Հայ Ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին յանդուգն յառաջամարտիկը

19 տարի առաջ, Դեկտեմբերի այս օրերուն, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը:

Եւ ոչ միայն դաշնակցականները:

Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները՝ ոչ միայն Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ:
17 Յուլիս 1994ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ, 24 Դեկտեմբերին դագաղը Հայաստան տարուեցաւ եւ յաջորդ օրը իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՀՍԿԱՅ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու Ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, Հորիզոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց Հաւաքական Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ Պահանջատէր Հայութեան անձնազոհ արիներուն:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը Ազգային արժանաւոր Ղեկավարի դափնեպսակով նուիրագործեց տարաբախտ մեր ընկերոջ անմոռանալի յիշատակը:

Հրայր Մարուխեան ծնած է Դեկտեմբեր 19ին( 1928 թուին( Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած է Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: Հ.Յ.Դ. շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ( եղած է Թեհրանի ՙԱրարատ՚ Մարզական Միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած է միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշուեցաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով էր, որ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, առաջին անգամ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ:

1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը: 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Այդ նստաշրջանին, ատենի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք, զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը: Իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ – մինչեւ իր եղերական մահաքունը- շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան( նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով (1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական Գրասենեակը): Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը զուգադիպեցաւ հայ կեանքի վճռորոշ այն փուլին, երբ Հայ Դատի ուժական պայքարը շղթայազերծման իր մակընթացութիւնը կÿապրէր, հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին շուրջ քաշուած լռութեան ամօթալի պատը ցնցելու եւ փուլ բերելու մարտունակութեամբ:

Ա°յդ հունով թափ առին Հայ Դատի ի նպաստ Հ.Յ.Դ. ցուցական քարոզչութեան, քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական-յեղափոխական հզօրացման աշախատանքները: Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայր:

1988ի Օգոստոսին գումարուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհ. Ժողովին, Արցախեան Շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, Հ.Յ.Դ. որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ, ի պաշտօնէ, ղեկավարեց հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման աշխատանքները: Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ( իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ( քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեան համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, Դաշնակցութիւնը որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ¬հայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:

Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղափարական անդուլ պայքարը:

Եկաւ 17 Յուլիս 1994ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի մէջ, ծովեզերքը լողացած պահուն, Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն մը եւ մտաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ°ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի կենդանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:

Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք ալ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Իր անկենդան կեանքին այդ չորս տարիներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական զարգացումները եկան փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի յառաջապահութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ քաղաքական բեմէն հեռացուեցաւ – իր իսկ հրաժարումով – Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, իսկ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան օրինական լիիրաւ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Բայց տարաբախտ ընկեր Հրայրը ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ իր առաջնորդած ազգային-քաղաքական ուղիին:

21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ համադրուած չէ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ ընկեր Հրայր Մարուխեան:
Կազմակերպական եռուն կեանքի եւ քաղաքական բուռն գործի հրամայականները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու ներկայացուցիչին, որպէսզի կարենար հրապարակագրական յօդուածներէ, հարցազրոյցներէ եւ հրապարակային ելոյթներէ անդին անցնիլ ու անձամբ, սպառիչ աշխատասիրութեանց տեսքով, հանրութեան պարզել գաղափարական իր աշխարհին ու քաղաքական մտածողութեան ամբողջ ծաւալն ու խորութիւնը:

Այսուհանդերձ՝ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած ընկեր Հրայրի գաղափարագրական ժառանգութիւնը այնքան հարուստ է, որ նոյնիսկ մեծադիր հատոր մը անբաւարար պիտի ըլլայ մէկտեղելու այդ բոլորը: Այս առումով, ընկեր Հրայր նաեւ ճակատագրակից եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու իր պաշտօնակից ընկերներուն՝ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որոնք ուղղակիօրէն գրչի մարդիկ ըլլալով հանդերձ՝ կազմակերպական իրենց պատասխանատուութեանց բերմամբ, իրենց հերթին, ժամանակը չունեցան հրապարակագրութենէն անդին անցնելու: Բացառութիւն կազմեց անոնց պաշտօնակիցներէն ու սերնդակիցներէն միայն ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը, որ կազմակերպական նոյնօրինակ իր պատասխանատուութեամբ հանդերձ՝ յատուկ ճիգ թափեց հատելու հրապարակագրութեան սահմանը եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններ կտակելու դաշնակցական գրականութեան:

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն՝ կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն վերաբերեալ այս յղումը, որովհետեւ տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն առաջացնելու շարժումին ղեկավարները եղան անոնք՝ միասնաբար՝ հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան կազմաւորման իր փուլը ամբողջացուցած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:

Կը բաւէ բաղդատական վերլուծումը կատարել 70ականներուն եւ 80ականներուն անոնց արծարծած խնդիրներուն ու պաշտպանած դիրքորոշումներուն, անդրադառնալու համար որ անոնք ձեռնարկած էին Հայաստանի ու հայութեան ազգային ազատագրութեան դատին ի խնդիր գաղափարական վերանորոգման շարժումի մը՝ քսաներորդ դարավերջի առանձնայատուկ արժեչափերով եւ աշխարհընկալումով: Դարձած էին դրօշակիրները հրապարակային բանավէճի մը, ուր սեփական մօտեցումերու եւ մտածողութեան հիմնաւորումով ու պաշտպանութեամբ՝ երբեմն նաեւ տարակարծութիւններու դրսեւորումով, գաղափարականօրէն թափ տուին Հայ Դատի պայքարին քաղաքական ու կազմակերպական վերանորոգումին:

Գաղափարական վերանորոգման այդ կենսունակ շարժումին մէջ իր վճռորոշ տեղն ու առաջնորդող դերը ունեցաւ Հրայր Մարուխեան, որուն մահուան 19րդ տարելիցը կþոգեկոչենք այսօր:
Կը յիշենք եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող յառաջամարտիկը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ կեանքին վրայ:

Ն.

Տպել Տպել