ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը նախագահ Աունի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքին ընդգրկած բարեկարգումները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել