Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով

Հաղորդագրութիւն


2-3 սեպտեմբեր 2017-ին‚ ՀՅԴ Լիբանանի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքը‚ դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները եւ շեշտուեցաւ աշխատանքներու այժմէականացման, առաւել թիրախաւորման ու յաւելեալ համակարգման անհրաժեշտութիւնը։

Երկօրեայ խորհրդաժողովի մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան վերաբերող քաղաքական եւ քարոզչական դաշտը եւ կազմեցին աշխատանքային ծրագիր։ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին Հայաստանի հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման, Հայաստան-միջին արեւելեան երկիրներ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման, ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, թրքական ու ազրպէյճանական քարոզչութեան վնասազերծման, Միջին Արեւելքի մէջ հայանպաստ քարոզչութեան ու հասարակական կարծիքի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան աջակցելու իրենց վճռակամութիւնը։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն՝ ժողովը քննարկեց շրջաններու մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ջարդերու զոհ եղած ազգային փոքրամասնութիւներու հետ գործակցութեան հարցը եւ որդեգրեց համապատասխան որոշումներ։

Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները նաեւ անդրադարձան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին։ Գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ սուրիահայութեան կեանքի բնականոնացման ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումներուն նկատմամբ եւ շեշտուեցաւ վերականգումի հանգրուանի կարեւորութիւնը‚ ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան համընդհանուր քաղաքական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը։

Պէյրութ 3 սեպտեմբեր 2017

Տպել Տպել