Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարին պաշտօնական բացում

Այս առաւօտ՝ 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնած՝ Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարին:

Ներկայ էին Եւրոպահայ քաղաքագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին քննարկուեցան մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումները որոնց վերաբերեալ կատարուեցան ախտաճանաչումներ եւ առաջարկուեցան համապատասխան լուծումներ:

Պաշտօնական բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակո Սահակյան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Հակոբյան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ՝ Ֆրանք Էնկէլ:

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ
18 Հոկտեմբեր 2017, Պրիւքսէլ

Տպել Տպել