«Հայրենիք»ի խմբագրական. Հրաժեշտի Խօ՞սք Թէ Թութակաբանութիւն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ Օգոստոս 24-ին պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն կատարելու տպաւորութիւնը ձգեց սեղմ շրջանակի մը մէջ Ուաշինկթըն ներկայացուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Կատարուածը հրաժեշտի խօ՞սք էր, թէ՞ պարզապէս թութակաբանութիւն բուրող հաստատումներու շարք մը:
Հոկլընտ իր վերջին ելոյթը կ՚ունենար Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեան պաշտօնին, տեղեկացնելով թէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, Օգոստոս 28-էն սկսեալ, իր գործընկեր Էնտրու Շօֆըրը պիտի ստանձնէր այդ պարտականութիւնը։

Զինք փոխարինող Շօֆըրի մասին տեղեկութիւն հաղորդելէ առաջ, Հոկլընտ անդրադարձաւ արցախեան հիմնահարցի ներկայ իրավիճակին:

Հոկլընտ փորձեց կացութիւնը ներկայացնել առանց կողմերը ջղագրգռելու։ Ան շեշտեց, թէ Արցախի հիմնահարցը բոլորովին կը տարբերի Աբխազիոյ, Մերձ-Դնեստրի եւ Օսեթիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակներէն: Ըստ իրեն, երկար տարիներու եւ նոյնիսկ դարերու վրայ երկարած թնճուկ մըն է:
Տեղին էր Արցախի հիմնահարցը առանձնացնելու Հոկլընտի յայտարարութիւնը, որ հաւանաբար շատ աւելի ամբողջական կրնար դառնալ եթէ յաւելեալ մանրամասնութիւններով վերստին նշուէր, թէ 1920-ին, կովկասեան տարածաշրջանի խորհրդայնացման օրերուն, պարտադրաբար եւ հակառակ իր բնակչութեան կամքին, Արցախը դաւադրաբար յանձնուեցաւ Ատրպէյճանի ձեռամբ արիւնարբու Ստալինի։ Այսպէս, տասնեակ տարիներ շարունակ Արցախն ու արցախցին դարձան զոհը ցեղային խտրականութեան, որուն միտք բանին բնաջնջումն էր երկար ժամանակի վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կատարուեցաւ դրացի հայահոծ այլ շրջանի մը՝ Նախիջեւանի մէջ, ուր քանի մը տարի առաջ քանդուեցան մշակութային գանձ նկատուող հարիւրաւոր խաչքարեր՝ հայկական ներկայութեան վերջին հետքը:

Հոկլընտ շարունակեց իր հրաժեշտի զուսպ խօսքերը յայտնելով, թէ Արցախի շուրջ գրաւուած տարածքները պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան, աւելցնելով թէ այդ շրջաններուն մէջ կարելի չէ բնակեցումը քաջալերել առանց հաշուի առնելու Ատրպէյճանի նախնական համաձայնութիւնը: Հետեւաբար, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք է վերականգնել այդ շրջանին մէջ։

Հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, Հոկլընտ շուտով նշեց թէ անպայման պէտք է Հայաստանը Արցախին միացնող միջանցք մը ստեղծուի: Ըստ Հոկլընտի, այս միջանցքը չի կրնար ներառել Լաչինի ամբողջ շրջանը, բայց այսուամենայնիւ անիկա պէտք է բաւականաչափ լայն եւ անվտանգ ըլլայ՝ երթեւեկի եւ փոխադրութեան ապահովման համար:

Ահաւասիկ այլ պղտոր ձեւաւորում մը, որ կարելի է շարունակել Հոկլընտի այն բացատրութեամբ, թէ «հաշուի առնելով Արցախի բարդ պատմութիւնը, կողմերը պէտք է սահմանեն անոր վերջնական իրաւական կարգավիճակը ապագային` փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ իրաւական պարտաւորիչ կամքի արտայայտութեամբ: Ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, պէտք է ժամանակաւոր կարգավիճակ տրուի, որ առնուազն կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնավարութեան երաշխիքներ»:

Բնականաբար, Հոկլընտ խոյս կու տայ լափալիսեան ճշմարտութենէ մը. դիւանագիտական բանակցութիւններու յառաջխաղացքը կրնայ շատ աւելի էական դառնալ, եթէ նախաձեռնուի ապահովել Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը հակամարտութեան լուծման բոլոր փուլերուն:

Բանակցութիւններու սեղանին հիմնական կողմերէն մէկուն բացակայութեան պատճառը Պաքուի ժխտական կեցուածքն է, որ կը պնդէ թէ միայն Հայաստանի հետ կրնայ բանակցիլ, ինչ որ հարցին լուծման յառաջընթացը կը դժուարացնէ:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել