«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները եթէ կարելի են լաւագոյն ձեւն է, այլապէս «Ազդակ»-ի ընտանիքը հասանելի է հեռաձայնով, ելեկտրոնային նամակով եւ նոյնիսկ ֆէյսպուքեան էջերու ճամբով: Այս կապը, արձագանգումը (աւելի ճիշդ եզրն է այս պարագային` տրուած ըլլալով, որ գերակշռող թիւով ձայնակցելու եւ գնահատելու պատգամներ կը շարունակենք ստանալ) պէտք է մնայուն ըլլայ. կը վստահեցնենք, որ այն ինչ որ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ է եւ յետ համոզման կիրարկելի, անպայման նկատի կ՛առնուին, մինչ ոչ կառուցողականը կամ խծբծանքի տարր պարունակողը կը մնայ անարձագանգ:

Բոլոր քննադատութիւններուն հետ` համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք, այնուամենայնիւ հաշուի նստելու անհրաժեշտութիւնը կը զգանք:

1.- Սկսելու համար, մեր խմբագրականներու կամ առաջնորդող ակնարկներու հանրամատչելի չըլլալու տպաւորութիւնը կամ համոզումը տարբեր սերունդի մարդոցմէ լսուած է յաճախ: Այստեղ սուր կերպով կը քննադատուի նաեւ հայաստանեան ժամանակակից բառապաշարի օգտագործումը: Կամ աւելի պարզ, ոչ արեւմտահայերէն բառերու ներկայութիւնը: Հնչած է նաեւ այն միտքը, որ այս սիւնակները գերազանցապէս հայրենական եւ համահայկական խնդիրներ կ՛արծարծեն` անտեսելով լիբանանեանը:

2.- Լեզուական սայթաքումները, ոչ անպայման գրաշարական մեքենականութեան վերագրուող, համաճարակային ախտանիշի վերածուած են մեր էջերուն մէջ եւ որեւէ ճիգ չի նկատուիր իրավիճակի փոփոխութեան համար:

3.- «Ազդակ» տեղ չի տար քննադատութիւններուն. որոշ յօդուածներ լոյս չեն տեսներ. կը բացակայի մամուլի ճամբով բանավէճը: Անտեղի են կարգ մը յօդուածներու վերեւ գրուող խմբագրական միջամտութիւնները:

4.- Արագ լրահոսի բաժինը, ոչ աշխատանքային օրերուն, կը զգացնէ արձակուրդի մէջ գտնուած ըլլալու մթնոլորտը, շաբթուան միւս օրերուն նման արագ չարձագանգելով բեկումնային լրատուութիւններուն:

5.- Մեր էջերուն մէջ յաճախ գերակայ է արեւելահայերէնը. մինչ, երկարածաւալ յօդուածները ընթերցումի չեն հրաւիրեր կարդացողը: Կը պակսին կենդանի ռըփորթաժային նիւթերը: Յանձնուած յօդուածներու հրատարակումը կ՛ուշանայ:

6.- Մարզաշխարհի բոլոր բնագաւառները նկատի չեն առնուիր. մինչ կարեւորագոյն մարզական մրցումի արդիւնքը երբեմն չ՛երեւար «Ազդակ»-ի յաջորդ օրուան թիւին մէջ:

7.- Ինքնուրոյն յօդուածներու եւ ստեղծագործական նիւթերու բացը լրացնելու համապատասխան միջոցառումները տեսանելի չեն:

8.- Գունաւոր հրատարակութեան որակը չի գոհացներ ընթերցողը:

9.- Յաճախ, թերթի հրատարակութեան ուշացման պատճառով օրուան թերթը չի հասնիր ծայրամասերու բաժանորդներուն, Այնճարի եւ Դամասկոսի ընթերցողներուն, օդակայան, հետեւաբար նաեւ օդանաւերու մէջ չի ցրուուիր:

10.- Ծանուցողական պատուէրով հրատարակուող գունաւոր թիւերու բովանդակութիւնը կը խախտէ «Ազդակ»-ի ճշդած բաժիններուն ընդհանուր համաչափութիւնը:

Տասը կէտերու մէջ շատ ամփոփ ձեւով ներկայացուած այս հարցերէն զատ բնականաբար կան այլ խնդիրներ եւս: Ըսենք, նաեւ, որ հարցերը պարզապէս արագ նշումի ճամբով արձանագրուած են: Կը գիտակցինք միաժամանակ, որ խորքային քննարկումի կարօտ այս խնդիրները խմբագրաշարքի մը նեղ սահմաններուն մէջ չեն կատարուիր. կը պահանջեն յատուկ խորհրդաժողով կամ քննարկման համապատասխան միջավայրի ստեղծում:

Յամենայն դէպս այս բոլորը կ՛ընդունինք նաեւ որոշակի առումներով ինքնաքննադատութեան կարգով: Յաջորդիւ, կ՛անդրադառնանք արծարծուած հարցերուն ուղղութեամբ «Ազդակ»-ի տեսակէտներուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել