ՀՅԴ թեկնածուները նշանակուեցան տնտեսական-ընկերային խորհուրդի անդամներ

Կառավարութիւնը հոկտեմբեր 12-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 52 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ նշանակուեցան Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեանն ու Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեանը:

70 անդամներէ բաղկացող խորհուրդին 12-ը կիներ են, որոնց շարքին է նաեւ Յասմիկ Տանձիկեան-Խուրի: Նշենք, որ հայ համայնքը առաջին անգամ ըլլալով երեք հոգիով կը ներկայացուի այս խորհուրդին մէջ:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտած է, թէ ներկայիս երկիրը տնտեսական փուլին մէջ կը գտնուի: Ռիաշի նշեց, որ Հարիրի ընդգծած է, թէ իրենք մտահոգ են տնտեսական եւ ապրուստի բեռով` աւելցնելով, որ Տնտեսական- ընկերային խորհուրդը պիտի ըլլայ առիթ մը, որ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերէն ներկայացուցիչներ հանդիպին, խորհրդակցին ու քննարկեն իրենց տեսակէտները:

«Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ խորհուրդը պիտի ընտրէ իր դիւանը` նախագահով ու փոխնախագահով, իսկ կառավարութիւնը պիտի նշանակէ խորհուրդին ընդհանուր տնօրէնը, որպէսզի պատասխանատուութիւնը ըլլայ միացեալ: Հարիրի մաղթեց, որ այս խորհուրդին աշխատանքը վերածուի կառավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ լուրջ եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան», ըսաւ Ռիաշի:

Ռիաշի նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու վերաբերող կէտը, ինչպէս նաեւ որոշած է հնութիւնները պահպանել:

Ռիաշի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը BUS եւ KVA ելեկտրական հոսանքի ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւններուն աշխատանքը երկարաձգած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2021:

Ռիաշի անդրադարձաւ նաեւ Պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն մը նշանակելու թղթածրարին: «Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ երեք ամիսէ ի վեր կառավարութեան օրակարգին վրայ գտնուող այս կէտը պիտի քննարկուի կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին», ըսաւ ան:

Կառավարութեան յաջորդ նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիաշի նշեց, որ այդ նիստը պիտի որոշուի խորհրդարանի լիագումար նիստերուն հիման վրայ:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան հիմնադիր անդամներէն է Լիբանանի առաջին Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին, ուր ան մասնակցած է խորհուրդի ներքին օրէնքի մշակման եւ այլ աշխատանքներուն:

Դոկտորական աստիճանը ստացած է 2004-ին` Սորպոնի համալսարանէն, քաղաքական գիտութեանց մասնագիտութեան բնագաւառին մէջ:

Ան անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Իրաւական ու քաղաքական գիտութեանց Բ. բաժանմունքի տնօրէնութեան վարչական խորհուրդին:

1998-էն սկսեալ քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Լիբանանեան համալսարանի եւ լիբանանեան բանակի Սպայից վարժարանին մէջ:

Լիբանանը ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեանց կազմակերպած այլազան ծրագիրներուն` 2008-ին եւ 2014-ին:

Ատենապետ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անդամ է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին Միջազգային յարաբերութեանց մարմինին:

Հեղինակն է այլազան գիրքերու եւ ուսումնասիրութեանց` արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1994-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ճարտարագիտական հոգեբանութիւն մասնագիտութեամբ, Պսակաւոր արուեստից աստիճանով:

1997-ին նոյն համալսարանէն կը ստանայ Մագիստրոսի աստիճանը` Ճարտարագիտական հոգեբանութիւն- Մարդկային պաշարներու կառավարում մասնագիտութեամբ:

Ակադեմական իր փորձառութեան ծիրին մէջ, ան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ դասախօս է մարդկային պաշարներու կառավարման նիւթով` Մագիստրոսի ուսանողներուն:

Նաեւ կը դասախօսէ որակի կառավարման նիւթով` Մագիստրոսի ուսանողներուն:

Արհեստավարժ փորձառութեան ծիրին մէջ, 2004-էն սկսեալ «Շաթօ Քսարա» հաստատութեան մէջ որակի եւ մարդկային պաշարներու պատասխանատուն է:

2013-2014 ԼԻՊՆՈՐի (Լիբանանեան չափանիշներու հիմնարկ) խորհրդական եղած է:

Խորհրդականի եւ պատասխանատուի զանազան պաշտօններ ստանձնած է նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային այլազան հաստատութիւններու մէջ:

Իր մասնագիտական կարողութիւնները կիրարկած է Լիբանանի, Հայաստանի, Ալճերիոյ, Քուէյթի եւ Յորդանանի մէջ:

Լիբանանի մարդկային պաշարներու ընկերակցութեան գործադիր կոմիտէի անդամ է 2012-էն սկսեալ:

2016-էն սկսեալ մինչեւ օրս Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ է:

Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

aztagdaily.com

13 հոկտեմբեր 2017

Տպել Տպել