Աւելի գործնական ճամբու քարտէս մը՝ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ արդարութեան ի խնդիր

Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան

Այս գրութիւն-յօդուածը կը նկարագրէ հայկական ազգային մարտահրաւէրներուն բաղադրիչները` շեշտը դնելով ճամբու քարտէսի մը վրայ` Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի համապարփակ լուծման մը առաջադրանքով:

Ընդհանուր առմամբ, ասիկա համադրում մըն է, որ կը համախմբէ տարբեր, սակայն կենսունակ եզրեր` միտքերու եւ մօտեցումներու, նպատակ ունենալով յառաջ բերել աւելի լայն յարակցութիւն մը` մեր քաղաքական մտածելակերպին մէջ:

Կան որոշ ջանքեր` մեր մարտահրաւէրներուն եւ առաջադրանքներուն առաջնահերթութիւնը ճշդելու. կայ շեշտադրում մը` դատական մօտեցումին վրայ կեդրոնացնելու մեր պայքարը, իսկ կայ նաեւ այլ ճիգ մը` ճակատումի ծրագիրները առաջ քշելու:

Իմ նպատակս այս նիւթով հանրային քննարկման մը նախաձեռնել է` այս գաղափարները կարելի եղածին չափ ընդարձակ ու մեծ լսարանի հասանելի դարձնելով: Յոյսով եմ, որ ասիկա կայծակնային տարողութիւն կ՛ունենայ եւ սկիզբ կը դնէ քննարկումի մը` խորհուն միտքերու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ նոր, լուրջ ջանքի` զարգացնելու եւ հետապնդելու ճամբու իրատեսական քարտէս մը` մեր ազգային նպատակներու վերջնական իրականացման ի խնդիր:

*

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան մեծամասնութիւնը այսօր ըստ բաւարարի հասկացողութիւն մը ունի մեր ազգին դիմագրաւած քաղաքական տեսադաշտին նկատմամբ եւ գիտակից է այն իրողութիւններուն, որոնք մեր ազգային շահերուն համար մարտահրաւէրներ են: Ի տարբերութիւն անցեալին, գրեթէ բոլոր հայերը կ՛ակնկալեն, որ այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իրատես լուծումներ գտնուին:

Ընկալեալօրէն գիտակցուած ազգային ձգտումն է իրականացնել հայ ազգի երկարատեւ կենսունակութիւնը` հետեւեալ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ.-

Ա. Աւելի առողջ եւ ուժեղ Հայաստանի Հանրապետութիւն

– Պաշտպանել ազգային շահերը եւ հայրենիքին ապահովութիւնը։

– Ստեղծել աւելի առողջ քաղաքացիական հասարակութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայզօրացնել Հանրապետութիւնը։

– Պաշտպանել ժողովրդավարութեան հաստատութենականութիւնը եւ օրէնքինգերակայութիւնը։

– Ժողովուրդին տնտեսական բարեկեցութիւնը ապահովել եւ հաստատել ընկերայինարդարութիւն։

Բ. Լուծումներ անլոյծ անարդարութիւններուն՝ հայկական իրաւունքներ կամ Հայ Դատ

– Արդարացի լուծում Հայոց Ցեղասպանութեան։

– Ազատ ու անվտանգ Արցախ։

– Ապահով եւ կայուն Ջաւախք։

Գ. Աւելի առողջ հայկական Սփիւռք

– Կառուցել եւ աւելի լաւ կազմակերպել սփիւռքահայ համայնքները։

– Պաշտպանել եւ հարստացնել հայկական ինքնութիւնը։

– Ազդեցութիւն ունենալ եւ առաջնորդել կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնը՝ հայժողովուրդին եւ անոր շահերուն վերաբերող հարցերուն գծով։

Վերոյիշեալ առաջադրութիւնները օղակներն են նոյն շղթային եւ անքակտելի կերպով միահիւսուած են հայ ժողովուրդի վերջնական ճակատագիրին. բայց արդեօք հայերը հասարակաց հասկացողութիւն ունի՞ն այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ճշդել օրակարգը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ձգտումին լուծումներ գտնել: Ունի՞նք ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ, իմացականութիւն, թէ ո՞ր մարտահրաւէրը կամ առաջադրանքը մեր ազգին համար ունի առաջնահերթ անմիջականութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ունի՞նք ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷԶ մը, թէ ի՞նչպէս կրնանք հասնիլ մեր նպատակներուն:

Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները սկսած են ձեւաւորում ստանալ: Իրականութեան մէջ կայ վերակենդան պահանջ մը` լուծումներ գտնելու մեր ազգային պահանջներուն եւ ներկայ անարդարութիւններուն:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

Հայ ազգի ուղեցոյց¬օրակարգը շատ պարզ է, բայց միեւնոյն ատեն` բարդ: Պարզ է, որովհետեւ անիկա կը հետապնդէ ամբողջ հայ ազգի լինելիութիւնը, բարդ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը բաղկացած է երկու տարբեր, բայց զիրար ամբողջացնող հատուածներէ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կը ներկայացնէ պետութիւնը, եւ սփիւռքը, որ կը պարփակէ իր պապենական հողերէն հեռացուած մարդիկ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տարբեր առաջնահերթութիւնները: Այս երկուութիւնը որոշ չափով կը ստեղծէ խառնաշփոթ վիճակ մը, որ կ՛առաջնորդէ անմիատարր ու աններդաշնակ քաղաքական ընթացքի: Անցեալին պատկերացում չունէինք այն մասին, թէ գործնական եւ ռազմավարական իմաստով ասոնք ի՞նչպէս կարելի է առնչել իրարու: Այսօր կը գիտակցինք, այսուամենայնիւ, այդ երեք նպատակները` հայ ազգի կենսունակութեան առնչուած, այսինքն` առողջ¬հզօր պետութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւն, լուծում` անլոյծ մնացած անարդարութիւնները (Ցեղասպանութիւն, Ղարաբաղ եւ Ջաւախք) եւ հայկական սփիւռքի լինելիութեան ամրապնդումը կը հանդիսանան այն երեւոյթները, որոնք ինքնաբերաբար առնչուած են միեւնոյն շղթային:

Ներկայիս համընդհանուր գիտակցութիւն կայ բոլորին կողմէ, որ այսօրուան Հայաստանի մէջ ընկերային¬տնտեսական վիճակի վատթարացումը, այսօրուան անարդարութիւնը կը հանդիսանան ազգային անվտանգութեան դիմաց ցցուող սպառնալիքներ. աւելի՛ն, անոնք արագօրէն կը վերածուին ահաւոր մարտահրաւէրի` մեզմէ պահանջելով զանոնք նկատել անմիջական առաջնահերթութիւն: Կայ նաեւ ղեկավարներու, գիտնականներու եւ հասարակութեան կողմէ անվիճելի գիտակցութիւն ա՛յն մասին, որ աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ պահանջը ազատագրուած տարածքներու, որոնց անդրադարձ կը կատարուի իբրեւ «անվտանգութեան գօտի», եւ հարցը` տը ժիւրէ ճանաչումին, կը գրաւեն ազգային քաղաքական առաջնահերթութեան ամէնէն մօտալուտ նկատուող դիրքը: Վերջերս տեղի ունեցած զուգընթաց ճանաչումը ի յայտ բերաւ այն երեւոյթը, որ հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդին աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութենէն զատ այլ բաներ կը բովանդակէ, բայց եւ այնպէս այս պատմական անարդարութիւնը կարելի չէ անպատեհ նկատել: Պարզ դարձաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն հոգեբանական ուժեղ բաղադրիչ է հայ ազգի զաւակներուն աւելի քան կէսին համար, այլ այս պատմական անարդարութեան վերականգնումը կրնայ ունենալ նոյնքան կարեւոր ժամանակակից տարողութիւն, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի հայկական¬թրքական պետական յարաբերութիւններուն:

Այս պատճառով այսօրուան համահայկական քաղաքական տեսակէտը պէտք է ստեղծէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ղարաբաղի անմիջական կարիքներուն եւ անցեալի անարդարութեան վերացման, նաեւ սփիւռքի եւ հայրենիքի ապագայի կենսունակութեան անհրաժեշտ կարիքներուն միջեւ: Վերոյիշեալ առաջադրանքներուն հասնելու մեր ջանքերը երկար ժամանակէ ի վեր կը մնան կայուն. անգործունեայ ըլլալը կը վնասէ մեր դատին: Ուրախանալին այն է, որ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին անարդարութեան պահանջը աւելի բարձր հնչած է բոլոր մակարդակներու վրայ, այսպիսով մեր պահանջները անորոշ եւ անհասկնալի կարգավիճակէն փոխադրելով յստակ ռազմավարութեամբ առաջադրուած դատի մը: Ամենափոքր ու աննշան փոխակերպումը նկատելի կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով արդարութեան պահանջին մէջ, եւ այս գրութիւնը փորձ մըն է այս մէկը բացատրելու: Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային¬տնտեսական անարդարութեան, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ Հայաստանի ռազմավարական մօտեցումներուն պիտի անդրադառնանք անջատ յօդուածով:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեակին նախորդող երեք տարիները պիտի ըլլան այն հանգրուանը, երբ հայ ազգը պէտք է կրկնապատկէ իր ճիգերը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ արդարութեան հետապնդման իմաստով: Մինչեւ վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող մեր բոլոր ջանքերը ունեցած են հոգեբանական հիմք` զգացական եւ ենթակայական կիզակէտէ դիտուած: Կազմակերպած ենք յիշատակի ձեռնարկներ, հոգեհանգիստներ, աշխարհով մէկ խօսքեր արտասանած ենք իւրաքանչիւր Ապրիլ 24¬ի: Կազմակերպած ենք ցոյցեր, պետական մարմիններէ լսած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին կրկնուող յայտարարութիւններ եւ այս բոլորը մեզ գոհունակութիւն պատճառած են: Վերջին տասնամեակին աւելի կուռ քայլեր առնուած են ճանաչում ապահովելու իմաստով: Վերջերս հռետորականութեամբ եւ քննարկումներու ճամբով խօսուած է փոխհատուցման մասին` առանց շատ պարզաբանումներ տալու այս առնչութեամբ տարուող ու տարուելիք գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին: Ցաւ ի սիրտ, Անատոլուի եւ Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքականութիւնը հայկական կողմին դիմաց խոչընդոտ կանգնեցուցած է` գերտէրութեան կարիքներուն եւ հայութեան արդարութեան իրաւունքին միջեւ հասարակած շահեր ու հետաքրքրութիւններ ստեղծելու առնչութեամբ:

Աւելի ճշգրիտ, կարելի է ըսել, որ մինչեւ 2010 թուական իր յանցագործութիւնը ընդունելու նպատակով Թուրքիոյ վրայ մեր բանեցուցած ճնշումը ընթացած է նեղ ռազմավարութեամբ: Առաջին հերթին լուսարձակի տակ առնուած էր ճանաչման առնչութեամբ եղած անարդարութիւնը, երկրորդ` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու ճիգերը եղած են անուղղակի, այսինքն` ստեղծել միջազգային իրազեկութիւն` գործադրուած անարդարութեան նկատմամբ, այն յոյսով, որ աշխարհին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ կողմէ անոր ընդունման:

Իրականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւունքը եւ անարդարութեան հարցը բարդ գործընթաց մըն է. անոր բաղադրիչները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով:

1. Պայքարիլ Թուրքիոյ ուրացման եւ արդարութեան տնօրինման խոչընդոտման դէմ:

2. Ճանաչում. պաշտօնական ներման հայցումի հասնելու համար:

3. Հատուցում. ինչքերու վերականգնում եւ նիւթական հատուցում:

4. Հողային հարցեր. սահմաններու ճշդում¬ուրուագծում:

5. Պապենական հողերուն վերադառնալու իրաւունք:

Պէտք է ընդգծել, որ սովորաբար կատարուող «յաջորդականութեամբ» յատկանշուող մօտեցումը` ճանաչում, ապա հատուցում, ապա վերականգնում, հէքիաթային մօտեցում է: Ասիկա յարմար չէ այսօրուան քաղաքականութեան: Վերոյիշեալ տարանջատումը պարզապէս կը ծառայէ բացատրելու մեր դատին բարդութիւնը: Անարդարութեան լուծում գտնելը կարելի է նուաճել բոլոր մակարդակներու վրայ աշխոյժ յարձակումով, անհրաժեշտութեան պարագային` միաժամանակ:

Մատնանշելի է, որ ճանաչումը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ վերջնական նպատակ: Գոյութիւն ունին ռազմավարական ծրագրաւում, ընդ որում` հատուցման ձեռքբերման աշխատանքներ, որոնք աւելի արմատական երեւելով, կրնան իրականութեան մէջ հզօրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուժգնութիւնը: Այս հարցը` իբրեւ կարողականութիւն ունեցող կռուան, կրնայ դառնալ դիւանագիտական ճշմարիտ արգելք Թուրքիոյ համար: Նաեւ պէտք է վեր առնենք եւ շեշտը դնենք այն երեւոյթին վրայ, որ բռնագրաւեալ տարածքներու ու տունդարձի իրաւունքի գործընթացները աւելի բարդ են, քան ճանաչումն ու հատուցումը: Ի սկզբանէ ցեղասպանութեան արարքին եղած առնչումը իրաւական իմաստով այսօր աւելի կը դժուարացնէ տարածքային խնդիրներուն լուծում գտնելը: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ միջազգային օրինականութիւններ ստեղծուած են Կարսի պայմանագիրով. արդարեւ, Թուրքիոյ տրուած է հողատարածք մը, որուն մէջ ներառուած են հնագոյն Անի քաղաքն ու Արարատ լեռը. նաեւ պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրականութեամբ` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն: Այս հողային տարածքները, որոնք անարդարութեան բաղադրիչ մասը կը կազմեն, հաւանաբար կարիք ունին իրաւական տարբեր ռազմավարութեան, թէեւ լրացուցիչ են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման¬հատուցման:

Հատուցման հետապնդումը կամ «ճամբորդութիւնը»` մեր նպատակներու ուղղութեամբ, ինքնին բազմակողմանի է:

– Սեփականութեան վերականգնում` ազգային ու անձնական. նկատի ունենալով տեղահանութեան եւ լուծարքի օրէնսդրութիւնը` թրքական կառավարութեան կողմէ ընդունուած (տես ստորեւ), հայերուն ինչքերը յափշտակուած են իրենցմէ:

– Յափշտակուած ինչքերուն մէջ կան եկեղեցիներ, ազգային կալուածներ եւ անձնական սեփականութիւններ:

– Նիւթական կամ դրամական փոխհատուցում, որ ցարդ հարկ եղած ատակութեամբ չէ գնահատուած:

– Ցեղասպանութեան հետեւանքը մեր մշակութային ժառանգութեան վրայ եւ իբրեւ ազգ մեր կենսունակութեան սպառնացող մնայուն վտանգը. նկատի ունենալով մեր սփռուածութիւնը արեւմտեան երկիրներու մէջ, ուր մնայուն կերպով սպառնալիք կայ մեր լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան: Այս մէկը կը կոչուի «Սպիտակ ցեղասպանութիւն»:

Թուրքիոյ մէջ հայութեան ունեցուածքին օրինական կարգավիճակ տալով` հայերը պիտի անդրադառնան, որ հատուցման հարցը բաւական երկար ժամանակի կարօտող խնդիր է:

1929-ին օրէնսդրութիւնը իրաւունք տուած է 1914 թուականէն սկսեալ 15 տարի տուեալ դատարկ հողը, դաշտը, մրգաստանը, ագարակը գրաւած անձերուն դառնալու որպէս այդ ինչքերուն թուրք նոր սեփականատէրերը, նաեւ` 1919 թուականէն սկսեալ, 10 տարիէ ի վեր գրաւուած շէնքերը կամ այլ անշարժ գոյքեր օրէնքով ինքնաբերաբար կը թրքացուին. այսպիսով հայերուն բոլոր գոյքերն ու սեփականութիւնները, որոնք առնչուած են Ցեղասպանութեան, կ՛իւրացուին: Բայց ճիշդ հոս է մեր իրաւական պայքարին կիզակէտը:

Հայկական կողմը եւս լաւապէս կը հասկնայ հայութեան ինչքերուն վերաբերող օրինական տարբերութիւնը` 1937-էն ետք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող, որովհետեւ հայկական ունեցուածքներ, որոնցմէ շատերը կը պատկանին հայկական բարեսիրական հիմնադրամներու, նաեւ պատրիարքութեան, վերջին տարիներուն թրքական կառավարութեան կողմէ «ազգայնացուեցան»: Հետեւաբար, վերջիններուն իրաւական կարգավիճակը տարբեր է:

ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷԶ` ԱՒԵԼԻ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՄՕՏԵՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հայոց Ցեղասպանութեան անարդարութեան առնչուած դրական եզրակացութեան ձեւաւորման եւ հատուցման հասնելու որոնման աշխատանք պայքար պէտք է տարուի ինչպէս Թուրքիոյ, միջազգային մակարդակի վրայ եւս: Այս ռազմավարութիւնը ունի երեք տարբեր միջոցներ` իրազեկութեան ձեւաւորում, քաղաքական ճնշում` եւ օրինական քայլեր: 1970¬ականներէն սկսեալ, արդէն աստիճանաբար կերտած ենք մեր պայքարի առաջին միջոցները: Ներկայիս մենք կը կառուցենք յարակից ռազմավարութեան երրորդ միջոց` օրինական գործունէութիւնը հիմք ունենալով:

– Իրազեկման ձեւաւորում. թիրախը եղած է սփիւռքահայութիւնը եւ, նուազ տարողութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Պիտի շարունակենք աշխատիլ զօրաշարժի ենթարկելու լրատուամիջոցները, քաղաքացիական շրջանակը եւ ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւնները:

– Քաղաքական ճնշում. կառավարութիւններուն քաղաքական կամքն ու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները` Թուրքիոյ մէջ եւ անոր շուրջ, առանցքային են մեր յաջողութեան համար: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան թիւ 306 բանաձեւն ու Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերող օրինագիծը` 2011¬ին ընդունուած, օրինակներ են քաղաքական ճնշումի (մեծամասնութեամբ լոպիինկ), զոր հայերը պիտի օգտագործեն եւ մասնակի յաջողութիւններ արձանագրեն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու գծով: Թուրքիոյ ներգրաւումը արագօրէն զարգացող սուրիական ճգնաժամին մէջ Թուրքիոյ կարողականութիւնը անշարժութեան մատնող տուեալ է, որուն հայերս պէտք է պատրաստ ըլլանք եւ շահագործենք զայն:

– Դատական պահանջներ. այս է նոր ռազմավարութեան անկիւնաքարը: Ճամբու քարտէսը անարդարութեան լուծում պիտի գտնէ օրինական ուղիներով` հիմնուած երկու ճիւղաւորուած մօտեցումներու վրայ` Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում եւ օգտագործում Թուրքիոյ ներքաղաքական խոցելիութեան:

Միջազգային ճնշում Թուրքիոյ վրայ

Քաղաքական իրազեկուածութեան եւ քաղաքական ճնշումի արդիւնքը պիտի ձեւաւորուի դատական պահանջքի ձեւով` դատ բանալով Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ: Այս դատի ձեւաւորման համար հետեւեալ յստակացումները կը կատարուին.

– Անարդարութեան յստակ բնութագրում. անարդարութիւնը օրինական հիմք ունի՞. պատմական եւ բարոյական վաւերականութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է:

– Պարզաբանել դատական միջազգային ատեանը` ընդդէմ Թուրքիո՞յ.Արդարութեան միջազգայի՞ն ատեանը, (Մ.Ա.Կ.),թէ՞ միջազգային ոճրային ատեանը: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը, թէ Մ.Ա.Կ.¬ի Ընդհանուր ժողովը (խորհրդատուական կարծիքի համար). թրքական ատեանները, թէ՞ Թուրքիոյ ներքին օրէնսդրութիւնը: Նշենք, որ անձնական դատեր կրնան բացուիլ մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մէջ, քանի որ պետութիւններու միջեւ հողի պահանջը ի վերջոյ տեղադրուած է պետութիւններու միջեւ` Արդարութեան միջազգային դատարանին կողմէ:

– Ո՞վ է հայցատէրը. սփիւռքահայ կազմակերպութի՞ւն մը, պոլսահայ պատրիարքութի՞ւնը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութի՞ւնը, Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը: Պէտք է նաեւ նշել, որ տարբեր հայցատէրեր միասնաբար կրնան ներկայացնել տարբեր բողոքներ:

– Կառավարութիւններու քաղաքական կամքի բաւարար ներգրաւուածութիւն կա՞յ (գերտէրութիւնները ներառեալ), կա՞յ քաղաքական ընկերութեան զօրաշարժ:

– Դատը միջամտութեան¬միջնորդութեան կարիք ունի՞, եթէ այո, ապա որո՞ւ կողմէ:

Նկատի ունենալով քաղաքական ներկայ իրավիճակը եւ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւնները, կարելի է ըսել, որ այս մէկը դիւրին խնդիր չէ:

Դատի լուծման առաջնորդող ճամբու քարտէսի ուրուագծման ընթացքին կարեւոր է, որ հայկական կողմը համակարգէ իր գործունէութիւնը` շահագրգռուած տարբեր կողմերու հետ. խումբերու, որոնք կրնան կատարուած անարդարութեան դէմ իրաւական դատ բանալ եւ իրենց ինչքերու վերադարձը պահանջել: Կալուածներու պահանջ ներկայացնելու պատմական իրաւունք ունին հետեւեալ կառոյցները.

– Պոլսահայ պատրիարքութիւն

– Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն

– Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

– Սփիւռքը ներկայացնող մարմին մը, որ հաւաքական կալուածներու պահանջ կը ներկայացնէ` անձնական սեփականութիւններու կորուստին համար:

– Եւ անշուշտ Հայաստանի կառավարութիւնը:

Պէտք է շեշտել, որ երբ հարցը կը վերաբերի միջազգային օրէնքին, Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայապատկան կալուածներու պահանջին ռազմավարութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ ներկայի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն միջեւ գտնուող ընդարձակ հողերէն ու սահմաններէն:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն, որ կան երկու տեսակի դատեր եւ երկու տիպի դատական մօտեցումներ: Ահաւասիկ օրինակներ ներկայ դատական հայցերէն` ներկայացուած հայցատէրերու կողմէ, որոնք հայ ազգի պահանջները կը ներկայացնեն` Թուրքիոյ Հանրապետութենէն ունեցած:

¬ Անհատական դատական հայցի օրինակ. Ցեղասպանութեան վերաբերող ապահովագրական բողոք The CA 9th Circuit case Movsesian v. Versicherung AG. Բազմաթիւ հայ անհատներ եւս ունին պատճէնները իրենց հին կալուածներու փաստաթուղթերուն, եւ ոմանք կը պատրաստուին անհատական պահանջ ներկայացնել Թուրքիոյ կառավարութեան:

¬ Հաւաքական հատուցման դատերէն օրինակներ. Պոլսոյ պատրիարքութեան դատը` Ցեղասպանութենէն ետք բռնագրաւուած ինչքերու վերաբերմամբ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատը` 1915¬ին գրաւուած հայկական կալուածներու պահանջով, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական հայցը:

Պէտք է ընդգծել հետեւեալները. անհատական դատերու ճամբով հատուցումը չի գոհացներ մեր ազգային պահանջները` Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան վերաբերող: Միայն խմբային հատուցման դատերը պէտք է նկատի առնուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ներգրաւել հատուցման ամբողջական ուղղուածութիւնը: Վերոյիշեալ դատական հայցելէն ոչ մէկը կցուած է Ցեղասպանութեան լուծման համապարփակ բնագիրով:

Հայկական կողմը լաւապէս կ՛անդրադառնայ, որ համընդհանուր պատկերին մէջ Թուրքիա կրնայ փոքր զիջումներ կատարել կարգ մը անհատներու` ի վնաս հայկական համազուրկ իրաւունքին:

ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ, ԲԱՅՑ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ. ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Անհրաժեշտ է նաեւ շահագործել ներքին խոցելիութիւնը, որոնցմէ Թուրքիա կը տառապի այսօր. նման ռազմավարութիւններ եւս պէտք է վերլուծման ենթարկուին:

– Եւրոպական Միութիւն եւ Թուրքիա.¬ Եւրոպական Միութեան կարգ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք քաղաքական իմաստով զգայուն են Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, Թուրքիոյ պարտադրած են պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ նախապայման Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու. ասոնք նաեւ հիմնականին մէջ իրենց ազգային շահերը կը հետապնդեն:

– Հրանդ Տինքի ռազմավարութիւն.¬ Անոր ռազմավարութեան էութիւնը կը կայանար այն երեւոյթին մէջ, որ պէտք է փոփոխութեան ենթարկել Թուրքիոյ հասարակութիւնը. անոր ռազմավարութեան առանցքը կը կազմէր թուրք քաղաքացին: Տինք միջոցն էր թուրքերը մղելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու, բայց եւ այնպէս, ան նաեւ հայկական սփիւռքին կողմէ կարգ մը քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կը պնդէր Ցեղասպանութեան առնչութեամբ բողոքելու առանց ներգրաւելու թուրք ժամանակակից ժողովուրդը: Այս գծով փոփոխութիւն ընելու գործընթաց մը ծայր առած է Թուրքիոյ մէջ եւ այդ մէկը շահագործելն ու դրամագլուխի վերածելը պէտք է ըլլան մեր ռազմավարութեան կիզակէտը:

– Թուրքիոյ ներքին օրէնսդրութեան ռազմավարութիւն.¬ Նուազագոյնը 100 հազար իսլամացած հայեր կ՛ապրին Համշէնի մէջ, կան նաեւ մօտաւորապէս միլիոն մը հայեր, որոնք իրենց կեանքը փրկելու համար իսլամացած են, Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին նաեւ շուրջ 20 միլիոն քիւրտեր, որոնք հիասթափած են եւ կը հանդիսանան քաղաքական վտանգ մը Թուրքիոյ կառավարութեան համար: Շահագործելով ներքին խոցելիութիւնները, որոնցմէ Թուրքիա կը շարունակէ տառապիլ, պէտք է արժանի կերպով մեր ամբողջական քննարկման եւ ուշադրութեան կիզակէտ դարձնենք: Պէտք է նպատակ ունենանք Թուրքիոյ մէջ ստեղծելու դրական այնպիսի զգացողութիւն մը, որ թուրք խորհրդարանը հրաւիրէ հայանպաստ թրքական օրէնքներ որդեգրելու: Բաւական բարդ ու դժուար է, սակայն ժամանակի ընթացքին կարելի է. հաւանաբար պէտք է աւելի լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ մէջ ապրող համշէնահայութեան եւ իսլամացած հայերուն հետ, ինչպէս նաեւ քիւրտերուն եւ ալեւիներուն: Թուրքիոյ ներգրաւումը Սուրիոյ հարցերուն, հաւանաբար կրնայ այդ դուռը բանալ:

ԱՄՓՈՓՈՒՄ. ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ ԴԱՏԱՎԱՐԵԼԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան ամէնէն յարմար ճամբու քարտէսը` յառաջիկայ տասը տարիներուն համար, բազմաճիւղաւորուած մօտեցումն է` կարեւորութեան կարգով առաջնահերթութիւն ճշդելով:

Ա. Համաձայնութիւն կայ հայ ազգի երկարաժամկէտ կենսունակութեան ու լինելիութեան նկատմամբ համահայկական տեսանկիւնէ մօտենալու, որովհետեւ կայ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն անցեալի անարդարութիւնները լուծելու, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ պահանջներուն անսալու եւ սփիւռքի ու հայրենիքի ապագայ լինելիութիւնը երաշխաւորելու առումով: Ժամանակակից վերաձեւաւորուած կառավարութեան մը ստեղծումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` նուազ աւատապետական ձգտումներով եւ ընկերային¬տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը, ինչ որ պիտի ըլլայ ի շահ հայ հասարակութեան, ինքնաբերաբար եւ բնական կերպով դրական արդիւնք պիտի ապահովէ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ռազմավարական մօտեցումին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւն մը` Մատրիտեան սկզբունքներէն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն անդին, պիտի ստեղծէ նոր հիմքեր` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակին եւ ապահովութեան մնայուն լուծման առնչութեամբ:

Բ. Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, 100¬ամեակը մէկ անգամ տրուած առիթ է, որ չի կրնար եւ պիտի չըլլայ կրկնութիւնը նախապէս անհամար անգամներ կորսուածին, այսինքն` սահմանափակուիլ հանրահաւաքներով եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ համերաշխութեան յայտարարութիւններով: Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ անարդարութիւնը բազմերես է, ուստի, անոր լուծումը եւս բազմաթիւ ուղղուածութիւններ ունի եւ բարդ է: Կարիք կայ բազմաբեւեռ եւ մանրակրկիտ մօտեցման:

1. Նախորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին գոյութիւն ունէր որոշ ցրուած վիճակ մը մեր քաղաքական ճառախօսութեան մէջ, ներկայիս հատուցում կ՛առաջարկուի համագործակցաբար ընթանալու` կիզակէտ ունենալով ցեղասպանութեան ճանաչումը: Բայց եւ այնպէս մենք կը վիճինք այն մասին, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը չի դիտուիր այլեւս իբրեւ մեր նպատակներու վերջնակէտ, այլ հատուցման իմաստով տարուող աշխատանքները խորքին մէջ պէտք է առաջնորդեն ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ որ այս պատմական անարդարութիւնը պէտք է կարեւոր տեղ ունենայ ժամանակակից ուղղուածութեան մէջ` Հայաստան¬Թուրքիա հանրապետութիւններուն միջեւ յարաբերութեան իմաստով: Հակառակ սահմաններու առումով հարցին բարդ ըլլալուն, հայ¬թրքական յարաբերութիւնները (պետական մակարդակով) կրնան ազդուիլ, եթէ Թուրքիա այլեւս չզղջացող յարձակողապաշտ չէ, այլ խորքին մէջ ցեղասպանութեան ճամբով պատասխանատու:

2. Ցեղասպանութիւնը ունի երկու հիմնական հարցեր, անարդարութեան երկու տարբեր մակարդակներ, մասնաւորաբար պայքարը Ցեղասպանութեան անարդարութեան եւ հայկական հողերու կորուստին: Հակառակ անոր որ ասոնք իրար կ՛ամբողջացնեն, բայց իւրաքանչիւր հարցի մօտենալու եւ զայն ներկայացնելու տեսանկիւններն ու ռազմավարութիւնը տարբեր է:

3. Առաջին հիմնական հարցերէն մէկը կը մնայ այն, որ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ խափանել ճշմարտութիւնը: Ասիկա բաղկացած է հայ ազգին կողմէ մղուած պայքարէն` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայկական հաստատութիւններու կալուածներուն հատուցման, ինչպէս նաեւ 1915-1923 թուականներուն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու ժառանգորդներուն ու անոնց ինչքերուն: Այս ծիրին մէջ ռազմավարութեան հիմք պէտք է ծառայէ դատական բնագաւառը:

4. Երկրորդ հարցը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Կարսի պայմանագրին իբրեւ հետեւանք հայկական կորսուած հողերուն առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւական լուծման, այսինքն` հայ¬թրքական սահմաններուն: Ասիկա աւելի բարդ գործընթաց է եւ ասոր յատուկ դատական¬իրաւական հիմքեր պատրաստելը աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի: Այս իմաստով յաջողութեան գրաւականը քաղաքական իմաստով հզօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Ասիկա կը վերահաստատէ եւ իրաւական կշիռ կու տայ մեր այն տեսակէտին, որ երեք նպատակները` հայ ազգի կենսունակութեան առնչուած, այսինքն` առողջ¬հզօր պետութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւն, լուծում` անլոյծ մնացած անարդարութիւնները եւ հայկական սփիւռքի լինելիութեան ամրապնդումը կը հանդիսանան այն երեւոյթները, որոնք ինքնաբերաբար առնչուած են միեւնոյն շղթային:

5. Ցեղասպանութեան լուծման դատական օրակարգ¬ուղեցոյցը արդէն ընթացք առած է: Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (3) սկսած են այս գործընթացին:

6. Այլընտրանքային եւ լրացուցիչ ռազմավարական մօտեցումները, որոնք կը փորձեն օգտագործել Թուրքիոյ ներքին խոցելի կէտերն ու կացութիւնները, արդէն իսկ կը գնահատուին իբրեւ մաս մեր քաղաքական ճառախօսութեան, եւ անոնք կը հետապնդուին յաւելեալ ջանքով եւ համոզումով:

7. Բայց մենք անդրադարցանք, որ պաշարներու եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու մարդուժին զուգահեռ, մենք պէտք է ներգրաւենք հայ եւ օտար մասնագէտներ, որոնք այս մարզին մէջ կրնան օժանդակել տարբեր ձեւերով եւ ստեղծել անհրաժեշտ պայմանները հասնելու մեր նպատակներուն:

ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

1970-ական թուականներէն ի վեր բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է հայ ազգին կողմէ, սակայն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ անոր յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան ազդեցութիւնը շատ մեծ մարտահրաւէր են մեզի համար: Պէտք է ըլլանք աւելի կեդրոնացած եւ ստեղծագործ, որպէսզի կարենանք անարդարութեան իմաստով լուծումներ գտնել:

Որպէսզի ունենանք ուժական եւ յաջող ուղեցոյց¬օրակարգ մը, պէտք է երկու նախապայմաններ զիրար լրացնեն.

1. Հայաստանի կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը` մեր ազգային նպատակներու հետապնդման ուղեցոյցին: Աւելի դատավարելի ճամբու քարտէս մը ստեղծելու առումով մեր ջանքերը շատ կարեւոր է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարութեան կողմէ սեփականատիրոջ դերի ստանձնումը` շրջանցելով խորհրդանշական չափանիշները: Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութեան ազգային նպատակներու առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ յստակ կեցուածք մը եւ նոր ռազմավարութիւն ակնկալելի են: Անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ աւելի մօտիկ համագործակցութիւն եւ ռազմավարութեան համադրում: Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեակի մարմին մը նման պահանջ մը չի բաւարարեր:

2. Հայ ազգի եւ հայկական սփիւռքի նպատակներն ու պահանջները ներկայացնող օրինական մարմնի մը շուրջ յստակացում: Գաղափարը նոր չէ, բայց քաղաքական եւ ռազմավարական իմաստով կարեւոր է: Հատուցումներ ձեռք բերելու համար հայ ազգը կա՛մ պիտի համագործակցի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ կամ դատ պիտի բանայ միջազգային կամ թրքական դատարանի մէջ: Հայկական կողմը պէտք է ունենայ յստակ եւ մաքուր բանակցական կարգավիճակ, ռազմավարութիւն եւ օրինական ներկայացուցչական մարմին: Ճամբու քարտէսի օրինական հանգրուանին սկսելու համար պէտք է կազմաւորենք համահայկական կառոյց մը, որ սփիւռքը կը ներկայացնէ եւ համայն հայութեան ձայնը կը հնչեցնէ: Մենք նաեւ պէտք է մարդկային եւ նիւթական կորուստներու պաշարներ եւ ուժեր պատրաստենք, որպէսզի ճամբու քարտէսի ճամբուն վրայ նպատակներու հետապնդման լծուին: Սկսելու համար անհրաժեշտ է բարեփոխուած եւ բաց մտածելակերպ մը` քաղաքական, կրօնական եւ այլ ազգային հաստատութիւններու կողմէ դրսեւորուած. ասիկա մեր ղեկավարութեան կողմէ գործադրելի առաքելութիւն է, որպէսզի կարելի ըլլայ նման կառոյց մը կեանքի կոչել: Այս սփիւռքեան կառոյցը յառաջիկային պէտք է վերածուի օրինական այլ մարմինի մը, որ համայն հայութիւնը կը ներկայացնէ (սփիւռքն ու Հայաստանը):

Վերոյիշեալ երկու նախապայմանները մեծապէս պիտի օժանդակեն իրականացնելու աւելի օրինական ուղղուածութիւն ունեցող դատավարելի ճամբու քարտէս մը: Պէտք է շեշտը դնել հետեւեալ կէտերուն վրայ.

1. Հայոց Ցեղասպանութեան դատական ամբողջական թղթածրար մը. եթէ միտում կայ զայն ներկայացնելու միջազգային դատական ատեաններուն, ապա ատիկա կը պահանջէ մասնագիտական պատրաստուածութիւն: Կարեւոր է, որ մենք մեր նախապատրաստական պարտականութիւնը կատարենք, նախքան մեր դատը պաշտօնապէս ներկայացնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգայնօրէն գնահատել Ցեղասպանութեան պահանջին իրաւական վաւերականութիւնը: Ասոր զուգահեռ, պէտք է ներկայացուի անջատ վերլուծական մը` թրքական¬հայկական սահմաններուն օրինականութեան մասին: Այս իրաւաբանական խորհրդատուական կարծիքները պէտք է ներկայացուին հայ ազգի ներկայացուցիչներուն` միջազգային օրէնքի խումբ մը յարգուած իրաւագէտներու կողմէ, որոնց պարագլուխը պէտք է ըլլան բարեհամբաւ գիտակ փաստաբաններ, որոնք յանձնարարուած պէտք է ըլլան հայ ազգին կողմէ` յատկապէս այս գործին համար: Խումբին իրաւագէտներուն մեծամասնութիւնը պէտք է օտարներ ըլլան, անոնց մէջ պէտք է ըլլան հայեր, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ:

2. Յաջորդ առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութիւնը այն միջազգային ատեանին, որ մեր դատին ծառայելու իմաստով աւելի ձեռնտու ու շահաւէտ պիտի ըլլայ: Վերոյիշեալ խումբի իրաւագէտներուն եւ փաստաբաններուն հետ խորհրդակցութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել արդարութեան միջազգային ամէնէն յարմար դատարանը եւ սկսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրաւական կարծիք պահանջող գործընթացի մը:

3. Հատուցման յաւելումը` իբրեւ ցեղասպանութեան անարդարութեան մէկ մաս, չի փոխեր խաղը: Մանրամասն ժամանակագրական տուեալներու ու ցանկերու պատրաստութիւնը` հայկական ինչքերու եւ անշարժ գոյքերու վերաբերող, շատ կարեւոր է: Ցեղասպանութեան զոհերու (կամ անոնց ժառանգորդներու) ինչքերու պատշաճ փոխհատուցման համար անհրաժեշտ են վաւերական փաստաթուղթերը եւ ապահովագրութեան իմաստով նկատի առնուած վերլուծումները: Գիտնականները սկսած են այս աշխատանքին, եւ ըստ էութեան, փրոֆեսէօր Գէորգեան նախաձեռնած է մանրամասն եւ մանրակրկիտ հաշուարկ կատարելու: Բայց եւ այնպէս պէտք է խորհուրդ առնուի մարդկային միջազգային իրաւունքներու եւ մարդասիրական օրէնքի մասնագէտներէ, զանոնք աշխատանքի կոչելով այս նպատակով:

Նիւթական հատուցման առնչութեամբ օրինական մասնագիտական, հաշուապահական ներդրումը, գիտահետազօտութիւնը չափազանց կարեւոր է: Ասիկա պէտք է պատրաստուի եւ պատշաճօրէն ֆինանսաւորուի:

4. Նիւթական յատկացնելու առաջնահերթութիւն. որպէսզի կարելի ըլլայ փափաքելի արդիւնքին հասնիլ` իբրեւ հայ ազգ ու ժողովուրդ, մեր նիւթական առաջնահերթութիւններն ու ջանքերը պէտք է ուղղենք դատական բնագաւառին: Այս նախաձեռնութիւնը պէտք է ըլլայ համահայկական տարողութեամբ եւ շուտով ընթացք առնէ:

5. Միջազգային իրաւունքի եւ հանրային քաղաքականութեան բնագաւառին վերաբերող հայ մարդուժի պատրաստութիւն: Կարիք ունինք նուիրեալ հայերու, որոնք տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ են. ասոնք պէտք է զբաղին հանրային քաղաքականութեամբ եւ նման այլ բնագաւառներով, որպէսզի դառնան միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ:

6. Շարունակուող քաղաքական ճնշում. օրինական կարծիքները առանձինն, նոյնիսկ միջազգային դատարաններու, բաւարար չեն Թուրքիան անոնց համակերպելու մղելու: Անհրաժեշտ է դրական վճիռ մը, բայց անբաւարար կրնայ ըլլալ իրականացնելու մեր նպատակը, ուստի պէտք է ընդունուին դատական օրէնքներ եւ վաւերացուին` օրէնսդրական ուժականութեամբ: Այս պատճառով է, որ Թուրքիոյ վրայ քաղաքական ճնշում պէտք է բանեցուի ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլ նաեւ ջանք ի գործ պէտք է դրուի ստեղծելու հայանպաստ ազգային հետաքրքրութիւն այն բանալի երկիրներուն մէջ, որոնք մեզի հետ ձեռք¬ձեռքի աշխատանք պիտի տանին մեր դատական ուղեցոյց¬օրակարգի գործադրութեան ճամբուն վրայ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել