Սփիւռքը քաղաքական առաքելութիւն է

Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար Սփիւռքի ներկայ վիճակը մեր ներազգային կեանքի կարեւորագոյն օրակարգերէն է։ Հետեւաբար, Դաշնակցութեան համար Սփիւռքի հզօրացումը ռազմավարական հիմնական հարց է։ Ինչպէս հաստատած է երկու տարի առաջ կայացած Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողովը, «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար եւ Հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է։»

Այս հաստատումը նորութիւն չէ։ Տակաւին երբ Սփիւռք հասկացողութիւնը իր սաղմնային վիճակին մէջ էր, Հայկական Սփիւռքի կազմակերպումը, հայեցի ինքնութեան պահպանումը եւ գաղթօճախներու քաղաքականացած գոյութիւնը առանցքային իմաստ եւ արժէք կը ներկայացնէին Դաշնակցութեան վարքագծային ուղղութեան եւ ռազմավարութեան համար։

Սեդօ Պոյաճեան

Փարիզի մէջ գումարուած (Նոյեմբեր 17,1924էն Յունուար 16, 1925) Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդհանուր Ժողովը իր համապարփակ քննարկումներով եւ ազդու որոշումներով ուղղութիւն եւ բովանդակութիւն տուաւ կազմակերպ ու քաղաքականացած Հայկական Սփիւռքի մը ձեւաւորման։ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց, որ պիտի պահպանուի հայութեան համրանքը, գաղութահայութիւնը պիտի դառնայ Հայաստանին կապուած մէկ ամբողջական զանգուած, եւ իւրաքանչիւր վայրի մէջ պիտի կազմակերպուին մէկ ուրոյն համայնքներ։ Այս նպատակին համար ընդհանուր ժողովը որոշեց 1926ը հռչակել իբրեւ ներքին աշխատանքի եւ վերակազմութեան տարի։

Այս որոշումներու վրայ կառուցուեցաւ եւ հաստատուեցաւ արդի Սփիւռքը։ Հանգրուան առ հանգրուան, մեկնելով տիրող պայմաններէն եւ պահանջուող աշխատանքներէն, Սփիւռքը տարածեց եւ արդիականացուց իր կառոյցները, աւելի խորացուց եւ բազմակողմանի դարձուց իր թէ՛ մարտավարական եւ թէ ռազմավարական գործունէութիւնը։ Երբ հարկը զգացուեցաւ, դիմեց յաւելեալ քաղաքականացման։ Երբ պարտադրուեցաւ վերադառնալու մեր անցեալի յեղափոխական աւանդներուն, դիմեց անհրաժեշտ յեղափոխականացման։

Ներկայ հանգրուանին, Սփիւռքի առաքելութիւնը բիւրեղացած է հետեւեալ հիմնական չորս ուղղութիւններով.- 1. Գաղթօճախներու կազմակերպ գոյութեան սատարում։ 2. Սփիւռքահայ մարդու հայեցի ինքնութեան պահպանում։ 3. Մեր ժողովուրդի իրաւազրկման վերացման համար պահանջատիրութիւն։ 4. Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ձեւի օժանդակութիւն։

Սակայն վտանգը սկսած է սպառնալ Հայկական Սփիւռքի առաքելութեան։

Այսպէս, հայրենիքի անկախացումը յոյսի եւ լաւատեսութեան զգացումներ պատճառեց Սփիւռքի գաղթօճախներուն եւ Սփիւռքահայ մարդուն։ Սակայն այդ զգացումները փոխանակ խթանելու ազգային կեանքը եւ պրկելու գործելու կամքը, թուլացում առաջացուցին Սփիւռքի տարածքին։ Զարգացաւ այն թիւր համոզումը, թէ Սփիւռքի առաքելութիւնը աւարտած է։ Հայրենիքը անկախ է։ Երազը իրականացած է։

Կարծէք մեծ հոգսէ մը ազատած, հանգստութեան շունչ քաշեցինք բոլորս։ Ազգային իմաստով ապագայի վտանգներով լի դարձաւ հանգստաւէտութեան այդ շունչը։ Ինքնութեան պահպանման եւ քաղաքական դատի հետապնդման զէնքերը աստիճանաբար դրուեցան վար։ Մեր ինքնութեան յաւերժացման կրկնակ կռուանները եղած էին անցեալի ապրումը՝ մեր պատմամշակութային յիշողութիւնը, եւ մեր ապագային խոստումը՝ իրաւազրկման դէմ մեր հատուցման պահանջատիրութեան պայքարը։

Հայրենիքը անկախ է պոռացինք կամ փսփսացինք, ալ ի՞նչ կ՚ուզենք։

Այսպիսով թուլցաւ անցեալի ապրումը՝ փոխարինուելով հայրենիք եւ Սփիւռք փոխադարձ այցելութիւններով։ Տարտամցաւ ապագայի խոստումը՝ սահմանափակուելով ցեղասպանութեան ճանաչումի գործին։

Երկու պարագային ալ հարուածին ուղղակի թիրախը հանդիսացան Սփիւռքահայու ինքնութեան ամուր պահպանման աշխատանքը եւ մեր պահանջատիրական պայքարի գործը։

Այս վտանգաւոր կացութիւնը սկսած է աւելի մտահոգիչ դառնալ վերջին տարիներուն շրջանառութեան դրուած այնպիսի տեսութիւններով եւ մօտեցումներով, որոնք աղաւաղումի, մինչեւ իսկ նենգափոխումի կ՚ենթարկեն Սփիւռքի առաքելութիւնը։

Փորձեր կը կատարուին առաջադրելու տեսութիւններ եւ սահմանումներ, որոնք Սփիւռքը կը ներկայացնեն իբրեւ լոկ կրօնամշակութային հաւաքականութիւն։ Նման մօտեցում ժխտումն իսկ է հայութեան համրանքի պահպանման, կազմակերպ կառոյցներու զարգացման եւ քաղաքական նպատակներու հետապնդման հարազատ այն առաքելութեան, որ կռուանը կը հանդիսանայ գրեթէ ինիսուն տարիէ ի վեր զարգացող աշխոյժ, գործօն եւ արդիւնաւէտ Հայկական Սփիւռքին։

Կրօնամշակութային պատկերացումը Սփիւռքը ամիրայական եւ աղայական ժամանակները վերադարձնող մտայնութիւն մըն է, որուն գործնականացումը կրնայ ոմանց համար հեշտացնել մեր գաղութներուն կամայական ղեկավարումը, սակայն Սփիւռքահայութիւնը եւ Սփիւռքեան կառոյցները կը վերածուին անատամ ու ապաքաղաքականացած միաւորներու։

Երկար ժամանակի վրայ, այս վտանգը աւելի կը խորանայ երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Սփիւռքեան գաղութներու մինչեւ իսկ ֆիզիկական գոյութեան շարունակելիութիւնը։ Մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք զուտ կրօնամշակութային Սփիւռքեան գաղութներ։ Պատմութեան փորձառութիւնը կ՚ապացուցէ, որ հոն ուր այդպէս եդած է գաղութը, հոն եւս կորսուած է այդ գաղութը, ինչպէս պարագան է Հնդկաստանի, Լեհաստանի կամ Ռումանիոյ գաղութներուն։

Հայկական Սփիւռքը կազմակերպ կառոյցներով եւ պատմամշակութային յիշողութեան վրայ հիմնուած քաղաքական օրկանիզմ է։ Վերջին 25 տարիներուն թուլացումի ենթարկուած են Սփիւռքի այս երրեակ սիւները։ Փոխանակ նոր սահմանումներ եւ ըստ այն նոր դիմագիծ տալու Սփիւռքին, ժամանակն է վերականգնելու եւ վերապրկելու Սփիւռքի գոյութիւնն ու աշխատանքը երաշխաւորող այդ երեք խարիսխները, այսինքն՝ կազմակերպ կառոյցները, պատմամշակութային յիշողութիւնը եւ քաղաքականացումի ընթացքը։

Սփիւռքի առաքելութիւնը չէ աւարտած։ Սփիւռքը օտար ափերուն հայեցի ինքնութեան ու համրանքի պահպանման, հայրենիքին ու Հայութեան աջակցութեան, Հայաստանի ամբողջացման ու ամբողջական հայութեան մէկտեղման ի խնդիր գործող քաղաքական առաքելութիւն է։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս
Օգօստոս 25, 2017

Տպել Տպել