«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Խելացնորութեան բարդոյթ

Խելացնորութեան բարդոյթը հոգեբանական հիւանդութիւն մըն է, որուն բուժումը անկարելի է: Ան կրնայ միտքէ միտք անցնիլ, սակայն առանց որեւէ տրամաբանութեան:

Խելացնորութեան ամենէն աւելի վտանգաւոր ախտանիշը այն է, թէ խնդրոյ առարկայ բարդոյթէն տառապող անձը չի գիտեր թէ ո՞վ է իր թշնամին, կամ կ՛ուզէ ամէն գնով թշնամիներ ստեղծել իր երեւակայական ներաշխարհին մէջ:

Այսպիսի բարդոյթներով լեցուն է Ատրպէյճանի ներկայ եւ ըստ երեւոյթին յառաջիկայ երկար տարիներու ղեկավարը:

Հետեւողական դիրքորոշումներ, արձակուած վճիռներ եւ հաստատումներ կը փաստեն, որ Իլհամ Ալիեւ եւ իր շրջապատը խելացնորութեան բարդոյթէն կը տառապին: Վերջին օրերուն իրադարձութիւնները լաւապէս կը բացատրեն այս խոր հոգեբանական իճակը:

Պաքուի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ նշանակելու կանաչ լոյսը միայն ու միայն կը տրուի հայկական արմատներ յայտնաբերելու գործողութենէն ետք: Որեւէ կասկած կամ բիծ կը բաւէ, որպէսզի խնդրոյ առարկայ թեկնածուն մերժուի:

Ըստ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կանոններուն, դեսպանի նշանակումէն առաջ, ընդունող կողմը — այս պարագային Ատրպէյճանը — իր համաձայնութիւնը կու տայ հաւատարմագիրներու յանձնման համար:

Այսպէս, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի համաձայնութիւնը չստացաւ՝ Կէորկի Զույեւը նոր դեսպան նշանակելու համար:

Զույեւ հայկական որեւէ արմատ չունէր, սակայն անբաղձալի տարր՝ փերսոնա նոն կրաթա նկատուած էր, պարզապէս բազմիցս հայամէտ արտայայտութիւններ կատարած ու դիրքորոշումներ որդեգրած ըլլալուն համար:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Ատրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը ձերբակալութիւններու շարքի մը ձեռնարկած են: Ըստ այս աղբիւրներուն, աւելի քան չորս հարիւր հոգիէ բաղկացած ու ի նպաստ Հայաստանի աշխատող լրտեսական ցանց մը երեւան եկած է։ Անոնց կարգին են բարձրաստիճան բանակայիններ, առեւտրականներ եւ նոյնիսկ սահմանային գիծերու վրայ բնակող հովիւներ: Այս ամբաստանեալներուն ապագան յստակ չէ, իսկ եւրոպական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ արդէն սկսած են բողոքի նամակներ յղել եւ հաշիւ պահանջել այս նիւթին առնչութեամբ։

Ժամացոյցի սլաքը քիչ մը աւելի ետ տանելով, նշենք, թէ 47 անդամ ունեցող Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու յանձնախումբը որոշած է Ատրպէյճանի նկատմամբ սկսիլ համաձայնագիրի խախտման իրաւական գործընթաց, այն փաստարկումով, թէ Պաքուի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կը մերժէ կատարել Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի 2014-ի վճիռը՝ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մահմետովը իսկոյն ազատ արձակելու մասին:

Աւելի՛ն. Պաքու կը շարունակէ հալածանքը թուրք յայտնի մտաւորականներ Էրոլ Քաթըրըօղլուի, Ալի Պայրամօղլուի, Ուֆուք Ուրասի եւ Սայիտ Չեթինօղլուի դէմ` Արցախ կատարած այցելութեան պատճառով: Անոնք միացեալ նամակ մը գրած են Ալիեւին, ընդգծելով, թէ իրենց այցելութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստան-Ատրպէյճան տարակարծութիւններուն եւ Արցախի իրաւական կարգավիճակին հետ:

Շատ աւելի վտանգաւոր եւ ահազանգային է Ալիեւի խելացնորութեան բարդոյթը, մանաւանդ երբ կ՚իմանանք, թէ ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի զինուորական կոչումը բարձրացած է, եւ մարդասպանին շնորհուած է գնդապետ-հարիւրապետի կոչում: Յիշեցնենք, թէ ան Փետրուար 2004-ին սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահարած էր Պուտափեշտի մէջ եւ, դատապարտուելէ ու բանտարկուելէ ետք, նոյնինքն Ալիեւի կիրարկած խաւիարային քաղաքականութեամբ Պաքու վերադարձած էր:

Ի վերջոյ, խելացնորութիւնը անտրամաբանական կացութիւն մը՝ բարդոյթ մըն է, որ կրնայ իր բովանդակութիւնը փոխել, սակայն ըստ ձեւի մնալով նոյնը։ Արդեօք դեռ որքա՜ն պիտի տառապի ատրպէյճանցին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել