Հայ դատի արդարութեան մարտիկը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ընկեր Աբօ: Երկիւղածութիւն պարտադրող, խիզախութիւն ներշնչող պարզ ու խոնարհ հայը։ Ընկերական համեստութեամբ, դաշնակցականի լռակեցութեամբ եւ վարակող յանդգնութեամբ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ու Հայ Դատի արդարութեան մարտիկը։

Դաշնակցական հայդուկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը: Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:

Միայն ընկ. Աբոն կրնար Դաշնակցականի այս արժանիքները միատեղ մարմնաւորել՝ իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով:

Վստահաբար, հաւատարիմ իր լռակեացութեան, ան երբեք պիտի չարտայայտուէր իր դերակատարութեան ուղղութեամբ: Մանաւանդ, պիտի չուզեր որ մենք եւս արտայայտուինք այդ մասին: Սակայն, զինք մօտէն ճանչցողները, իր գործակիցները, իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած տղաքը, ու մանաւանդ Լիբանանի մեր ժողովուրդը կը գիտակցին, կը զգան, մեր պատմութեան այդ ճակատագրական հանգրուանին ընկ. Աբոյին կենսական մատուցումը՝ իբրեւ կազմակերպող ուժ, հարուածող բազուկ եւ ներշնչող ոգի:

Այսօր, իր ֆիզիկական անյայտացումէն երեսունհինգ տարիներ ետք, կը կենդանացնէք յիշատակը մեր անզուգական ընկերոջ: Սակայն յիշատակէն անդին, մենք կ՚ոգեկոչենք ընկ. Աբոյի մարտական ու քաղաքական վաստակը, որ մերն է ու մեզի պիտի պատկանի այնքան ատեն որ հետամուտ ենք հաւատարիմ մնալ ու հետամուտ ըլլալ այդ վաստակի շարունակման: Մեր կազմակերպական ու ազգային ներկայ մտահոգիչ հանգրուանին, ընկ. Աբոյի օրինակելի վաստակը կը պարտադրէ ինքզինք՝ իբրեւ լուսատու ճանապարհ մեր ամէնօրեայ թէ հեռակայ աշխատանքներուն:

Սեդօ Պոյաճեան

Ճիշդ ըմբռնելու համար մեր ընկերոջ վաստակը, հարկ է ետ երթալ՝ չորս տասնամեակներ:

Հայ Դատի հետապնդման ճակատին վրայ մեր քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխատանքները կը բախէին անելի: Թուղթի ճամբով կատարուած աղերսանքները վերածուած էին աննպատակ ծիսակատարութեան: Մեզ լսողը միայն մենք էինք: Մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւնները չէին հետաքրքրուած 20րդ դարու սկզբնաւորութեան գործադրուած եւ, ըստ իրենց, ա՛լ պատմութեան անցած անարդարութեամբ մը, որու հետեւանքով հայութեան մնացորդացին մէկ մասը կը շարունակէր հիւծիլ օտար ափերուն, իսկ միւս մասը Հայաստան աշխարհի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ ազգային ու հողային անբաւարարութեան մատնուած էր:

Լռութեան պատ մը բարձրացած էր մեր պահանջատիրութեան առջեւ: Պատ մը, որ արհամարհանքի հանգամանք տուած էր Հայ Դատի մեր «խելօք» աշխատանքներուն: Պէտք էր քանդել այդ պատը: Քանդելու համար պէտք էր դիմել մեր ազատագրական պայքարի քաղաքական ակունքներուն, պէտք էր վերադառնալ մեր յեղափոխական աւանդներուն: Րոպէն կը պահանջէր յանդգնութիւն եւ յաւելեալ յանդգնութիւն, որպէսզի ճեղքուի լռութեան պատը, որպէսզի հանգիստը խանգարուի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն՝ ի դիմաց մեր պահանջատիրութեան արդարութեան:

Այդ յանդգնութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ մեր երիտասարդութեան ու ժողովուրդին քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման հրամայականը: Իր գաղափարախօսական եւ մարտական աւանդներու փորձառութեամբ, մեր կուսակցութիւնը այդ հրամայականի սատարման ու տարածման գերակշիռ մղիչ ուժը կրնար ըլլալ ու եղա՛ւ: Այդ հրամայականին մարմին տուին մեր կառոյցներուն ընդմէջէն դաստիարակուած ու թրծուած տղաքը, որոնք իրենց կրակի փորձառութիւնը ստացած էին ընկ. Աբոյի ու անոր գործակիցներու շունչին տակ:

Կարելի չէ պատկերացնել այդ օրուան սերունդի քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականի նուաճումը՝ առանց ընկ. Աբոյի տիրական ներկայութեան: Ընկ. Աբոյին, որուն մէջ միշտ գերակշռող էր դաշնակցական մարտականի գաղափարականութիւնը, հաւատարմութիւնը, խիզախութիւնը, կարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը, խստապահանջութիւնը եւ անձնազոհութիւնը:

Ընկ. Աբոյի դարբնոցէն իրենց կրակէ մկրտութիւնը ստացած մարտիկներ սկսան հերթաբար մրճահարել լռութեան պատը։ Ցնցել զայն, ճեղքեր բանալ անոր մէջ։ Իրենց հատու հարուածներով անոնք կարողացան անցնիլ այդ պատէն անդին եւ այժմէականացնել Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը։

Հայ Դատին զուգահեռ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նոր հարկադրանքներ ստեղծած էր հայութեան ու յատկապէս մեր կուսակցութեան համար: Իրարու հակադրուող կողմերուն նկատմամբ հայութիւնը հաշտարարի ու դրական չէզոքութեան յստակ դիրքորոշում որդեգրած էր: Հակառակ այս դիրքորոշման, կողմերը յաճախ փորձաքարի կ՛ենթարկէին մեր անկողմնակալ կեցուածքը: Հայութիւնը պարտադրուած էր դիմելու ինքնապաշտպանական գործի՝ բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ:

Ինքնապաշտպանութեան գործին անվիճելի հրամանատարն էր ընկ. Աբոն: Իրեն վիճակուեցաւ կազմակերպել, մարզել, պարէնաւորել, զինել եւ ռազմավարական ուղղութիւն տալ հայկական դիրքերուն: Ինքնապաշտպանական աշխատանքը աստիճանաբար յանգեցաւ այնպիսի մակարդակի, ուր բացայայտ կը դառնար հայկական բանակի մը առաջացման սաղմնաւորումը:

Ինքնապաշտպանութեան մարտկոցը Պուրճ Համուտն էր։ Այդ մարտկոցին ռազմավարական միտքն ու արիութեան ոգին ընկ. Աբոն էր։ Ասիկա ընկեր Աբոյի Պուրճ Համուտն էր։ Պուրճ Համուտը, որ դարձաւ մեր նոր Կարսը։ Ան եղաւ մեր արդի մարտականացման հնոցը, մեր քաղաքականացման քուրան, եւ արդարութեան մարտիկին դարբնոցը։ Այս բոլորի մէջ ֆիզիկապէս տեսանելի չէր եւ չէր ուզեր ըլլալ մեր մեծ ընկերը, սակայն ողջ ժողովուրդը գիտէր ու կը զգար անոր կամքին ներկայութիւնը։

Ա՛յո, ասիկա ընկ. Աբոյի Պուրճ Համուտն էր։ Այստեղ, Դաշնակցութիւնը կը պաշտպանէր բովանդակ հայութեան շահերը՝ առանց դասակարգային կամ կուսակցական խտրութեան։ Նաեւ այստեղ, Դաշնակցութիւնը կը ծառայէր Հայաստանի եւ հայութեան դատին՝ իր բոլոր ուժերով եւ երբ հարկ է՝ իր արդարութեան մարտիկին կեանքով։

Այսպէս էր ընկ. Աբոյի Պուրճ Համուտը։ Բանակի համազօր կազմակերպ ուժեր, թաղերու պաշտպանութիւն՝ գռոհներու դէմ, հայկական հաստատութիւններու ապահովութիւն, ժողովուրդին պարէնաւորում, առողջապահութեան հոգատարութիւն… Գրեթէ կառավարութեան համազօր կառոյց եւ աշխատանք։

Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարի թէ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ, ընկ. Աբոն յար ու նման էր մեր յեղափոխական շրջանի մեծ ֆետայապետ Նիկոլ Դումանին։ Ընկ. Աբոն արդիականացուց Նիկոլ Դումանեան ապստամբութեան ռազմավարութիւնը Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին համար։ Ան այժմէականացուց Նիկոլ Դումանի ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան նախագիծը Լիբանահայութեան ինքնապաշտպանութեան համար։

Գաղտնիք չէ որ Դաշնակցութեան համար Դաշնակցական մարդը պէտք է կարողանայ միատեղել գաղափարն ու գործը, եւ այդ ճամբով իրագործել գաղափարականի ու մարտականի նոյնացումը: Քրիստափորեան եւ Ռոստոմեան ներշնչումի սկզբունք է այս։ Այս սկզբունքին ամբողջական գիտակցութեամբ, ընկ. Աբոյին համար գաղափարականին մարտականացումը եւ մարտականին գաղափարականացումը անփոխարինելի պատուանդանն էր ազգային գործին:

Ընկ. Աբոյի համար պահանջատիրական պայքարի թէ ինքնապաշտպանական դիրքերու վրայ գտնուող մեր տղոց մարզումը, այսինքն՝ մարտականացումը, թերի էր առանց անոնց միատեղ գաղափարականացման: Այս ուղղութեամբ ան յատուկ բծախնդրութիւն ցուցաբերեց անոնց գաղափարական դաստիարակութեան ու քաղաքական գիտակցութեան զարգացման: Իսկ գաղափարականի մարտական գործնականացման գծով, անոնց փոխանցեց երեք պարզ գիտելիքներ.-

Առաջին, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր օճախները, հարազատները եւ ազգային դատը: Երկրորդ, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը եւ մեր իրաւունքները: Երրորդ, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր պատիւն ու հայութեան արժանապատուութիւնը:

Ահա այսպէս է, որ պահանջատիրական պայքարի եւ ինքնապաշտպանական գործի հրամանատարը պատրաստեց «գաղափարի զինուոր»ը որ, երբ պահը եկաւ, գիտցաւ հարուածել ճշգրտութեամբ եւ հարուածել արդարութեամբ:

Շնորհիւ ընկ. Աբոյի «գաղափարի զինուր»ին, մենք վերանուաճեցինք անարդարութեան դէմ կրկին անգամ խիզախելու մարտունակութիւնը, վերահաստատեցինք մեր պահանջատիրութեան մէջ կրկին անգամ յանդուգն ըլլալու համարձակութիւնը, ամրապնդեցինք ազգային գործի մէջ գաղափարականով առաջնորդուելու եւ մարտունակութեամբ աշխատելու գիտակցութիւնը:

Այս բոլորը, ուրուագծեցին նոր ժամանակներու պահանջատէր հայու կերպարը եւ պահանջատիրութեան մշակոյթը, որոնք չսահմանափակուեցան միայն Լիբանանին ու սփիւռքեան միւս գաղութներուն: Անոնք հունաւորումը հանդիսացան 1987ի մեր 24րդ Ընդհանուր Ժողովի «Դէպի Երկիր» ուղիին: Անոնք ներշնչման աղբիւրը հանդիսացան Արցախեան ազատամարտի մեր քաջարի մարտիկներուն, ինչպէս եւ մեր բոլոր մարտիկներուն ու հայրենիքի պաշտպաններուն։

Ընկ. Աբոն օրինակելի ներկայացուցիչն էր պահանջատիրական նոր կերպարի եւ մշակոյթի առաքելութեան: Հոս կը կայանայ մեր անմահ ընկերոջ վաստակին էութիւնն ու արժէքը: Ա՛յս է ընկ. Աբոյի վաստակին հանրագումարը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեզի համար անոր կտակը:

Այսօր, երբ մերթ ընդ մերթ մեր շուրջ կը նայինք, կը զգանք տեղ-տեղ սպրդող կազմակերպական թուլացումներն ու գաղափարական խորթացումները, կը նշմարենք ոմանց մօտ մարտունակութեան տկարացումը: Յանուն մեր կազմակերպութեան, ի շահ մեր դատին եւ ի սպաս Հայաստանին, մեզի վիճակուած է վերանուաճել արդարութեան մարտիկ մեր ընկերոջ վաստակը, արժանի ըլլալ անոր կտակին:

Ճիշդ է, երեսունհինգ տարի առաջ, Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 1982ին, Թուրք պետութեան դաւադրութեամբ առեւանգուեցաւ եւ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ Աբօ Աշճեան: Պատահական չէր թրքական դաւադիր արարքը, որովհետեւ հարուածը ուղղուած էր հայկական պահանջատիրութեան սուրբ գործին մղում տուող գլխաւոր պատասխանատուի մը անէացման:

Ճիշդ է, ան դաւադրաբար առեւանգուեցաւ, բայց չկքեցաւ: Նենգաբար սպաննուեցաւ, բայց անմահացաւ: Գաղափարի զինուորը վկա՛յ, արդարութեան մարտիկը վկա՛յ, Պուրճ Համուտը վկա՛յ…։

Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը կը մնայ կանգուն։ Ընկ. Աբոյի շունչը միշտ ներկայ է հոն, որպէսզի մեր պահանջատիրութիւնը շարունակէ ծլարձակել արդարութեան նոր մարտիկներ։

Ընկ. Աբոյի Պուրճ Համուտը կը մնայ կանգուն։ Մեր ընկերոջ ներկայութիւնը տակաւին կը սաւառնի անոր վերեւ, որպէսզի շարունակէ իր ծոցէն ծնիլ նոր Աբոներ, Խաչիկներ, Անդոներ, Ղամպուրներ…, միշտ ի սպաս մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին։

Ի՚նք, ընկ. Աբոն, կը մնայ անմահ միշտ յիշեցնելու Հայաստանի թշնամիներուն՝ Կարսի Թաթուլ զօրավարին նման, «Եթէ հարուածը իմն է, կը մեռնիք:»

Դեկտեմբեր 28, 2017
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել