Ակնարկ. Ռիատի «Չափաւորականութեան» Թրքական Մեկնաբանումը

Ներսէուտական իրադարձութիւնները, Լիբանանի վարչապետին Ռիատ կանչուիլն ու այնտեղէն հնչած յանկարծակի հրաժարականով Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ստացած են ո՛չ միայն շրջանային, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն: Բացի այն իրողութենէն, որ այս նիւթերու մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները արդէն քանի օրէ ի վեր կը զբաղեցնեն համաշխարհային լրատուամիջոցներու լուրերու առաջին հորիզոնականները, մէկ առ մէկ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները ստեղծուած ճգնաժամի շուտափոյթ լուծումի առաջադրանքը կը շեշտեն, հիմնականին մէջ գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի պետութեան: Յայտարարութիւններու այս արշաւէն անմասն պիտի չմնար նաեւ Թուրքիոյ նախագահը, որ բառերու զգուշաւոր օգտագործումով նմանատիպ համահունչ յայտարարութիւն կատարեց` հեռաձայնային կապ հաստատելով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հետ:


Ընդամէնը օր մը առաջ սակայն, երբ տակաւին միջազգային արձագանգումներուն ալիքը չէր բարձրացած, Թուրքիոյ նախագահը ընկղմող խուսանաւում կատարեց` հարցի կիզակէտէն հեռացնելով ուշադրութիւնը Ռիատը քննադատութեան թիրախ դարձնելու աժան քարոզչական գործողութեամբ մը:

Այսպէս: Ան երկու օր առաջ քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի վերջերս ուղղած` Սէուտական Արաբիան «չափաւորական իսլամութեան» օրրան դարձնելու կոչը` զայն նկատելով Արեւմուտքի արտադրութիւնը: Այս յղացքի առարկայացման համար իբրեւ օրինակ Էրտողան կեդրոնացած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիներու ինքնաշարժ վարելու արտօնութեան երեւոյթին վրայ:

Այժմ մտաբերել, թէ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ներսէուտական իրադարձութիւններու ամէնէն թէժ պահուն, Թուրքիոյ նախագահը իբրեւ թէ պաշտօնական Ռիատը կը քննադատէ, կտրուկ շեղումնային անցում կատարելով այլ հարցի, որ տեսքով կենցաղային-ընկերային խնդիր է. յամենայն դէպս չափաւորականութեան հասկացողութեան արծարծումին իւրովի մեկնաբանութիւն տալով, խորքին մէջ Էրտողանը թէ՛ քննադատած կ՛ըլլայ Ռիատը, թէ՛ շրջանցած կ՛ըլլայ հիմնական հարցը:

Այս խուսանաւումը նաւարկելու շատ տեղ չունի եւ խորքին մէջ սուզուելու կամ աւելի ճիշդ շատ արագ ընկղմելու մատնուած է:

Տակաւին. կրկնակի իմաստ ունի չափաւորականութիւն հասկացողութեան իւրովի մեկնաբանումը այս պարագային: Չափաւորական իսլամութիւն եզրաբանութիւնը Արեւմուտքին վերագրելով` Էրտողան այս որակումի օգտագործումին դէմ կ՛արտայայտուի: Աւելի ճիշդը, անուղղակիօրէն կ՛ուրուագծէ նախաբան մը, որ ի վերջոյ կ՛ուզէ փոխանցել, թէ ներսէուտական փոփոխութիւնները ներշնչուած են Արեւմուտքէն: Այս յայտարարութիւնը կը թուի հաշուի առած ըլլալ Թեհրանի մօտեցումը:

Բայց ահա անմիջապէս շեղումը. չափաւորականութիւնը, որ այս պարագային քաղաքական նոր գործընթացներու զսպանակող մեկնարկի դեր ստանձնող ըլլալու նախադրեալները կը փոխանցէ, իր բացատրութեամբ կը կապուի ինքնաշարժ վարելու արտօնութեան:

Թափանցիկութիւն, ժողովրդավարացում, հակափտածութեան արշաւ, մարդկային իրաւունքներ, հակաահաբեկչական պայքար եւ նմանօրինակ անառարկելի կարգախօսներ այսօր հիմնովին կը ծառայեն աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու կիրարկման համար հարթիչ գլանի բանեցման շղարշներ ապահովելու: Կը թուի, որ չափաւորական իսլամութիւնը նոր կարգախօսով տարածաշրջանին մէջ կացութիւններ ստեղծելու պիտի ծառայէ: Ասիկա իր հերթին:

Մանրադիտակի տակ այս պարագային պէտք է տեղադրել Մոսկուա-Թեհրան առանցքին հաշիւը կատարող Ռիատն ու Արեւմուտքը քննադատող բայց հիմնական իրադարձութիւններուն մասին գնահատական տալէ խուսափելու Անգարայի վարիչին ձախող խուսանաւումը: Այս գործընթացները կը թուին երկարատեւ ըլլալ, եւ Թուրքիոյ նախագահը Ռիատի չափաւորականութիւնը քննադատելու կենցաղային այլ օրինակներ պէտք է որոնէ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել