Արդարութեան պահանջը Ինտիանա նահանգի օրինակով

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Շնորհիւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքներուն, Ամերիկահայութիւնը քաղաքական կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց Նոյեմբեր 6ին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) Ինտիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։

Այս առթիւ, Ինտիանայի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմ յատուկ հռչակագրով մը հաստատեց մէկ ու կէս միլիոն հայերու, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն Յոյներու, Ասորիներու եւ Սիրիանիներու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան փաստը։

Միաժամանակ, հռչակագիրը շեշտեց Հայկական Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ այլ ցեղասպանութեանց ճանաչումը, մշտական յիշեցումը եւ ուսուցումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել պատմական յիշողութիւնը եւ կանխարգիլել ատելութեան ու բռնակալութեան ոճրարարքներու կրկնութիւնը։ Առ այդ, մեկնակէտ ունենալով այս առաջադրանքները, նահանգապետ Հոլքոմ Նոյեմբեր 6-12ի շաբաթը հռչակեց «Հայաստանի իրազեկման շաբաթ»։

Սեդօ Պոյաճեան

Ինտիանա նահանգի հայասպանութիւնը ընդունող այս հռչակագիրը, իր ձեւով եւ բովանդակութեան, սոսկ ճանաչման յայտարարութեան մը սահմաններէն անդին կ՚երթայ։ Հռչակագիր նաեւ քաղաքական եւ իրաւական դիրքորոշում մըն է, ընդգծելու թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը միայն պատմական արարք մը չէ, որ կարենայ բաւարարութիւն ստանալ ճանաչումով, հաստատումով եւ յիշեցումով։ Հայութեան դէմ պետական մակարդակով ծրագրուած եւ պետական միջոցներով կիրարկուած հաւաքական սպանդը ոճրային արարք մըն է, որուն վախճանական լուծումը կը կայանայ արդարութեան ճամբով։

Նահանգապետ Հոլքոմ այս կէտը հատու կերպով շեշտեց ընդգծելով, թէ մեր արդի դարաշրջանի այս ցեղասպանական արարքը «տակաւին կը պահանջէ արդարութիւն»։ Այս իմաստով, հռչակագիրը նաեւ կոչ է արդարութեան պահանջի եւ արդարութեան հետապնդման՝ ի խնդիր Հայութեան եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ոճրային արարքին։

Ինտիանա նահանգի կողմէ առաջադրուած արդարութեան այս պահանջը համաշունչ եւ հարազատ է ԱՄՆ-ի ցեղասպանութիւն ոճիրի վերաբերող օրէնքի թէ՛ տառին եւ թե՛ ոգիին։ Այս օրէնքը ամբողջութեամբ որդեգրումն է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ցեղասպանութեան Ուխտին, որ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ կատարուած հաւաքական սպանդը կը համարէ ցեղասպանութիւն։ Իբրեւ միջազգային դաշնագիր, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը 1986ին վաւերացուց եւ որդեգրեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտը։ Ապա, երկու տարի ետք, 1988ին, Ծերակոյտը ընդունեց Ցեղասպանութեան Ուխտի գործադրման օրէնքը։

Այսպիսով, 1988էն ի վեր Ցեղասպանութեան Ուխտը անբաժան մասն է ԱՄՆ-ի հիմնական օրէնքին, ուր ցեղասպանական որեւէ արարք պէտք է ենթակայ ըլլայ պահանջուած արդարութեան, այսինքն՝ դատապարտման եւ հատուցման։ Ինտիանա նահանգի Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ յայտարարած արդարութեան պահանջի քաղաքական եւ իրաւական հիմնաւորումները կը բխին ԱՄՆ-ի հիմնական օրէնքէն։

Այս իմաստով յատուկ արժէք եւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նահանգապետ Հոլքոմի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ հաստատող հռչակագիրը։ Հոս կը կայանայ նաեւ Ամերիկահայութեան այս առիթով արձանագրած քաղաքական նուաճումը։

Ճիշդ է, Ինտիանա նահանգը այսօր կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ի 50 նահանգներէն 48րդ, որ պաշտօնապէս կ՚ընդունի հայասպանութեան փաստը։ Կը մնան երկու նահանգներ՝ Ալապամա եւ Միսիսիփի, որոնք ցարդ չեն որդեգրած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նահանգային որոշումներ։ ԱՀԴՅ-ի առաջնորդութեամբ եւ Ամերիկահայութեան յաւելեալ աշխատանքով այդ նահանգները եւս պէտք է միանան ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին։ Արշաւ մը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին միասնականութիւն պիտի բերէ ԱՄՆ-ի տարածքին։

Այսուհանդերձ, ցեղասպանութեան ճանաչումը Ամերիկահայութեան եւ յատկապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն կիզակէտն ու թիրախը չէ եղած եւ չէ։ Ասիկա հանգրուան մըն է այն ընդհանուր քաղաքական աշխատանքին, որուն ռազմավարական նպատակը կը կայանայ արդարութեան պահանջի եւ անկէ բխող հատուցման մէջ։

Ինտիանա նահանգը, նահանգապետ Հոլքոմ, եւ նահանգային ղեկավարութիւնը խիզախեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կատարելով շեշտը դնել արդարութեան պահանջին վրայ։ Ամերիկահայութեան կը մնայ շարունակել եւ աւելի ընդլայնել այն ուղին, որ այսօր մեզի կը ներկայանայ Ինտիանա նահանգի օրինակով։

Լոս Անճելըս,
Նոյեմբեր 6, 2017

Տպել Տպել