Սիմոն Զաւարեան՝ Աշխարհիկ Սուրբը

(Մահուան 104րդ Տարեդարձին Առիթով)

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

1913 թուականի Հոկտեմբեր 15ին, իր բնակարանէն դէպի «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրատան ճամբուն վրայ, Պոլսոյ Աշխատանքի Տան առջեւ յանկարծամահ ինկաւ մեծ հայ մը, անզուգական յեղափոխական մը եւ բարոյակեդրոն Դաշնակցական մը։ Ան կը կրէր մեր մեծագոյն սերունդի օրհասական մաքառումներու, տառապանքի եւ նահատակութեան ամէնէն հնչեղ, ամէնէն սիրուած եւ ամէնէն նուիրական անունը՝ ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ։

Հնչեղ անուն մը, որուն միակ հոմանիշները հանդիսացան ու կը շարունակեն հանդիսանալ գործ եւ աշխատանք, գաղափարականութիւն եւ նուիրում։

«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»։ Այս խորագրութեամբ կը գրէր ան իր վերջին յօդուածը «Ազատամարտ»ի մէջ, իր եղերական մահէն ուղիղ երեք օր առաջ։ Ապա կը շարունակէր,

«Ոչ մի տեղ, կարծեմ, հանդէսները, ճառերը, թափօրները, ցոյցերը, արտաքինը՝ չեն խաղում այն դերը, ին՜չ որ մեր հայերի մէջ…։ Չափը, կշիռը, հետեւողականութիւնը եւ իրական արժէքի գնահատութիւն չունին մեզի համար, այլ օրուայ տրամադրութիւնը, նայելով, թէ ո՞վ աւելի ճարպիկ է այս կամ այն ձեւի հանդէս, ճառախօսութիւն, թմբկահարութիւն կազմակերպելու։»

Ահաւասիկ այդ օրուան մեր հաւաքական կեանքի մասին Զաւարեանական խորաթափանց ախտաճանաչում մը, որ կը մնայ ի զօրու եւ այժմէական նաեւ ներկայիս։

Սեդօ Պոյաճեան

Իր անհուն հայասիրութեան, անկեղծ ընկերասիրութեան, բարոյականի խոր հասկացողութեան, յեղափոխականի աննկուն նկարագրին եւ անհատնում նուիրումին համար մեր ժողովուրդը, իր գաղափարական ընկերները ու նաեւ հակառակորդները իրեն անուանեցին «աշխարհիկ սուրբ»ը։

Սակայն, Սիմոն Զաւարեան միայն «աշխարհիկ սուրբ» չէր։ Ան տիպար մտաւորականն էր, հայու կատարելատիպը, որ խորհելու, խորհրդածելու եւ զգալու իր բնական տարերքին հետ կը ձգտէր ու կը գործէր։

Ան նաեւ «զինուոր սուրբ»ն էր։ Ինքզինք քարացած սկզբունքներով կամ քրիստոնէական սին խոնարհութեամբ չէր սնուցանէր։ Ան կռուող էր, մարտնչող ու գործող միանգամայն։ Ան «զինուոր սուրբ»ն էր յեղափոխութեան եւ հայութեան ազգային ազատագրական պայքարին։

Իր հետեւողական աշխատանքով եւ մանաւանդ իր բարոյականով, Հայկական Յեղափոխութեան երկունքի օրերէն սկսեալ Սիմոն Զաւարեան հմայք ու կորով ներմուծեց հայ գաղափարական երիտասարդներու սրտին։ Մարգարէական իր ներշնչումներովն ու անձնուիրութեամբ, համեստ եւ անշահախնդիր ոգիով, ան կը ներկայանար շարունակ անտէր ու անտիրական հայութեան, կը վազէր դէպի գիւղն ու հիւղակը, կը բոցավառէր մեր ազգային ազատագրական պայքարը, միշտ իր հոգին փոթորկող միեւնոյն նշանաբանով՝ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»։

Իր բեղմնաւոր, անհանդարտ եւ անսպառ կորովով զեղուն կեանքը կը ձգտէր արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարի իրագործման։ Այս կեանքը սէր եւ պաշտամունք կը տածէր ճնշուածին, զրկեալին եւ հարստահարեալին։

Սիմոն Զաւարեան Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիր մէկ անդամը չէր միայն։ Միայն Դաշնակցութեան խիղճը չէր։ Աւելին էր։ Ան հայ ժողովուրդի խիղճն էր։ Ինչպէս Արշակ Չօպանեան կը նկարագրէ, «Զաւարեան ուրիշ ոչինչ էր, եթէ ոչ նոյնինքն հայ ժողովուրդը իր բարոյական լաւագոյն տարրերուն մէջ խտացած, համադրուած, խորհրդանկարուած։ Ծայրայեղ զգայնութիւն, պարզ ու խորին անկեղծութիւն, ժողովրդասիրութիւն, ազատասիրութիւն, առաջդիմասիրութիւն, անվհատ եւ անխոնջ աշխատասիրութիւն, գաղափարի մը համար յօժարակամ յանձն առնուած չարաչար ու անվերջ զոհաբերութիւն, ասոնք էին Զաւարեանի յատկութիւնները։»

Կա՛մ կատարեալ կամ երբեք։ Այս եղաւ հիմնական յատկանիշը Զաւարեանի գաղափարական հանգանակին եւ գործունէութեան ուղեգծին։ Չկայ միջին ճամբայ, կա՛մ կատարեալ կամ երբեք։ Ինչպէս նաեւ չկան ներելի խոտորումներ եւ վրիպումներ անոնց համար, որոնք կը հաւատան արդարութեան իտէալին եւ այդ իտէալին համար հասարակութեան առաջնորդները կը հանդիսանան։

Այդ իտէալին հաւատացողը, քարոզիչը եւ գործիչն էր Զաւարեան։ Ամէնէն առաջ ի՛նք կը գործադրէր իր պաշտպանած սկզբունքները, իր անձին օրինակով։ Այսպէս էր որ ինքզինք ենթարկեց զրկանքներու եւ ընծայեց զոհողութեան ասպարէզին։ Համեստ ու անփառասէր էր, ատելով հարստութիւնը իբրեւ ընկերութեան ու անհատի անբարոյականացման փորձիչ միջոցը։ Նուիրեց ինչ որ կրնար, իր բոլոր մտածումները, իր լաւագոյն կարողութիւնները, ե՛ւ իր գործը եւ իր կեանքը՝ իր սիրած ժողովուրդին, իր պաշտած հայրենիքին։ Իրեն համար ժողովուրդին ծառայելը դրամով չէ, ճիշդ այնպէս ինչպէս իր իսկ բառերով «յեղափոխութիւնը դրամով չէ»։

Այս իրողութեան գիտակցութեամբ, Երուանդ Օտեան կը հաստատէր, «… Զաւարեան Դաշնակցականէ աւելի Հայ մըն էր եւ Հայէ մը աւելի մարդ մը, միայն այն Տիպար Մարդերէն, որ բնութիւնը կը ստեղծէ, իբրեւ օրինակ ծառայելու համար մեզի եւ որոնցմէ, ափսոս, չենք կրնար օգտուիլ յաճախ»։

Զաւարեան գործի մարդ էր։ Քառորդ դար ան եղաւ կեդրոնական դէմքերէն մեր ազատագրական պայքարի գաղափարականացման, տարածման, ծրագրման եւ գործադրման։
Այս իմաստով, Հայկական Յեղափոխութեան «զինուոր սուրբը» բարոյականի եւ խղճի մարմնացումը չէր միայն, այլեւ գործի։ Կը հաւատար գործին անհունօրէն եւ առ այդ ինքզինք խօսքէ աւելի նուիրած էր գործին, աշխատանքին։

Ըլլալով յայտնի գիւղատնտես, Կովկասի մէջ Զաւարեան կը վայելէր մեծ հեղինակութիւն։ Դիւրութեամբ կարող էր ստանձնել որեւէ պետական կամ հասարակական պաշտօն։ Սակայն, հակառակ իր այս գիտական կարողութեան, ան երկրորդական համարեց պաշտօնը, որպէսզի կամաւորաբար կարողանար ծառայել իր սիրած ազգին՝ գիտութեան ճամբով, ի հարկին յեղափոխական կռիւի ուղիով։

Զաւարեան ամէնէ շատ հակում ունէր դէպի գիւղն ու դպրոցը։ Ուր որ երթար, գիւղի ուսումնասիրութեան կողքին իր հոգածութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէր աշակերտութիւնը եւ ուսանողութիւնը։ Իր գաւառի գիւղացիները զինք կը կոչէին «սուրբ Զաւարեան»։ Երբ Ակնունի բեմերէն կոչ կ՚ուղղէր երթալ «Դէպի Երկիր», իսկ Սիամանթօ իր քերթուածներով կ՚երգէր «Հայրենի Երկրէն» հրաւէրը, Զաւարեան կը գործադրէր երթը «Դէպի Երկիր», կ՚ընդառաջէր «Հայրենի Երկրէն» ղրկուած հրաւէրի կանչին։ Իրեն իբրեւ նշանաբան ընտրած էր երթալ ժողովուրդին, բացուիլ անոր, օգնել գիւղացիին, մշակին, բանուորին, ռենջպէրին։ Եւ օգնել ժողովուրդին ոչ միայն իր գիտելիքներով, այլ ազգային ազատագրական
պայքարի ճամբով։

Զաւարեանի հոգատարութիւնը անսահման էր դէպի չարքաշ գիւղացիի կեանքին։ Կը սիրէր գիւղացին, գիւղը։ Կը պաշտէր հայկական բարձրաւանդակի բնութիւնը։ Կը հաւատար, անհունօրէն կը հաւատար, հայ գիւղացիի եւ հայրենի աշխարհի ազատագրման ու ազատ ինքնավարութեան։

Այս հաւատքէն մեկնելով ան կը հաստատէր, «Քանի կանգուն է Մասիսը, կանգուն կը մնայ հայ ժողովուրդը, անսասան, անխորտակելի»։

Հայութեան յաւերժական ապագայի մասին այս հաստատումը միայն կրնար կատարել իր մարգարէական կշռոյթով մեր ժողովուրդի «աշխարհիկ սուրբը»՝ ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆը։

Լոս Անճելըս,
Հոկտեմբեր 12, 2017

Տպել Տպել