Հայացուած օտար բառերու գործածութեան բացասական հետեւանքները

Հայաստան֊Սփիւռք 6֊րդ համաժողովին, «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ» ընդհանուր թեմայով աշխատանոցի «Մայրենի լեզուն և դպրոցը հայ ինքնութեան կռուան» նիւթով նիստին համար նախատեսուած, պայմանաւորուած եւ պատրաստուած այս ելոյթը եւս հնարաւոր չէ եղած ներկայացնել։ Հեղինակն է Անուշ Ակներեան, Գանատայէն. “Corridor Books” հրատարակչական ընկերութեան սեփականատէր, գրող, հրատարակիչ։

ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բառերու աճը մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս՝ բառապաշարի հարստութեամբ կը զարգանայ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան մակարդակը, իրարհասկացողութիւնը, եւ նոյնիսկ մտքերու յստակացումը։

Անշուշտ անհրաժեշտ է օտար բառերու որդեգրումը լեզուն այժմէական պահելու համար։ Բայց ինչպէս ամէն բանի համար՝ հոս ալ չափազանցումը վտանգաւոր է։ Խօսքը ներմուծուած օտար բառերու քանակին մասին չէ, այլ անհրաժեշտ բառերու կողքին՝ աւելորդ ներմուծումներուն մասին։ Շատ մը հայացուած օտար բառեր, որոնք լայն գործածութեան մէջ են արեւելահայ մամուլին մէջ, անհրաժեշտ յաւելումներ չեն, որովհետեւ այդ բառերուն հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը գործածուի արդէն, գոնէ արեւմտահայերէնին մէջ։ Եւ այս կէտը մեզ կը բերէ երկու լեզուներու մերձեցման հարցին։

Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը երկու հարուստ լեզուներ են, որոնք իրարմէ որոշ չափով անջատ ըլլալով հանդերձ՝ նոյն մայր լեզուին տարբերակներն են։ Սակայն այս տարբերութիւնը պէտք չէ աւելի խորացնել լեզուներէն մէկը հեռացնելով միւսէն, մայր լեզուին մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը բառեր փոխանակելով օտար բառերով։ Երկու հայերէններուն միջեւ տարբերութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք հնչիւնաբանական տարբերութիւնները։ Արեւմտահայը, երբ կարդայ այս ձեւի հայացուած օտար բառերը, առաջին հերթին բան պիտի չհասկնայ, եթէ բաւականաչափ ծանօթ չէ արելելահայ հնչիւնաբանութեան։ Յոռեգոյն պարագային՝ ան պիտի դադրի կարդալէ, իսկ լաւագոյն պարագային՝ արեւելահայերէնի քաջատեղեակ անձի մը պիտի հարցնէ իմաստը այդ բառին։ Քիչեր են որ պիտի փորձեն արեւելահայ հնչիւններով կարդալ բառը, ապա նմանցնեն զայն իրենց ծանօթ օտար բառի մը՝ որպէսզի հասկնան իմաստը։

Տամ քանի մը օրինակ՝ որոնք կու գան հայրենի առցանց մամուլի վերջերս հրատարակուած էջերէն։ Այս արեւելահայերէն խորագիրները պիտի կարդամ արեւմտահայ ընթերցողի հնչիւնաբանութեամբ, ցոյց տալու համար թէ որքան անճանաչելի կրնան ըլլալ նման բառեր արեւմտահայուն համար։

1. «Ֆերմերային կոոպերատիվները նոյնպես կկարողանան լիզինգով գիւղտեխնիկա ձեռք բերել»:
2. «Վարչապետի մարզային այցերը «ռեգուլյար» են լինելու»։
3. « «Լոյս» վոկալ կվինտետը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից»։

Հաւանական տարբերակները այս խորագիրներուն՝ գործածելով լրիւ հայերէն բառեր՝ կրնան ըլլալ հետեւեալները.

1. Փոխանակ գրելու «Ֆերմերային կոոպերատիվները նոյնպէս կկարողանան լիզինգով գիւղտեխնիկա ձեռք բերել», գրել՝ «Գիւղատնտեսական համագործակցականները նոյնպես կկարողանան վարձակալությամբ գիւղտեխնիկա ձեռք բերել»։ (Միջանկեալ ըսեմ, որ տեխնիկա բառը հաւանաբար այն օտար բառերէն է, որոնց հայերէն թարգմանութիւնը մէկէ աւելի բառ կ՚ենթադրէ եւ հետեւաբար կը դառնայ բացատրութիւն, եւ ոչ՝ թարգմանուած համարժէք բառ։)
2. Փոխանակ գրելու «Վարչապետի մարզային այցերը «ռեգուլյար» են լինելու», գրել՝ «Վարչապետի մարզային այցերը հաճախակի են լինելու»։
3. Փոխանակ գրելու « «Լոյս» վոկալ կվինտետը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից», գրել՝ «Լոյս» ձայնային հնգյակը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից»։

Վերոյիշեալ հայացուած օտար բառերուն կողքին՝ նոյնպէս իմ վերջերս հանդիպած օտար բառերէս են հետեւեալները, որոնց հայերէնները գոյութիւն նոյնպէս ունին (հոս տրուած արեւելահայերէն ուղագրութեամբ)։ Օրինակ՝

կոալիցիա — միասնություն
բողոքի ակցիա — բողոքի ցոյց կամ գործողություն, ըստ տեղի
ռեկտոր — տեսուչ
սոցիալ — հասարակական կամ ընկերային, ըստ տեղի
ինֆորմացիոն — տեղեկություն
ստարտափ (կազմակերպություն) — սկսնակ
ակտուալ — իրական կամ իսկական, ըստ տեղի
կոլապս — անկում կամ փլուզում, ըստ տեղի
էքսկլյուզիվություն — բացառիկություն
էքսպանսիա — ընդլայնում, ընդարձակում
դիրեկտիւ — ցուցում, ցուցմունք
օպերատիվ — գործուն
մանուալ — ձեռային

Նշեմ միայն երկու բացասական հետեւանք հայացուած նման օտար բառերու գործածութեան պատճառաւ.

ա. Հայաստան եւ Սփիւռք երկու հատուածներու լեզուային կապը կը վտանգուի, երբ արեւմտահայերու կարեւոր թիւ մը արեւելահայերէն գրութիւններ կարդալէ կը դադրի, որովհետեւ դժուարութիւն ունի հասկնալու։ Մանաւանդ երիտասարդ սերունդը, որ մեծ մասամբ հազիւ հայերէն կը կարդայ, կասկածելի է որ ջանք թափէ վերծանելու անհասկնալի բառերը։

բ. Երբ հայերէն բառերու փոխարէն կը գործածուին հայացուած օտար բառեր, հայերէնի բառապաշարը չի հարստանար այդ օտար բառերու ներմուծումով, այլ ընդհակառակն՝ կ՚աղքատանայ կորսնցնելով անոնց հայերէնները։

Հետեւաբար՝
Հայապահպանումի մեր աշխատանքներուն մէջ նկատի պէտք է առնել Սփիւռքի երիտասարդ սերունդի ոչ միայն իմացումը արեւմտահայերէնի՝ ալ նաեւ հասկացողութիւնը արեւելահայերէնի։ Արեւելահայերէնը մատչելի դարձնելու համար սփիւռքահայ ընթերցողին, պէտք է ջանք թափուի առաւելագոյն չափով գոյութիւն ունեցող հայերէն բառեր օգտագործել, ի պահանջեալ հարկին փոխ առնելով արեւմտահայերէնէն։ Ատկէ ետք միայն՝ երբ օտար բառին համարժէք հայերէնը չգտնուի երկու հայերէններուն մէջ՝ պէտք է որդեգրել այդ օտար բառի հայացուած ձեւը։ Այս կերպով թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք լեզուային տարբերութիւնները կը նուազին, եւ թէ՛ հայերէն լեզուի բառապաշարը իսկապէս կը հարստանայ, առանց որեւէ կորուստ արձանագրելու։

Հայաստան – Սփիւռք Համաժողով, 2017, Երեւան

Տպել Տպել