Հայ Դատը Քոնկրեսական Կապարտի Եւ Ծերակուտական Հոլընի Հետ Կը Քննէ Ամերիկա-Արցախ Կապերու Սերտացումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայրաքաղաք այցելած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է քոնկրեսական Թուլսի Կապարտի (Հաուայի, Դ.) հետ, քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ պաշտօնական, քաղաքացիական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները։

Կապարտ, որ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան ազդեցիկ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի հետ քննարկած է նաեւ Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու համար բանակցութիւն վարող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին գործունէութիւնը՝ շեշտելով, որ Արցախ պէտք է ուղղակի մասնակից դառնայ խաղաղութեան բանակցութեանց։

Համբարեան նաեւ ցաւ յայտնած է այն բանին համար, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ ջանք կը թափէ ձախողութեան մատնելու համար ամերիկացի քոնկրեսականներուն Արցախ այցելութիւնները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան դրուատած է Կապարտի Արցախ այցելելու որոշումը, որ առնուած էր՝ հակառակ Պաքուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ընդդիմութեան։

Նշենք, որ Կապարտ մաս կազմած էր անցած Սեպտեմբերին Հայաստան այցելած քոնկրեսական պատուիրակութեան, որ հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի պաշտօնատարներու, գործարարներու եւ հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով: Ան խումբ մը քոնկրեսականներու հետ նաեւ Արցախ այցելած էր։

Խօսելով Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան հանդիպում մը ունեցած էր Շուշիի արհեստագիտական վարժարանի մը աշակերտներուն եւ պետական պաշտօնատարներու հետ, քոնկրեսականը ըսած էր. «Շատ տպաւորիչ էր ականատես ըլլալ աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու ջանքերուն վրայ այդ ժողովուրդի կեդրոնացումին: Անոնք իրենց բոլոր կարելիութիւններով՝ իրենց ձեռքերով, իրենց ոտքերով եւ իրենց սիրտերով կը կերտեն այդ ապագան»: Ան միաժամանակ ցաւ յայտնած էր, որ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ սահմանի երկայնքին շարունակուող բռնարարքները հարցականի տակ դրած են խաղաղութեան գործընթացը եւ համաձայնութեան մը հասնելու համար վերջին տասնամեակներուն կատարուած աշխատանքը:

Յիշեցնենք, որ Հաուային ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը անցեալ շաբթուան ընթացքին նման խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նաեւ ծերակուտական Քրիս Վան Հոլընի հետ, որ անդամ է Ծերակոյտի ազդեցիկ Յատկացումներու յանձնախումբին։ Ան այս տարի յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած էր Արցախին ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելու աշխատանքին մէջ։

asbarez.com

22 Նոյեմբեր 2017

Տպել Տպել