ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի եւ Կանանց Կազմակերպութեան Ժողովներուն

Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 24-25 Նոյեմբեր 2017ին, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ, հիւրնկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվար կուսակցութեան ։

Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը։

Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր թեմաներ. Ձախի հետ կերտել ապագան՝ ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. Բազմաթիւ հակամարտութիւններով աշխարհի մը մէջ՝ աշխատանք կայունութեան եւ խաղաղութեան համար. Մարդասիրական տագնապներուն՝ մարդկային պատասխաններու ջատագով։

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ԸՄ Կանանց Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան, ինչպէս նաեւ՝ Նուպար Վարդանեան (Հոլանտայէն) եւ Տաթեւ Սուլեան (Պարսելոնայէն)։

Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար Միազգայնականի Ընդհանուր Քարտուղար Լուիս Այալա, Քաթալոնեայի Ընկերվար Կուսակցութեան ղեկավար Միկէլ Իսեթա եւ ԸՄ Նախագահ ՃորՃ Փափանտրէօ։
Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր ԸՄ նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան, որպէս կազմակերպութեան փոխ-նախագահներէն մէկը։

Մ. Նալպանտեան ժողովի ընթացքին խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համաձայնագրին մասին, զայն որակելով պատմական քայլ, ինչպէս նաեւ՝ վերահաստատեց Արցախեան հիմնահարցին արդարացիութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը։

ԸՄ Խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին՝ բանաձեւ մը քիւրտ ժողովուրդի մասին, ուր անդրադարձ կը կատարուի Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հարցերուն եւ կոչ կը կատարուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերականգնելու քիւրտ ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը՝ քրտական հարցին խաղաղ կարգաւորում գտնելու համար։ Թուրքիոյ կոչ կը կատարուի նաեւ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալներն ու ձերբակալուած լրագրողները։ Բանաձեւը նաեւ կը վերականգնէ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբը քրտական հարցի մասին։

Իսկ 21-22 Նոյեմբեր 2017ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին ուր քննարկուեցաւ Ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ՝ պոպուլիզմի աճ՝ կանանց իրաւունքները ո՞ւր կը տեղաւորուին։

Վ. Եագուպեան ժողովին ներկայացուց Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծին հիմնաւորումները եւ քննարկումները։ «Նման նախագիծի մը ընդունումը հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ պաշտպանելու կանանց իրաւունքները եւ կանխարգիլելու բռնութիւնը կնոջ եւ երեխային նկատմամբ։ Հայ կանայք ունին կարողականութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը բերելու, սակայն անոնց կը պակսին առիթները։ Կանանց իրաւոնքներու յարգումը ընկերութեան մը մէջ հիմը կը հանդիսանայ ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատման», յայտնած է Վ. Եագուպեան։

Ժողովներու ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ։

Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։

Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ է։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։ ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ Կարօ Շատոյեանը (Աւստրիա) IUSY-ի փոխնախագահ է։ Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի համանախագահ է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը։

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ

Տպել Տպել