Գուրգէն Մխիթարեան (1890-1962). Սփիւռքեան առաջին սերունդի երախտաւոր մտաւորականը

Նոյեմբեր 25ի օրը, յիսուն տարի առաջ, Մ. Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի հայահոծ արուարձաններէն Ուստրի մէջ, տեղի կ’ունենար Դաշնակցութեան Օրուան հանդիսաշուք տօնակատարութիւնը։

Օրուան բանախօսն էր «Հայրենիք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Գուրգէն Մխիթարեան։ Հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան եւ դաշնակցական մտածողութեան երախտաշատ պատգամաբերը, սակայն, չկրցաւ աւարտել իր բանախօսութիւնը. յանկարծամահ ինկաւ եւ այդպէս, հանդիսաւորապէս, առյաւէտ հրաժեշտ տուաւ իր պաշտած ժողովուրդի զաւակներուն։

Տարաբախտ սերունդի մը արժանաւոր ներկայացուցիչներէն էր Գուրգէն Մխիթարեան, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական իրա՛ւ արժէքներու պահապանը, արժեւորողն ու քարոզիչը եղաւ իր հասարակական բեղուն ծառայութեամբ։

Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին փուլի աւարտին, 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման շրջանին կազմաւորուած սերունդին կը պատկանէր Գուրգէն Մխիթարեան։ Հայ մտքի եւ գրականութեան մեծ թռիչքներու այդ ժամանակաշրջանին, Գ. Մխիթարեան մտաւ ազգային¬հանրային ծառայութեան ասպարէզ։ Թրծուեցաւ ատենի հայ մամուլի անզուգական հսկային՝ «Ազատամարտ»ի շունչով եւ Սիմոն Զաւարեանի ու Շաւարշ Միսաքեանի մտերմութեան եւ հոգածութեան մթնոլորտին մէջ։

Արմատախիլ ու հայրենահան եղած արեւմտահայութեան հետ՝ Գուրգէն Մխիթարեան իր երիտասարդական եռանդն ու մտաւորական պատրաստութիւնը ի սպաս դրաւ Սփիւռքի ինքնապահպանման ու ազգային կազմակերպումին։ Իր ամբողջ կեանքն ու հոգեմտաւոր ներուժը նուիրաբերեց ցեղասպանութեան մահացու հարուածէն վերականգնելու, տարագիր ու անտունի կեանքի արհաւիրքը յաղթահարելու եւ նորակազմ Սփիւռքը հայօրէն շնչող ու զարգացող կազմակերպ հաւաքականութեան վերածելու մաշեցնող, բայց Ազգի ապագան փրկող ու ապահով կռուաններով օժտող սրբազան պայքարին։

Գուրգէն Մխիթարեան ծնած էր 1890ի Յուլիսին, Շապին Գարահիսար։ Լոյս աշխարհ եկաւ ճիշդ այն օրերուն, երբ Թիֆլիսի մէջ կը կազմուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, որուն հետ անքակտելիօրէն կապուեցաւ Գուրգէն մխիթարեանի գիտակից տարիքի կեանքն ու վաստակաշատ գործունէութիւնը։

Իր ծննդավայրի «Մուշեղեան» վարժարանը 1907ին աւարտելէ եւ տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1908ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման շրջանին, Գ. Մխիթարեան անցաւ Պոլիս, շարունակեց եւ ամբողջացուց իր ուսումը «Կեդրոնական» վարժարանի մէջ եւ 1912ին նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ, Սիմոն Զաւարեանի կողքին պաշտօնավարելով «Հայրիկեան» վարժարանին մէջ։ Նոյն շրջանին սկսաւ աշխատակցիլ «Ազատամարտ»ին՝ գրական-քննադատական յօդուածներով, առաջին իսկ հրապարակումներէն ցուցաբերելով իրա՛ւ արժէքներու յայտնաբերման եւ գնահատման շեշտակի հակումն ու լրջախոհութիւնը, որոնք ոչ միայն իր գրադատական-հրապարակագրական վաստակին, այլեւ ազգային¬քաղաքական բեղուն գործունէութեան բնորոշ առանձնայատկութիւնը եղան։ Կրտսեր գործակիցը դարձաւ «Ազատամարտ»ի սերունդին, որմէ ներշնչուեցաւ իր խստապահանջութիւնը՝ ազգային, գրական թէ մշակութային արժէքներու գնահատման մէջ։ Եղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Ուսանողական Միութեան «Երկունք» ամսագրի հիմնադիր խմբագիրներէն մէկը։
1914ի սկիզբը զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւ Օսմանեան բանակին մէջ, քանի մը ամիս ծառայեց, բայց կրցաւ փախուստ տալ եւ վերադառնալ ուսուցչական ասպարէզին՝ «Կեդրոնական»ի մէջ, ինչպէս նաեւ գրական¬հրապարակագրական գործունէութեան։ Բայց 1915ի գարնանամուտին վերստին բանակ տարուեցաւ եւ տարի մը մնաց Օրթագիւղի սպայից վարժարանին մէջ, ուրկէ դարձեալ փախուստ տուաւ եւ թաքնուած կեանք մը ապրեցաւ մինչեւ 1918ի զինադադարը, որմէ ետք ամբողջ հասակով կանգնեցաւ վերապրող հայութեան կեանքը վերակազմակերպելու պայքարի պատնէշներուն վրայ։ Միացաւ «Ազատամարտ»ի ժառանգորդ «Ճակատամարտ»ի խմբագրութեան եւ Շ. Միսաքեանի կողքին հիմնական ներդրում ունեցաւ արեւմտահայ մտքի ու գրականութեան վերազարթնման մէջ։

Երեք տարի գործեց «Ճակատամարտ»ի մէջ եւ մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ իր գրական-քննադատական, բայց մանաւանդ թատերական քննադատի իր հրապարակումներով՝ դրսեւորելով սրատես միտք ու գեղարուեստական բարձր ճաշակ։ Բայց Քեմալական շարժման եւ հայաջինջ հալածանքի վերսկսման հետեւանքով՝ Պոլիս մնացած հայ մտաւորականութեան վերջին պահակագունդին հետ, Գուրգէն Մխիթարեան 1922ին ինք եւս վերջնականապէս բաժնուեցաւ Պոլիսէն ու հաստատ-ուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, ուր շուտով սերտ գործակիցը դարձաւ Վահան Նաւասարդեանի՝ «Յուսաբեր»ի հրատարակման եւ ծաղկման ամբողջ շրջանին։

1947ի վերջերուն իբրեւ կուսակցական գործիչ ղրկուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր միացաւ «Հայրենիք»ի խմբագրութեան՝ միաժամանակ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէի քարտուղարութիւնը կատարելով։ 1952ին նշանակուեցաւ «Հայրենիք»ի պատասխանատու խմբագիր եւ մինչեւ տարաբախտ իր մահը՝ արթուն պահակի պէս հսկեց հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան, ինքնահստատման եւ բազմակողմանի զարգացման պատնէշներուն վրայ։
Իր հրապարակագրութեան ընդգծելի առանձնայատկութիւնը եղաւ խոհականութիւնը, զգացական եւ հռետորական զեղումները հեռու պահեց իր գրիչէն եւ, միջ¬կուսակցական ամէնէն բուռն պայքարներու ժամանակ անգամ, կրքոտ բանավէճերէ հեռու մնաց ու իրա՛ւ արժէքներու եւ սկզբունքներու խոհուն պաշտպանութիւնը դարձուց իր մտքին ու գրչին մղիչ ուժը եւ առաջնորդը։

Մամուլի էջերուն ցրուած իր մեծակշիռ վաստակի կողքին, Գուրգէն Մխիթարեան գրական քննադատէն ժառանգ կը մնայ 1946ին Գահիրէ լոյս տեսած «Քառորդ դար գրականութիւն» արժէքաւոր գործը։

1950ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ գրականագիտական եւ հրապարակագրական իր յօդուածներու ժողովածուն՝ «Հերկ ու ցան» խորագրով։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել