Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Ուղղակի Քրիստոնեաներուն Հասցնելու Որոշումը

Ձախէն աջ՝ Հայ Դատէն Թերեզա Երիմեան եւ Ռաֆֆի Գարագաշեան, քոնկրեսական Քրիս Սմիթ, Արամ Համբարեան եւ Հայ Դատի «Աբօ Սաղտճեան» վարժողական ծրագիրի մասնակից Արենի Մարկոսեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացող «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովին ընթացքին, ամերիկեան կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ պիտի որդեգրէ Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար աշխատանք տանող շարք մը այլ կազմակերպութեանց այն առաջարկը, ըստ որուն՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւններուն մէկ մասը պիտի հասցէագրուի ուղղակի քրիստնեաներուն եւ հալածուող այլ փոքրամասնութիւններու՝ ոչ-կառավարական եւ կրօնական բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցով։

Քաղաքականութեան այս յատկանշական փոփոխութիւնը, «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովին ընթացքին՝ Հոկտեմբեր 25ին, յայտարարուած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ։ Նախապէս, նման օժանդակութիւններ սովորաբար ՄԱԿի խողովակով կը կատարուէին։

Նշենք, որ այս տարի եւս համաժողովի հովանաւորներէն մէկն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Վերջին հինգ տարիներուն, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ այլ կազմակերպութիւններ կը պնդէին, որ ՄԱԿի միջոցաւ տրամադրուող օժանդակութիւններէն բաւարար նպաստ չի հասնիր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու, որոնք ցեղասպանական արշաւներու թիրախ դաձած են։

Մայք Փենս՝ իր ելոյթին ընթացքին

Իր ելոյթին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս ողջունեց ներկաները։ Փենսի նշած կրօնական առաջնորդներուն շարքին էր յատկապէս Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը։ Ան նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի այն շրջանները, ուր քրիստոնեաներ կը հալածուին, եւ անոնցմէ մէկն էր՝ «Հայկական բարձրաւանդակները»։ Փենսի ելոյթը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել https://youtu.be/RiCg6sZQ6IU?t=15m47s կայքէջին վրայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին ողջունեց այս որոշումը, որուն շնորհիւ հալածուող քրիստոնեաներն ու այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ հայեր, օժանդակութիւններու իրենց արդար բաժինը պիտի կարենան ստանալ։

Միւս կողմէ, «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովի փոխնախագահ Էնտրու Տորըն, կազմակերպութեան 5 առաջնահերթութիւններուն շարքին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Ձախէն աջ՝ Արամ Համբարեան, առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Զաւէն Խանճեան

Յիշենք, որ այս տարուան համաժողովին նաեւ մեծարուեցաւ քոնկրեսական Քրիս Սմիթ (Հ., Նիւ Ճըրզի), որ նոյնպէս ողջունեց այս որոշումը։

Համաժողովին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան։

Համաժողովին մասին անմիջական եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել anca.org/facebook եւ anca.org/twitter կայքէջերը։

asbarez.com

Տպել Տպել