Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներ Կեղծ Բանաձեւով Մը Կը Փորձեն Ժխտումը Շարունակել

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը ապահովելու եւ ապագայ ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու նպատակով հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու կողմէ յառաջ մղուող թիւ 220 բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով, Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող երեք քոնկրեսականներ ներկայացուցած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց առնչուող բանաձեւ մը, ուր ոչ մէկ նշում կայ Ցեղասպանութեան։

«Հիւանդագին եւ լկտի այս դաւադրութիւնը, որուն մէջ պատմական իրողութիւնները կ՛ոտնակոխուին, յո՛յժ վիրաւորական է։ Ամբողջ աշխարհին համար յստակ է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ սկսիլ միայն Անգարայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումով։ Քոնկրեսականներ Սթիվըրզի, Քոհընի եւ Սեշընզի այս արարքը պարզապէս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ուրացման քաղաքականութիւնը իրականացնելու փորձ մըն է», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր Վարիչ Արամ Համբարեան։

Նշենք, որ թիւ 573 բանաձեւը ներկայացուած էր քոնկրեսականներ Սթիւ Սթիվըրզի (Հ., Օհայօ), Սթիւ Քոհընի (Դ., Թենըսի) եւ Փիթ Սեշընզի (Հ., Թեքսաս) կողմէ։

asbarez.com

Տպել Տպել