ՀՕՄը Նեցուկ Կը Կանգնի «Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգելման» Օրինագիծին

ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- ՀՕՄը յայտարարութեամբ մը ողջունած է այս ամսուան ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուած «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման» օրինագիծը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով անոր վաւերացումով նման ոճիրներու քրէականացումը։

Նման օրինագիծ մը արդէն իսկ ուշացած նկատելով՝ ՀՕՄը կը շեշտէ, թէ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութենէն ի վեր կանանց իրաւանց պաշտպան երկիր մը պէտք է նման քայլերու դիմէր, երկիրը սեռային հաւասարութեան առաջնորդելու նպատակով։

Յիշեցնելով, որ հայոց պատմութեան ընթացքին կիները յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են՝ ՀՕՄը կը շեշտէ, թէ անոնց պաշտպանութեան ապահովումը տարրական քայլ պէտք է ըլլայ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որպէսզի կիները կարենան ապրիլ բռնարարքէ եւ անարդար վերաբերմունքէ զերծ պայմաններու մէջ՝ ստանձնելով հասարակութեան մէջ իրենց վերապահուած դերակատարութիւնը։

«Մեր հասարակութիւնը իր կարելին պէտք է ընէ երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր ընտանիքի ապահովութիւնը, եւ այս օրէնքը առաջին քայլը պիտի ըլլայ ընտանեկան բռնութեանց վերջ տալու արշաւին», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որուն աւարտին կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի իշխանութեանց, որ ապահովեն օրինագիծին վաւերացումը՝ շեշտելով, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնահերթութեան վերածուի։

asbarez.com

Տպել Տպել