունիլ այս պարագային, որ անկախ այլապէս ողջունելի զբօսաշրջութենէն եւ գործարարութենէն, այստեղ կ՛ընդգծուի գաղափարական բովանդակութիւնը, որ մասնակի հայրենադարձութիւն հասկացողութեան հետ կամրջուած է: Լիբանանն է այն միջավայրը, որմէ Երեւան ուսանելու համար հիմնադրամներու ճշդած չափաբաժինները շուտով կ՛ամբողջանան, եւ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի այլ օժանդակող ծրագիրներու դիմելու` Երեւան մեկնելու եւ այնտեղ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար:

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ ունենալ այնպիսի վիճակագրութեան արդիւնքներ, որոնք կը խօսին լիբանանահայերու կողմէ գնուած բնակարաններու-հողատարածքներու, անշարժ գոյքերու եւ կատարուած ներդրումային ծրագիրներու թիւերուն մասին:

Հաւանաբար եզրակացութիւնները ընդգծեն, որ ա՛յս մարզերուն մէջ եւս լիբանանահայութիւնը պիտի գրաւէ առաջին հորիզոնականները:

Լիբանանահայութեան այս տեղաշարժը եթէ մէկ կողմէ արդիւնք չէ շուկայական եւ կանգառային դրդապատճառներու, հետեւանք չէ նաեւ ճգնաժամային իրավիճակներու բերումով արձանագրուած հոսքերուն: Ահա թէ ինչու խօսքը գաղափարական բովանդակութեան կը վերաբերի որոշակի առումով:

Վերլուծական այս փորձի ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է ընկալել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու սեփական բանակավայր ունենալու իրականութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հայրենիքին մէջ տարեկան բանակում կազմակերպելու փաստը, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի իրերայաջորդ «Դէպի երկիր» գործուղումները, «Արցախ ֆոնտ»-ի շրջանակներուն մէջ հայ աշակերտութեան ճանաչողական այցելութիւնները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի տասնամեակներու վրայ երկարող հայրենաշինական ներդրումները, ԱՌԻ-ի բնակեցման ծրագիրները, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի ծրագիրին մէջ լիբանանահայ երիտասարդներու եւ պատանիներու ներգրաւուածութեան քանակը, «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան իրերայաջորդ ծրագիրներուն մէջ հետզհետէ աճող լիբանանահայ երիտասարդներու թիւերը եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու լիբանանահայ պատուիրակութեան երեւոյթը եւ տակաւին շատ նմանօրինակ փաստեր:

Հայրենաճանաչութեան եւ մասնակի հայրենադարձութեան քայլերը հաւաքական եւ անհատական մակարդակներու վրայ թափով կ՛ընթանան:

Լիբանանահայութիւնը առաջին հորիզոնականին վրայ է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել