Ակնարկ. Չփոխել Զուգահեռին Ուղղութիւնը

Մինսքի խմբակի արդէն պաշտօնաթող ամերիկացի համանախագահին կարապի երգ-յայտարարութիւնը, այո ըստ էութեան նոր սկզբունքներ կամ առաջադրանքներ չի փոխանցեր։ Որեւէ համանախագահ ծայրայեղօրէն բծախնդրութիւն ցոյց կու տայ իր երկու միւս գործընկերներուն եւ մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն հիմնականօրէն չհակասելու։

Պարզապէս շեշտադրումներու, ըսելաձեւերու փոփոխութիւններ կ՛երեւին անոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարած յայտարարութեան մէջ, որոնց վրայ կ՛ազդեն տեղի եւ պահի գործօնները բնականաբար։ Հոկլընտի պարագային հաւանաբար կէտ մը եւս, եթէ յիշենք անոր Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն ստանձնելու նախօրեակին Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած վերապահումները, լսումներու ընթացքին փոխանցած մտահոգութիւնները, պաշտօնի ստանձնման որոշումի առկախման փաստը։

Այս բոլորը կ ՛ազդեն հայկական կողմի ընկալման գործընթացներուն վրայ։ Անձը, Հայ դատի կողմէ դիւանագիտական առաքելութիւն ստանձնելու որոշումին դէմ դրուած արգելքը, Ուաշինկթընի կողմէ այդ աքթին դիմաց հայկական այլ թղթածրար մը յանձնելու հակաորոշումը, պաշտօնաթողութենէ առաջ կարապի երգին որոշ բաղաձայն հնչիւնները։

Բայց խնդիրը քաղաքական սառ տրամաբանութեամբ դիտարկելու պարագային, օրինաչափութեան պահպանման սկզբունքները կը յուշեն, որ Հոկլընտի յայտարարութեան մեկնաբանութիւններուն մէջ բացասականօրէն ըմբռնելու բեկումնային նոր պահու հասունացում պէտք չէ տեսնել անպայման։

Նախ չմոռնանք այն, որ այս կէտերը ոչ թէ համաձայնեցուող սկզբունքներու մասին են, այլ` քննարկման սեղանին վրայ դրուած։ Հայկական բանակցային կողմի ռազմավարութիւնը մինչ այժմ իր դիրքորոշումներն ու միջազգային ընտանիքի մօտեցումները կը փորձէ զուգահեռականացնել` զուգահեռներուն դիմաց ցոյց տալով Պաքուի հակադրութիւնը։

Այս մօտեցումը մինչ այժմ կայացած է, թէեւ ակնկալուած արդիւնքը չի տար` հակամարտող կողմերուն պատասխանատուութեանց համահաւասարեցման վարքագիծերու մնայուն դրսեւորումները նկատի ունենալով։ Այստեղ սակայն պէտք է անպայման յիշել թէ՛ Վիեննան եւ թէ՛ Փեթերսպուրկը եւ թէ՛ եզակի այն գնահատականը, որ միաժամանակ կատարեցին պաշտօնական Մոսկուան եւ համանախագահները մատնացոյց ընելով Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը։ Այդ եզակի գնահատականէն ետք, համանախագահները վերադարձան դասական վարքագիծին։

Հոկլընտի վերջին երգը պատճառ չէ, որ հայկական կողմը միջազգային ընտանիքի բառապաշարին եւ մօտեցումներուն հետ զուգահեռներ գծելու իր վարքագիծէն շեղում կատարէ։ Յստակացումներ` այո՛։

Առաջին. այս սկզբունքները մէկ ամբողջութիւն են եւ որեւէ նախազիջումնային տրամաբանութիւն գոյութիւն չունի բանակցային փլիսոփայութեան մէջ։ Այդ կը նշանակէ, որ այդ սկզբունքներէն հայկական կողմին համար գերակայ նկատուող կարգավիճակի ճշդումը որեւէ կեպով սակարկելի խնդիր չէ։

Երկրորդ, առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի համաձայնութեան, որեւէ փուլային-փաթեթային նախագիծ չի կրնար առարկայանալ եւ վերածուիլ համաձայնագրի։

Այս երաշխիքները կան, գոյութիւն ունին իրողապէս եւ դիւանագիտական ըսելաձեւերով նաեւ նոյնիսկ Հոկլընտի կատարած յայտարարութեան մէջ։ Տարբեր հարց, որ պաշտօնական Պաքուն իւրովի կը մեկնաբանէ այս բոլորը եւ նորացուած մատրիտեան սկզբունքները կ՛ընդունի իբրեւ հիմք բանակցութիւնները շարունակելու։ Փաստօրէն, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը այս առիթով փորձ կը կատարէ յաչս միջազգային ընտանիքին հայկական կողմի որդեգրած վարքագիծը կիրարկելու։

Ահա այս առիթն է, որ պէտք չէ որեւէ կերպով դերերու փոփոխութեան դուռ բանայ։ Հոկլընտը իբրեւ համանախագահ կարեւոր բացթողում կատարած է։ Իրենց իսկ կազմակերպած եւ որդեգրած Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի որոշումները մոռացութեան տալով։

Իսկ Վիեննան եւ Փեթերսպուրկը պարզ տեսքով կը փոխանցեն, որ բանակցութիւններուն վերադառնալէ առաջ պիտի հաստատուին հրադադարը պահպանելու միտումով մեքենակազմեր, մշտադիտարկում եւ հետաքննութիւն իրականացնելու համար։ Այստեղ եւս հայկական եւ միջազգային առաջադրանքները զուգահեռ կ՜ընթանան, պարզ դարձնելով որ այդ որոշումներու իրականացումը արգելակողը Պաքուն է։

Ուրեմն`գործադրել նախ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի որոշումները։ Կայունացնել հրադադարը, ունենալ այդ կայունացման երաշխիքները, ապա վերսկսիլ բանակցութիւններուն, ուր սեղանին վրայ դրուած սկզբունքները կ՜ընդունուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ ուրկէ չի բխիր որեւէ համաձայնագիր առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի համաձայնութեան։ Մինչ այդ պահել հայկական եւ միջազգային վարքագիծերու զուգահեռները։

«Ա».

aztagdaily.com

Տպել Տպել