Ակնարկ. Այս Պարագային` «Կամ-Կամ»

Պաշտպանական անվտանգութեան հետազօտական համալսարանին մէջ ուսանողներուն տուած դասախօսութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը.

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, իսկապէս, չունի ռազմական լուծում: Ուստի, հնարաւոր չէ մէկ ձեռքով կրակել, իսկ միւսով բանակցել այդ լուծումը գտնելու նպատակով: Կա՛մ բանակցում ենք, կա՛մ էլ` կրակում: Երկուսին էլ մենք պատրաստ ենք»:

Այս հաստատակամ բովանդակութեան համահունչ յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Շատ յստակ է` կա՛մ բանակցում ենք, կա՛մ` պատերազմում ենք: Ազրպէյճանը փորձում է այդ երկուսը համատեղել, որն անհնար է: Բնական է, որ մեր կողմից էլ արձագանգը շատ յստակ պէտք է լինի` մենք երկու դաշտում էլ պէտք է աշխատենք, երկուսին էլ պէտք է պատրաստ լինենք»:

Պարզ է, որ ակնարկները ուղղակիօրէն ժընեւեան բանակցութիւններուն անմիջականօրէն յաջորդած Պաքուի կողմէ բանակցային գործընթացը արգելակելու նպատակով կատարուած կրակոցներն էին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հակառակ անոր որ նախագահ Սարգսեան Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին կը յայտարարէր, որ թէ՛ Ազրպէյճանի նախագահը եւ թէ՛ ինք շահագրգռուած են լարուածութեան մեղմացումով, այսուհանդերձ յատկապէս արցախեան քաղաքական դաշտին մէջ ոչ լաւատեսական կանխատեսելիութեամբ յատկանշուող հրապարակումներ կը կատարուէին:

Նախագահ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւնը եւս բնականաբար լաւատեսութեամբ չէր կրնար բնութագրուիլ: Հանրային կարծիքին առջեւ երկկողմանի պայմանաւորուածութեան շեշտումն էր. որմէ նաեւ շեղումի լուսարձակի տակ գալը: Պարզ խօսքով` կանխաւ ընդգծելու համար հանդիպման ընթացքին արծարծուած առաջադրանքին ընդդէմ աշխատելու փաստը մանրադիտակի առնելը:

Ժընեւէն առաջ եւ Ժընեւէն ետք իրավիճակը մօտաւորապէս նոյնն է` հետեւեալ առումով: Կողմերը կը հանդիպին, կը քննարկեն հարցեր, առանց բովանդակային բանակցութեան վերադառնալու. Պաքուն կը շարունակէ խախտել պայմանաւորուածութիւնները, իսկ հայկական կողմը ոչ համարժէք, ցաւոտ պատասխաններ կու տայ հակառակորդին: Միջնորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպուին, եւ վերստին կը խօսուի լարուածութեան մեղմացման անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու մասին:

Թէ՛ կը բանակցին, թէ՛ կը կրակեն. այս է իրողական իրավիճակը: Մինչ այժմ հայկական կողմը միաժամանակեայ` թէ՛ կ՛ընդառաջէր Մինսքի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեան եւ կը մեկնէր բանակցային սեղան, թէ՛ նաեւ համարժէք, յաճախ աւելի քան համարժէք պատասխան կու տար Պաքուի ամէն մէկ յարձակողապաշտական դրսեւորումին:

Հիմա նախագահի խօսքին մէջ կայ երանգային տարբերութիւն եւ ուղերձ` ուղղուած միջազգային ընտանիքին:

Հիմա «թէ-թէ»-ն կը փոխուի «կամ-կամ»-ի: Հայկական կողմը այս ձեւով միջազգային ընտանիքին ուղերձ կը փոխանցէ ստանձնելու իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, իր միջնորդութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններուն, յատկապէս 1994-ի հրադադարին յղում կատարող Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի ժողովներէն եւ Ժընեւեան հանդիպումէն բխած յայտարարութիւններուն առանցքային բաժինները գործադրելու:

Հայկական կողմը, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայէն ետք շփման գիծի իրավիճակը հիմնական փոփոխութեան ենթարկեց, հակառակորդի ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու նպատակով: Ապրիլեան արկածախնդրութեամբ Պաքուն պատճառ դարձաւ, որ բանակցային գործընթացը բովանդակայինէն բերուի շփման գիծին լարուածութիւնը մեղմացնելու շուրջ խօսակցութիւններով: Հիմա նաեւ այդ պայմանաւորուածութիւնները խախտելով Պաքուն կը վտանգէ, որ նոյնիսկ այդ նիւթին շուրջ խօսակցութիւնները սառեցուին:

«Կամ-կամ»-ը այս պարագային հայկական կողմի դիրքորոշման խստացումի համազօր փոխանցում է: Միջազգային ընտանիքը հաւանաբար յուշումներու ալ պէտք չունի նկատելու համար, թէ ո՛ր կողմն է, որ կը տապալէ բանակցութիւններու նախ բովանդակային, ապա նաեւ թեքնիք բաժինները:

Յայտնապէս, Պաքուն բոլորին կ՛ուզէ փոխանցել, որ միայն ուժի կիրարկումով պատրաստ է ըմբռնելու բանակցայյին գերակայ սկզբունքը` ուժի կիրարկման բացառումը արցախեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել