«Հայրենիք»ի խմբագրական. Մ.Ա.Կ.-ի բեմահարթակէն…

Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր ժողովը միշտ ալ առիթ մը կը ստեղծէ, որպէսզի զանազան երկիրներուղեկավարներ բեմ բարձրանան եւ իրենց խօսքը փոխանցեն այլ երկիրներ ներկայացնող ընտրանիին:

Տարիներ շարունակ, Լիպիոյ նախկին ղեկավար Քազաֆին՝ իր անհասկնալի, քնաբեր եւ ժամեր տեւող անկապ նախադասութիւնները ուղղելով, կը փորձէր ներկայացնել իր երեւակայած ապագայի Ափրիկէն: Անշուշտ՝ յաւելեալ տոհմիկ երեւոյթ ստեղծելու եւ տպաւորութիւն ձգելու համար, ան Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնին մօտ իր անձնական օդանաւով բեռցուած, աւելի քան երեք թոն կշռող նախագահական վրանը կը լարէր։

Ցայսօր իր բռնատիրոջ պաշտօնին կառչած Պելոռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքօնբազմիցս ժողովատեղի ժամանած է իր կողքին ունենալով հազիւ 16 գարուններ բոլորած զաւակը:Լուքաշենքոյի համար յստակ է, թէ ապագային ինչպիսի՞ Պելոռուսիա մը պիտի ստեղծուի։

Այս տարուան Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի կիզակէտն էր Պուրմայի փաստական ղեկավար տիկին Աունկ Սան Սու Քյին, որ քանի մը տարի առաջ նոյնքան ժողովրդական էր, որքան Հարաւային Ափրիկէի իննսունականներու ղեկավար Մանտելան: Սակայն, այս անգամ, ունկնդիր ընտրանին եկած էր հաշիւ պահանջելու հետզհետէ հարցադրումի տակ առնուող Աունկ Սան Սու Քյիէն, փոքրամասնութիւն կազմող Ռոհինկիա ցեղի դէմ հետեւողական հալածանքին եւ այս առթիւ ստեղծուած սրտաճմլիկ կացութեան համար:

Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը բեմահարթակի օրակարգ էր, սակայն այս կամ այն պատճառներով մոռցուած ու լուսանցքի տակ առնուած էին նոյնքինքն Քազաֆիի մահէն ետք որբացած Լիպիան եւ յատկապէս Եմէնը, ուր հազարաւոր անմեղներ սովամահ կը դառնան կամ համաճարակի արդիւնքով կ՛աւանդեն իրենց հոգին:

Հայաստանի նախագահ Սարգսեանն ալ իր խօսքը փոխանցեց բեմահարթակէն, կեդրոնանալով երեք նիւթերու վրայ՝ հայ – թրքական փրոթոքոլային համաձայնութիւնը չեղեալ նկատելու կոչ,շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ամենէն աւելի այժմոականը՝ Արցախի հիմնահարցը, շարունակ շեշտելով թէ, Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով, հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու գործընթացը անելի մատնուած է:

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը՝ Մ.Ա.Կ.-ի բեմահարթակ բարձրանալով, միեւնոյն յանկերգը կրկնեց, նշելով թէ Հայաստան գրաւած է անոր ղեկավարած երկրին քսան առ հարիւրը, թէ յերիւրածոյ Խոճալուի ջարդը ցայսօր կը մնայ անպատիժ: Հետաքրքրական հաստատումը այն է թէ, ըստ Պաքուի «արդարամիտ» ղեկավարին…Հայաստան կ՚առաջնորդուի միջնադարեան մօտեցումներով: Հաստատում մը, որ կարելի է տարբեր ձեւով մեկնաբանել եւ պումըրանկով մը հաստատել թէ.- Ուրեմն այն միջնադարեան օրերուն, երբ դեռ պարթեւները, աղուաններն ու մարերը գոյութիւն ունէին…հայերը կը բնակէին Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ:

Ալիեւի նման արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը, որ անգամ մը եւստարածաշրջանին մէջ ղեկավարի դեր ունենալու իր մարմաջը արտայայտեց, շեշտելով թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպայճանի ու Վրաստանի հողային ամբողջականութեան երաշխաւորումը տարածաշրջանի կայունութեան բանալին է։ Այդ պատճառով աւելի մօտէն պէտք է հետաքրքրուիլ Արցախի, Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ հիմնահարցերով:

Այսպէս կը կատարուին Մ.Ա.Կ.-ի բեմահարթակներու յայտարարութիւնները:

Համեմատած նախանցեալ տարիներու, Հ.Հ. նախագահին խօսքերը աւելի հաստատ ու վճռակամ էին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել