Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Ծերակոյտի Անդամակցութեան Թեկնածու Թարխանեանին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Տենի Թարխանեանին, որ Նեւատայի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներէն մէկն է:

Թարխանեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներուն հետ

«Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած նախնիներու զաւակ՝ Տենի Թարխանեան նուիրուած է արդարութեան հասնելու ջանքերուն։ Զինք Ծերակոյտին մէջ ունենալով՝ մեր համայնքը բնականաբար աւելի ազդու պիտի դառնայ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը պատիւ կը համարեմ եւ ընտրապայքարիս ընթացքին մօտէն պիտի գործակցիմ անոր հետ, որպէսզի իրականացնեմ Ծերակոյտի առաջին հայազգի անդամը դառնալու նպատակը», ըսած է Թարխանեան։

Տենի Թարխանեան յաջողակ գործարար մըն է եւ զաւակն է համալսարանական պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճերի Թարխանեանի։ Ան ջատագով մըն է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն։ Անոր ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել dannytarkanian.com կայքը։

asbarez.com

Տպել Տպել