Լե­ւոն ­Շանթ (1869-1951). ­Հա­յուն ամ­բող­ջա­տիպ՝ լիար­ժէ՛ք Ե­Սին դրօ­շա­կի­րը

Նո­յեմ­բեր 29ի այս օ­րը, 66 տա­րի ա­ռաջ, մեր աշ­խար­հէն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի լու­սապ­սակ դէմ­քե­րէն ­Լե­ւոն ­Շանթ, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կիր կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին նե­րաշ­խար­հը վեր­ծա­նող՝ ՀԱ­Յուն հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ Ե­Սը շնչա­ւո­րող մե­ծա­վաս­տակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։

Յատ­կա­պէս թա­տե­րա­կան իր գոր­ծե­րով՝ մա­նա­ւա՛նդ կո­թո­ղա­կան իր «­Հին Աս­տո­ւած­ներ»ով ան­մա­հա­ցած գրողն է ­Լե­ւոն Շանթ։ ­Բայց ճշմար­տու­թեան դէմ մե­ղան­չել պի­տի ըլ­լար միայն իբ­րեւ մե­ծա­տա­ղանդ թա­տե­րա­գիր յի­շել այն­քա՜ն բազ­մաշ­նորհ ու բազ­մա­վաս­տակ դէմ­քը ­Լե­ւոն ­Շան­թի, որ հայ­կա­կան հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մէջ յա­ւի­տե­նա­կան իր բար­ձուն­քը նո­ւա­ճած է իբ­րեւ թէ՛ տա­ղան­դա­շատ գրա­գէտ, թէ՛ ներ­հուն մտա­ւո­րա­կան, թէ՛ անձ­նո­ւէր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ եւ թէ՛­ սերն­դա­կերտ ման­կա­վարժ։

Այդ ա­մէ­նը միա­ձու­լող ու ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րող ­Մեծ ­Մարդն ու միա­ժա­մա­նակ ­Մեծ ­Հայն է ­Լե­ւոն ­Շանթ, որ շունչ եւ վե­հու­թիւն, այ­լեւ՝ ազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւն տո­ւաւ ­Հա­յու Ե­Սին։

Մա­նա­ւանդ որ իր ան­խոնջ եւ ա­ռաս­պե­լա­կան աշ­խա­տու­նա­կու­թեամբ ու ներ­քին կար­գա­պա­հու­թեամբ՝ ­Լե­ւոն ­Շանթ նո­ւա­ճեց պատ­կա­ռե­լի հարս­տու­թիւն մը իր գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ տե­սա­բա­նա­կան եւ ման­կա­վար­ժա­կան իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան գոր­ծի­չի դաշ­նակ­ցա­կան իր ներդ­րու­մէն մին­չեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Հայ ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դի­րի ու եր­կա­րա­մեայ տնօ­րէ­նի եւ ու­սու­ցի­չի վաս­տա­կը։

Իս­կա­պէս ալ ­Նա­հա­պե­տեան ­Սեղ­բո­սի զա­ւա­կը եւ հօր ա­նու­նով ­Սեղ­բո­սեան ­Լե­ւոն մկրտո­ւած ­Լե­ւոն ­Շան­թը, իր կեան­քով ու գոր­ծով, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով՝ ե­ղաւ ամ­բող­ջա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թեան մը եւ լիար­ժէք Ե­Սի մը ճա­ռա­գայ­թող խտա­ցու­մը, որ իր ան­ձին, կեան­քին ու գոր­ծին ա­ռինք­նող օ­րի­նա­կով յա­ւեր­ժա­ցուց հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յու­թեան Ազ­գա­յին Ինք­նու­թեան վսե­մա­շուք Ե­Սը։
Ինք­նա­զար­գաց­ման եւ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման մնա­յուն ձգտու­մը, իբ­րեւ իր ողջ էու­թիւ­նը տո­չո­րող ներ­քին կրակ, հան­դի­սա­ցաւ շար­ժիչ ու­ժը եւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի կե­նա­րար աղ­բիւ­րը ­Շան­թի ողջ կեան­քին ու ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
Շան­թի կեն­սագ­րու­թիւ­նը ինք­նին յու­զիչ եւ բարդ պատ­մու­թիւնն է իբ­րեւ ­Մարդ եւ ­Հա՛յ Մարդ ա­նոր ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման մնա­յուն պայ­քա­րին։

Պո­լիս ծնած, Ս­կիւ­տա­րի վար­ժա­րա­նին մէջ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած, մա­նուկ տա­րի­քին որ­բա­ցած եւ Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նի մուտ­քի քննու­թեան յա­ջո­ղած ­Սեղ­բո­սեան ­Լե­ւո­նը, ամ­բող­ջա­կան հա­յու իր ինք­նա­զար­գաց­ման ա­ռա­ջին ոս­տու­մը կա­տա­րեց տա­կա­ւին ու­սա­նող տա­րի­քին, երբ ա­րեւմ­տա­հա­յու իր ծա­գումն ու ա­րե­ւե­լա­հա­յու կազ­մա­ւո­րու­մը լե­զո­ւամ­շա­կու­թա­յին մէկ ու միակ շա­ղա­խի վե­րա­ծեց եւ մին­չեւ մահ տէր կանգ­նե­ցաւ ա­րեան կան­չէ բխող այդ նո­ւա­ճու­մին։

Խառ­նո­ւած­քով խո­հուն եւ յու­զաշ­խար­հով բա­նաս­տեղծ ­Լե­ւոն ­Շան­թի ան­բե­կա­նե­լի ան­հա­տա­կա­նու­թեան ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման օր­րա­նը ե­ղաւ ­Գեր­մա­նիան, ուր 1892էն մին­չեւ 1897 ապ­րե­ցաւ եւ ­Լայփ­ցի­կի ու ­Միւ­նի­խի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ բար­ձրա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ման­կա­վար­ժու­թեան, հո­գե­բա­նու­թեան եւ բնա­կան գի­տու­թեանց մէջ։ ­Գեր­մա­նա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս հիւ­սի­սիկ (nordic) հո­գե­կեր­տո­ւած­քը ամ­բող­ջա­պէս հա­մա­պա­տաս­խան էր ար­դէն քսա­նե­րեք տա­րե­կան ու ­Հա­յու իր կազ­մա­ւո­րու­մը լիար­ժէք հու­նա­ւո­րած ­Շան­թի նե­րաշ­խար­հին՝ հո­գիին ու մտքին։

Գեր­մա­նա­կան մշա­կոյ­թը եւ յատ­կա­պէս ­Նից­չէի, ­Կէօ­թէի եւ ­Վակ­նե­րի ա­րո­ւեստն ու փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս օգ­նե­ցին ­Շան­թի, որ­պէս­զի մշա­կէ եւ խո­րաց­նէ մտա­ւո­րա­կա­նի իր ներ­քին կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, յղկէ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կան զէն­քե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր մէ­ջի լա­ւա­գոյնն ու մարդ­կայ­նա­կա­նը՝ ցե­ղա­յին ու ազ­գա­յին ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան եւ տիե­զե­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ըստ ար­ժան­ւոյն վե­րա­դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին, յատ­կա­պէս ա­նոր պարզ, շի­նա­կան եւ բա­րի խա­ւի զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց շար­քե­րէն սե­րած էր եւ ո­րոնց առ­ջեւ ինք­նա­զար­գաց­ման ու ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման ու­ղին հար­թե­լու կո­չու­մը իր միակ եւ մե­ծա­գոյն փա­ռա­սի­րու­թիւնն էր։

Մին­չեւ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ իր ու­սումն ու մտա­ւո­րա­կան հա­սու­նա­ցու­մը, ­Լե­ւոն ­Շանթ ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց ­Պոլ­սոյ մէջ, միա­ժա­մա­նակ՝ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով ու ար­ձակ վի­պակ­նե­րով դրսե­ւո­րեց ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­ռու գրո­ղի իր նկա­րա­գի­րը։ ­Պո­լի­սը իր հայ ի­րա­կա­նու­թեամբ՝ իր քաղ­քե­նիու­թեամբ եւ ե­սա­պաշ­տու­թեամբ, հեշ­տա­մո­լու­թեամբ եւ ազ­գա­յին ան­տար­բե­րու­թեամբ, ձաղ­կու­մի թի­րա­խը դար­ձան հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ ­Շան­թին։ Իսկ ­Գեր­մա­նիա­յէն վե­րա­դար­ձին Թիֆ­լիս հաս­տա­տո­ւե­լով ու ման­կա­վար­ժա­կան եւ գրա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով՝ ­Շանթ ա­ւե­լիով խո­րա­ցուց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը ե­սա­պաշ­տու­թեան՝ քաղ­քե­նիու­թեան եւ նիւ­թա­պաշ­տու­թեան ա­րատ­նե­րէն մաք­րազտե­լու իր պայ­քա­րը։

Յատ­կա­պէս թա­տե­րա­կան իր գոր­ծե­րը լրիւ յա­գե­ցան ­Հա­յու Ե­Սը իր ինք­նա­հաս­տատ­ման դա­րա­ւոր ձգտու­մով թե­ւա­ւո­րե­լու, հա­յու գեղջ­կա­կան պար­զու­թեամբ ու վե­հու­թեամբ զար­գաց­նե­լու, խո­րաց­նե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թեամբ։

Լե­ւոն ­Շանթ եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար վե­րել­քի, ան­կու­մի, վե­րա­կանգ­նու­մի եւ տա­ռա­պա­գին մա­քա­ռում­նե­րու այդ դժո­ւա­րին ժա­մա­նակ­նե­րը ցմրուր ճա­շա­կեց ու բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ա­ռու­մով… ապ­րե­ցա՛ւ եւ վե­րապ­րու­մի ան­խոր­տակ վէ­մի վե­րա­ծեց։
Շա­րու­նակ կան­գուն մնաց ու գոր­ծեց հայ կեան­քի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ, Թիֆ­լի­սի գրա­կան-մշա­կու­թա­յին զար­թօն­քին մե­ծար­ժէք դրօ­շա­կիր­նե­րէն դար­ձաւ, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին հա­ւա­տա­ւոր եւ լու­սա­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն ե­ղաւ, սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման ու հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման մեծ դաս­տիա­րա­կը հան­դի­սա­ցաւ եւ երբ հնչեց նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան կեան­քին գործ­նա­պէս տի­րու­թիւն ը­նե­լու ժա­մը՝ ան­վա­րան նե­տո­ւե­ցաւ անձ­նո­ւէր աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ, հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան ա­մէ­նէն դժո­ւա­րին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իր ներդ­րու­մը բե­րե­լով ու մեր ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն, ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն ան­զի­ջող պա­հա­պա­նը դառ­նա­լով։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք, ­Լե­ւոն ­Շանթ իր կար­գին վեր­ցուց տա­րագ­րու­թեան ցու­պը եւ շրջե­ցաւ գաղ­թաշ­խար­հով մէկ։ ­Նախ գոր­ծեց Ե­գիպ­տո­սի մէջ, Աղ­բա­լեա­նի հետ հի­մը դրաւ ­Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան։ Ա­պա՝ եր­կու­քով հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Պէյ­րութ (­Լի­բա­նան), ուր հիմ­նե­ցին ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նը ու իբ­րեւ տե­սուչ եւ ու­սու­ցիչ միաս­նա­բար լծո­ւե­ցան նոր սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման եւ մտա­ւո­րա­կան թրծու­մին՝ նո­ւա­ճե­լով ­Ճե­մա­րա­նա­կան Ա­ւան­դը, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը կը շա­րու­նա­կէ իբ­րեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր ծա­ռա­յել սփիւռ­քա­հայ հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման ո­գո­րում­նե­րուն։

Տա­րագ­րու­թեան շրջա­նին ­Լե­ւոն ­Շանթ ոչ միայն շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել գրա­կա­նու­թեան մէջ, այ­լեւ թուղ­թին յանձ­նել ման­կա­վար­ժու­թեան տե­սա­բա­նի, լե­զո­ւա­գէ­տի եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սի իր գի­տա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան լայն պա­շա­րը։ ­Լոյս ըն­ծա­յեց հա­յոց լե­զո­ւի դա­սա­գիր­քեր, Ազ­գա­յին Հար­ցին, Ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին եւ Ան­հա­տի ու ­Դա­սա­կար­գի տե­սա­բա­նու­թեան գի­տա­կան մշա­կու­մին նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տու­թիւն­ներ։

Եւ ո՛ւր որ ալ ճա­կա­տա­գի­րը տա­րաւ զինք՝ ­Լե­ւոն ­Շանթ ողջ էու­թեամբ հա­ւա­տա­րիմ մնաց ստեղ­ծա­գործ այն նե­րու­ժին, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան ժա­ռան­գու­թե­նէն կը բխէր, ինք­նա­զար­գաց­ման եւ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման ար­դի՝ այժ­մէա­կա՛ն զէն­քե­րով մշա­կո­ւած ու յղկո­ւած էր եւ միշտ յա­ռաջ կը մղո­ւէր Ամ­բող­ջա­կան ­Հայն ու Ամ­բող­ջա­կան ­Մար­դը միա­ձոյլ շնչա­ւո­րե­լու ձգտու­մով։
Լե­ւոն ­Շան­թի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այս է­ջը հա­ղոր­դու­թեան պահ մը թող ըլ­լայ ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան յու­զաշ­խար­հին հետ, ուր քեր­թո­ղա­կան վրձի­նի այն­քան զուսպ, այլ դի­պուկ հպում­նե­րով կը ներ­կա­յա­նայ ՀԱ­Յու ամ­բող­ջա­կան՝ լիար­ժէք Ե­Սին խո­հուն դէմ­քը։

ԵՍ ՊԱՏՐԱՆՔԸ ՍԻՐԵՑԻ

Շուր­ջիս տա­փակ ու չոր կեան­քէն զայ­րաց­կոտ,
Կան­չե­ցի ես ի­տէալս կեն­սա­ծին.
Բայց ե­տե­ւէս կծու ծաղ­րով ա­նա­մօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պո­ռա­ցին.
Ես ալ գիր­քը ին­ծի ըն­կեր ընտ­րե­ցի,

Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի:

Մե­նու­թեան մէջ լուռ, մթնշող սե­նեա­կիս՝
Չի­րա­գոր­ծո­ւող ե­րազ­նե­րու մէջ թա­ղո­ւած՝
Հե­ռո՜ւ ու վե՜ր սա­ւառ­նե­ցաւ միշտ հո­գիս,
Հո՛ն, ուր կեան­քիս գո­հար յոյ­սերն են մա­ղո­ւած.
Ես, մօր մը պէս, ա­նուրջ­ներս գգո­ւե­ցի,

Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի:

Երբ գե­ղե­ցիկ թարմ աղ­ջի­կը ժպտե­ցաւ,
Սիրտս դո­ղաց յու­զու­մով մը ներ­դաշ­նակ.
Սի­րե­ցի ալ, միայն ո՛չ ան, որ ան­ցաւ.
Այլ ա­նոր նուրբ յափշ­տա­կիչ դէմ­քին տակ
Նո՛ր էակ մը, որ մտքէս հոն ան­ցու­ցի,

Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի:

Հայ­րե­նի­քի հուր կա­րօ­տը բնա­ծին
Երբ բռընկ­ցուց յու­զո­ւած լանջս տեն­դօ­րէն,
«­Դուն հայ­րե­նիք, դուն հող չու­նիս» հծծե­ցին.
Ես դառ­նա­ցայ, բայց ալ ուժ­գին այդ օ­րէն
Ի­մըս չե­ղող հայ­րե­նիքս պաշ­տե­ցի,

Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի:

Ին­ծի հա­մար այն ժա­մե­րը թանկ ե­ղան,
Երբ ներշն­չո­ւած ստեղ­ծե­ցի միշտ ան­գոյ,
Բայց անձ­նու­րաց ազ­նիւ դէմ­քեր սի­րե­կան,
Երբ ի­րա­կան աշ­խար­հին մէջ միշտ դժգոհ,
Ի­տէա­լի կեան­քէն եր­գել ու­զե­ցի.

Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի:

ԺԱՆԳԸ

Գզ­րո­ցիս մէջ գրիչս ին­կած է հի­մա
գրած-ջնջած թղթե­րուս մէջ ցա­նու­ցիր.
ժան­գէ պա­տանք մը ա­ճած է իր վրայ
ու ալ հպարտ չ­՚առ­կայ­ծիր։

Մինչ նա­յո­ւածքս այդ հին գրչին է յա­ռած,
մէ­ջըս միտք մը զիկ­զակ կու տայ՝ մի՞ գու­ցէ
ան­շարժ կեան­քէս զգա­ցում­ներս ալ յան­կարծ
ժան­գի խաւ մը գայ գո­ցէ։

ԼՈՒՌ

Շուրջս խա­ւար, հան­դարտ ու քուն.
Շուք մը ան­գամ չի դողդ­ղար.
Հոն դի­մացս շշուկ­նե­րուն
Մա­հա­ցումն է լիա­կա­տար։

Միակ ձայ­նը ի­րա­րու քով
Ժա­մա­ցոյցս ու սիրտս է հո՛ս,
Որ կը համ­րեն պինդ-պինդ զար­կով
Կեան­քիս քայ­լերն ա­րա­գա­հոս։

Ն.

Տպել Տպել